Նուէր Սիլահլը

Նուէր Սիլահլը-Տատուրեան (1973), հայ բանաստեղծ:

Նուէր Սիլահլը
Ծնած է 1973
Կրօնք քրիստոնէութիւն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ

Կենսագրութիւն

Ծնած է Պոլիս, ուսանած է տեղւոյն «Տատեան» եւ «Սահակեան-Նունեան» վարժարաններուն մէջ, ապա վկայուած որպէս ճարտարապետ՝ Պոլսոյ «Եըլտըզ Թեքնիք» համալսարանէն։

Փոքր տարիքէն սիրած է նկարչութիւնը եւ իր ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներու մէջ․ 1988-էն սկսեալ երեք տարի աշակերտած է արուեստագէտ Քրիստին Սալէրիի։ Ներկայիս կը շարունակէ հետեւիլ Համալսարանի նկարչութեան դասընթացքներուն։

Ամուսնացած է Նորայր Տատուրեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակներով։ Անոնք այժմ կ'ապրին Փասատինա, ԱՄՆ։

Ստեծագործութիւններ

Գրել սկսած է նախակրթարանի տարիներէն։ Առաջին բանաստեղծութիւնը հրատարակուած է 1982-ին «Նոր Մարմարա» օրաթերթին եւ «Նոր Սան» պարբերաթերթին մէջ, որուն խմբագրական մարմնին մաս կը կազմէ։

1990-ին, Տ. Շնորհք Ս. Պատրիարք Գալուստեանի անուան, արձակ եւ չափածոյ գրութիւններու մրցոյթներուն՝ շահած է առաջնութեան երկու մրցանակներ։ Իսկ «Նոր Սան»ի կողմէ կազմակերպուած հարցրազրոյցի մրցանքին հանդիսացած է երկրորդ։

Ն. Սիլահլը պոլսահայ նոր սերունդի տաղանդաւոր բանաստեղծներէն մին է։ Ինքնատիպ ոճ, գաղափարի նորութիւններ եւ սրամտութիւն գլխաւոր յատկանիշերը կը կազմեն իր քերթողութեան։

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւրներ

Tags:

Նուէր Սիլահլը ԿենսագրութիւնՆուէր Սիլահլը ՍտեծագործութիւններՆուէր Սիլահլը ԾանօթագրութիւններՆուէր Սիլահլը ԱղբիւրներՆուէր Սիլահլը1973 թուական

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄարաշՍեբաստիաՄիաւորներու Միջազգային ՀամակարգԱրուեստՃոն ՔենետիՄկրտիչ Խրիմեան1601 թուականՊէյրութՊղինձՏրդատ Ա.Վարդան Մամիկոնեան1610 թուական1894 թուականՍերժ ԹովմասեանԱննա ՏոլապճեանԽամսայի ՄելիքութիւններըԳրականութիւնԱրեւմտեան Հայաստան1915 թուականԱռած եւ ԱսացուածքԱնգլիաՀայաստանԼոյսԱնտեան Լեռնաշղթայ17 ՄայիսՉեխիաԱրփիար Տէր ՄարգարեանՏիգրան ՉուհաճեանԱրաբերէն1938 թուականՈդիսեւսՅունաստան1630 թուականՅակոբ ՄնձուրիԱնատոլի Մոկացեան4 ՓետրուարՄտախտաւորութիւնNikeԱծանցաւոր բառերԹաւրիզԼոռի (մարզ)ՊոլիսՈւիքիմետիա ՀիմնադրամՇաւարշ Քահանայ ՊալըմեանՌուսիոյ դրօշԿիկերոն7 Մարտ1933 թուականԼեւոն ՇանթՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնՊան Քի Մուն1974 թուականՄովսէս Քհնյ. Տէր Յովհաննէսան1926 թուականԲարսեղ ԿանաչեանՎանԳառզուՈւիքիփետիաԱղեքսանտրիա1969 թուականՎահան Տէրեան1728 թուականՍամարաՓիրէային տղաքը (երգ)ԱնգլերէնԱրեւմտահայերէն Ուիքիփետիա1959 թուականԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՆորվեկիաԼիւքսամպուրկ🡆 More