Մոնաքօ

Մոնաքօ կամ Մոնաքոյի իշխանապետութիւն․ Լազուր ափի երկայնքին (Եւրոպայի հարաւ-արեւմտեան մաս) փոքր Իշխանապետութիւն, ինչպէս նաեւ՝ քաղաք-պետութիւն։ Իշխանապետութիւնը 1861-էն պարփակուած է Ֆրանսայի Հանրապետութեան տարածքին։

Մոնաքօ
Մոնաքոյի դրօշ Զինանշանը
Մոնաքօ
Մոնաքօ
Մոնաքօ
Կը ներառնէ Մոնաքոյի համայնք
Պետական լեզու Ֆրանսերէն[1]
Մայրաքաղաք Մոնաքօ քաղաքամէջ
Օրէնսդիր մարմին Մոնաքոյի Ազգային Խորհուրդ
Երկրի ղեկավար Ալպեր Բ․
Կառավարութեան ղեկավար Փիեռ Տարթու
Ազգաբնակչութիւն 38 350 մարդ (2020)[2]
Օրհներգ Մոնաքոյի օրհներգ
Կարգախօս Deo Juvante
Հիմնադրուած է 1297 թ.
Արժոյթ Եւրο €
Ժամային համակարգ ԿԵԺ, UTC+1 եւ Եւրոպա/Մոնաքօ[3]
Հեռաձայնային համակարգ +377
Համացանցի յղում .mc
mairie.mc(ֆր.)(իտալ.)(անգլերէն)
gouv.mc(ֆր.)(անգլերէն)
Մոնաքօ
Մոնաքոյի համայնապատկեր, նկարուած Ֆրանսայի La Turbie շրջանէն․ ձախէն աջ՝ Մոնթէ Քարլօ, նաւահանգիստը, Մոնաքօ քաղաքամէջը (Rocher)
Մոնաքօ
Մոնաքoն արեւելքէն նկարուած
Մոնաքօ
Մոնաքօ քաղաքամէջ

Տեղեկութիւններ

Անուանում

Մոնաքօ անունը առաջացած է Մոնիքոս (Μόνοικος) տեղանունէն․ այդպէս նշուած է յոյն պատմաբան եւ աշխարհագէտ էքաթէոս Միլիթեցիին Εκαταίος ο Μιλήσιος կողմէն (Ք․Ա․550-475)՝ «Մոնիքոս, Լիկերեան քաղաք (Μόνοικος, πόλις Λιγυστική)»։

Մոնաքօ 
Մոնաքօն նկարուած տիեզերքէն․ դեղին գիծը կը ցուցնէ Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ սահմանագիծը

Աշխարհագրութիւն

Մոնաքօ 
Մոնաքօն 1890-ին
Մոնաքօ 
Մոնաքօ․ 1890-1900
Մոնաքօ 
Մոնաքոյին նաւահանգիստը 1905-էն առաջ
Մոնաքօ 
Մոնաքոյին առաջին դրոշմաթուղթերէն․ կը պատկերացուի Շառլ Գ․

Դիրք

Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը կը գտնուի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան ծովեզերիայ մասին՝ Լազուր ափին (ֆրանսական Ռիվիերա Côte d'Azur) երկայնքին․ 4100 մեթր ( 350 – 1050 մեթր լայնութիւն) եւ ծովեզերեան Ալպեան լեռնաշղթայի հարաւային ծայրամասին։ Հիւսիսէն, արեւելքէն եւ արեւմուտքէն սահմանակից է Ֆրանսայի, իսկ անոր ափերը կը ջրեն Միջերկրական ծովուն ջուրերը։ Վարչակարգը սահմանադրական թագաւորութեան մէկ օրինակն է։

Մոնաքօ 
Մոնաքոյի 4 գլխաւոր վարչական բաժանումները՝ արեւմուտքէն դէպի արեւելք, Ֆոնվիէյ Fontvieille, Մոնաքօ քաղաք Monaco-Ville, Լա Քոնտամին La Condamine եւ Մոնթէ Քարլոյի թաղամասեր
Մոնաքօ 
Մոնաքոյին վարչական բաժանումները իրենց թաղամասերով

2․1 քմ² տարածութեամբ, աշխարհի երկրորդ փոքր պետութիւնն է Վատիկանէն ետք։

Կլիմա

Մոնաքոյին կլիման Միջերկրականեան է․ մեղմ եւ խոնաւ ձմեռներով եւ տաք ու չոր ամառներով։

Պատմական ակնարկ

Նախապատմական շրջան

Լիկուրեան ցեղեր Մոնաքօ կը հաստատուին մօտաւորապէս 2000 տարի առաջ ըստ Տիոտորոս Սիչիլեացիին եւ Ստրապոնին։

Փիւնիկեցիներ, Յոյներ, Հռոմէացիներ

Մոնիքոս (Μόνοικος) անունը հաւանաբար յառաջացած է փիւնիկեցի Մոնիքոս առեւտրականի անունէն։ Շրջանին մէջ անոր կառուցած տաճարը փիւնիկեան աստուած Մելքարթին նուիրուած է։

Ք․Ա․ 800 - 500 թուականներուն, Մարսէյլի յոյն գաղթաբնակները Մոնաքոյի ափերուն հիմնած են նոր գաղթօճախ մը Մոնիքոս անունով Մոնիքոս․ μόνοικος (μόνοs + οἶκος)` յուն․ μόνοs կը նշանակէ միայնակ, առանձին, իսկ οἶκος՝ տուն, կալուածին տէրը։

Ք․Ա․ 60 թուականէն մինչեւ 476 Մոնաքօ կը մնայ Հռոմէացիներուն ձեռքը։ Ապա զանազան բարբարոս ցեղերու յարձակումներուն պատճառով, բնակիչները կը լքեն շրջանը։

Միջնադարէն մինչեւ ԺԹ․ դար

1297-ին Իշխանապետութիւնը կը հովանաւորուի Ճենովայի Կրիմալտի գերդաստանին կողմէ։ 1641-ին կը գտնուի Ֆրանսայի պաշտպանութեան տակ։ 1793-ին Ֆրանսային կը միանայ։

1814-ին Փարիզի դաշինքով, Կրիմալտի ընտանիքը կրկին իշխանապետութեան գլուխը կը գտնուի:

1861-ի Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ կնքուած դաշինքով, Ֆրանսա կը ճանչնայ Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը եւ Մոնաքօն Մանթոն Menton եւ Ռոքպրիւն Քափ Մարթան Roquebrune-Cap-Martin շրջանները Ֆրանսային կը յանձնէ 4 միլիոն ֆրանքի դիմաց։

Նորագոյն եւ ժամանակակից շրջաններ

1949-ին Ռենիէ Գ․ իշխանապետ կը դառնայ։ Անոր իշխանապետութեան ընթացքին Մոնաքօ հանրածանօթ կը դառնայ։ Զբօսաշրջիկութիւնը թափ կ՛ առնէ․ երկրին գլխաւոր եկամուտն է։ Կը զարգանայ քիմիական արտադրութիւններու, մեքենական, հիւսուածքի եւ սննդեղէնի ճարտարարուեստը։ Աշխարհի չորս ծագերէն գործատէրեր կը նախընտրեն Մոնաքոյի դրամատուները․ այս քայլին կը նպաստէ դրամավարական առանձնութիւնն ու գաղտնապահութիւնը, ինչպէս նաեւ ցած հարկերու դրութիւնը։

1993-ին Մոնաքօն Մ․Ա․Կ․ լիարժան անդամ կը դառնայ։

24 Հոկտեմբեր 2002-ի դաշինքով, Սահմանադրութիւնը փոփոխութեան կ՛ ենթարկուի․ Կրիմալտի գերդաստանի պատկանող զաւակ միայն կրնայ Մոնաքոյի իշխանապետ դառնալ։ Այս դաշինքը կը լուծէ 1918-ի ժառանգութեան վերաբերեալ ծագած հարցը՝ Կրիմալտի գերդաստանի մէջ որեւէ ամուսնութիւն, որդեգրութիւն պարտաւոր էր ունենալ Ֆրանսայի հաւանութիւնը։

2002-ին իշխանապետութիւնը կ՛ որդեգրէ եւրօ դրամանիշը։

Տնտեսութիւն

Տնտեսութիւնը յենուած է գլխաւորաբար զբօսաշրջիկութեան վրայ։ 1862-ին հիմնուած Մոնթէ Քարլօ խաղատունը իշխանապետութեան գլխաւոր եկամուտներէ է։ Նաւահանգիստը տարուան բոլոր ամիսներուն կը հիւրասիրէ զբօսանաւեր։

Վարչական բաժանում

Մոնաքօ 
Մոնաքոյի Պալատը

Մոնաքոյի իշխանապետութիւնը կ՛ երկարի Ֆրանսայի հարաւ-արեւելեան ծովեզերիայ մասին՝ Լազուր ափին (ֆրանսական Ռիվիերա Côte d'Azur) երկայնքին։ Վարչակարգը սահմանադրական թագաւորութեան մէկ օրինակն է։ 2․1 քմ² տարածութեամբ, աշխարհի երկրորդ փոքր պետութիւնն է Վատիկանէն ետք։

Մոնաքօ 
Մոնթէ Քարլոյի Օփերա

Բնակչութիւն

Մոնաքոյի բնակչութեան թիւն է 38 682, որոնցմէ 9 486 ազգութեամբ Մոնեկասք են (Մոնեկասք=Մոնաքոյի բնիկ)։ Մեծամասնութիւնը ֆրանսացի են։

Լեզու

Մոնաքոյի պաշտօնական լեզուն ֆրանսերէնն է, իսկ բնակիչներուն մեծ մասը կը խօսի նաեւ մոնեկասքերէն, իտալերէն եւ անգլերէն։

Մոնաքօ 
Մոնաքոյի Գեղարուեստի Ազգային Թանգարան

Կրօնք

Մոնաքոյի սահմանադրութիւնը կը շնորհէ կրօնքի ազատութիւն։ Բնակչութեան 86% քրիստոնեայ է։

Թանգարաններ, յուշարձաններ

Գլխաւոր թանգարաններն են՝

  • Մոնաքոյի Նոր Արուեստի թանգարան
  • Ովկիանոսակագրական թանգարան
  • Նափոլէոն Թանգարան
  • «Monaco Top Cars Collection» թանգարան
Մոնաքօ 
Ֆոնվիէյի նաւամատոյցը

Այլ

Մոնաքօն ունի Օփերա մը, նուագախումբ մը եւ դասական պարի ընկերութիւն մը։

Կրթական համակարգը կը ներբակէ նախակրթութեան, միջնակարգի եւ երկրորդական կրթութեան բոլոր բաժինները, համալսարաններ եւ քոլէճներ։

Մարզական

Մոնաքօ 
Լա Քոնտամին

Ինքնաշարժներու գլխաւոր մրցաշարքներ

Մոնաքոյի մէջ կը կազմակերպուին միջազգային ծաւալով հետեւեալ մրցաշարքները․-

Մոնաքոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք (Formula One)

Տես բուն արձանագրութիւն՝ Մոնաքոյի մրցաշարք

Մոնթէ Քարլոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք

Ամէն տարի կը կազմակերպուի «Մոնթէ Քարլոյի ինքնաշարժներու մրցաշարք»ը (Rallye Automobile de Monte-Carlo), որ կը դրոշմէ «Ինքնաշարժներու Համաշխարհային Ախոյանութեան» շրջանի սկիզբը։

Formula E

2015 - 2021․ Մոնաքոյի մրցաշարքին զուգահեռ կազմակերպուած Մոնաքոյի Պատմական Մրցաշարքին ատեն՝ 2015, ստեղծուած ինքնաշարժներու մրցաշարք։

Մոնաքոյի Պատանի Վարորդներու Բաժակի մրցաշարք

Մոնաքօ 
«Stade Louis II» մարզադաշտը

Մոնաքոյի Ինքնաշարժներու Ակումբը Automobile Club de Monaco կը կազմակերպէ նաեւ «Մոնաքոյի Պատանի Վարորդներու Բաժակի մրցաշարք»ը Junior Monaco Kart Cup։

Ոտնագնդակ

Մոնաքոն կը հիւրասիրէ երկու մեծ ոտնագնդակի ակումբներ․ տղոց AS Monaco FC եւ կիներու OS Monaco խումբերը, որոնք կը մասնակցին Ֆրանսայի ոտնագնդակի Ա․ դասակարգի ախոյանութեան։ AS Monacoն կը խաղայ «Stade Louis II» մարզադաշտին մէջ։

Դասական մարմնամարզ

Մոնաքօ 
Մոնաքոյի լողաւազանը

Դասական մարզանքի մարզիկները կը գործածեն «Stade Louis II» մարզադաշտը։ 1993-էն Մարմնամարզի Դաշնակցութեան Միջազգային Միութիւնը (International Association of Athletics Federations - IAAF), Մոնաքօն ընտրած է իբրեւ կեդրոնատեղ։

Այլ

Մոնաքոյի մէջ կը գործեն նաեւ «rugby»-ի, կողովագնդակի, վոլէյի, կռմբամարտի, Ճիւտոյի եւ արեւելեան տարբեր մարզաձեւերու խումբեր։ Լա Քոնտամին շրջանը, Հերքիւլիս նաւամատոյցին կը գտնուի «Rainier III Nautical Stadium» ողիմպիական չափի լողաւազանը, որուն ջուրը ծովու աղի ջուրն է։ Լողաւազանը Դեկտեմբերէն մինչեւ Մարտ ամիսներուն սառնամարզարանի կը վերածուի։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ

-1'> art. 8 // La Constitution de la Principauté
  • https://www.imsee.mc/Actualites/Population-officielle-2020
  • https://data.iana.org/time-zones/tzdb-2021e/europe
  • Մոնաքյի բնակչութեան թիւը(անգլերէն)
  • Մոնաքոյի մարդահամար, 2012(անգլերէն)
  • Մոնաքոյի մասին(ֆր.)
  • Ճանչնանք Մոնաքօն, 28-12-2021(անգլերէն)
  • հանրագիտարան․ Մոնաքօ(անգլերէն)
  • Մոնթէ Քարլոյի պատմութիւնը(անգլերէն)
  • Ֆրանսուա Կրիմալտի Մոնքաքօն կը գրաւէ, 8-1-2020(անգլերէն)
  • Մոնաքօ՝ ժամանակագրութիւն(անգլերէն)
  • պատմութիւը, Ժան Պափթիսթ Ռոպեր(անգլերէն)
  • Մոնաքոյի իշխանապետութիւն, դրութիւնը(անգլերէն)
  • Լառուս հանրագիտարան․ Մոնաքօ(ֆր.)
  • Մոնիքոս․ բառարան(անգլերէն)
  • Մոնիքոս - οἶκος․ բառարան(յունարէն)
  • Մոնաքոյի Ֆորմիւլա 5 (անգլերէն)
  • Մոնաքոյի մրցաշարք
  • Մոնաքոյին Պատմական մրցաշարքը
  • Աշխարհի կրօներ, 2-10-2015(անգլերէն)
  • Մոնաքոյի սահմանադրութիւնը(անգլերէն)
  • Մոնաքոյի մշակոյթը(անգլերէն)
  • Արտաքին յղումներ

    1. Ֆրանսայի եւ Մոնաքոյի միջեւ ստորագրուած դաշինքներ(անգլերէն)
    2. էքաթէոս Միլիթեցին(յունարէն)
    3. Մելքարթ(ֆր.)

    Tags:

    Մոնաքօ ՏեղեկութիւններՄոնաքօ Պատմական ակնարկՄոնաքօ ՄարզականՄոնաքօ ՊատկերասրահՄոնաքօ ԾանօթագրութիւններՄոնաքօ Արտաքին յղումներՄոնաքօ1861 թուականԵւրոպաՖրանսա

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Տիգրան ԿամսարականՎահրամ ՓափազեանԽաչատուր ԱբովեանԱնդրանիկ ՕզանեանԱրթիւր ՄեսչեանԳլխաւոր ԷջՎարդան (անձնանուն)Հորմուզի ՆեղուցՀայկական ՏաւրոսՔոֆի ԱնանՍիամանթօՍեդրակ (անձնանուն)Մեսրոպ ՄաշտոցԹաթուլ ԱլթունեանԳալկարիՄեծն ՏիգրանՄարտիրոս ՍարեանՎերածնունդԳէորգ ԵրեւանեանԽաչակիրներու Գ․ ԱրշաւանքՆշենիԱշխադարԴրօԲուսաբանութիւնՕշին ՔէշիշեանՊիշոն ՖրիզէՔենիաՍալմա ՀայէքՀրայր ԴժոխքԳրիգորիեան ՕրացոյցՍեպտեմբերԱրամ Երկանեան24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)Լեռ ԿամսարՀայաստանի ԱնտառներԱրամ ՀայկազՍինկափուրՋութակՌանչպարների ԿանչըԱրաքս (գետ)Զարթօնք (օրաթերթ)ՈւղտերԱծուխԱրայի լեռՍեռ (կենսաբանութիւն)ՄոլորակներԳառզուԷրեբունի-Երեւան (օրհներգ)Յովհաննէս ԱյվազովսկիԳիւլիստանի ԲերդըԻրաւունքՆիքիթա ԽրուշչովԽորէն ՍինանեանԵկատերինա ԿապաշվիլիԳանձասար (Շաբաթաթերթ)Շահէն ՄեղրեանԱրմէն (անձնանուն)ԾաղկաձորՊոլիսԱրիստոտէլDreamWorksՄիկէլ Անճէլ ՍիլվէսթըրԱղթամար կղզիՎարդանանց ՊատերազմՂազար ՓարպեցիՀանրագիտարանԵրեւանի Զինանշան1979 թուականՍոնա Սիմոնեան🡆 More