Մարդաբանութիւն

Մարդաբանութիւն, մարդ արարածը ուսումնասիրող գիտակարգ։ Բառին լայն իմաստով, մինչեւ 19-րդ կէսերը, նիւթ առած է գլխաւորաբար մարդ արարածի ֆիզիքական կազմութիւնը։ Ընկերաբանութեան, տնտեսագիտութեան եւ կենդանաբանութեան զարգացումով, մարդաբանութիւնը կը կորսնցնէ իր ուսումնասիրութեան ասպարէզները, իսկ 20-րդ դարու ծինաբանական գիտութիւններու զարգացումէն ետք, նաեւ կը կորսնցնէ ֆիզիքական կազմութեան ուսումնասիրութեան խնդիրը։ Մարդաբանութեան բուն նպատակն է, հասկնալ թէ որո՞նք են մարդ արարածին բնորոշ յատկանիշները։

Մարդաբանութեան խնդիրներէն է հասկնալ թէ ինչպէս իրարմէ կը տարբերին մարդկային խմբաւորումները։ Օրինակ, բոլոր մարդիկ պէտք ունին ուտելու, սակայն մարդիկ իրարմէ տարբեր ձեւերով կը գոհացնեն այս մարդկային կարիքը։ Ուրեմն մարդաբանները կ՚ուսումնասիրեն թէ ինչպէս զանազան մարդկային խմբաւորումներ կը գտնեն, կը պատրաստեն եւ կը բաժնեկցին իրենց ուտելիքը։

Արդի մարդաբանութեան ենթա-գիտակարգերը կը նկատուին մշակութային մարդաբանութիւնը, հնագիտութիւնը, կենսաբանական մարդաբանութիւնը եւ լեզուաբանութիւնը։ Կան նաեւ աւելի փոքր ենթա-գիտակարգեր, օրինակ արուեստի մարդաբանութիւն, հետախուզական մարդաբանութիւն, տեսողական մարդաբանութիւն, բժշկագիտական մարդաբանութիւն, եւ շատ աւելի այլ տեսակներ։

Մշակութային մարդաբանութիւնը կ՚ուսումնասիրէ մարդ արարածին զանազան մշակութային երեսակները, եւ ընդհանրապէս մարդկային մշակոյթի զանազանութիւնը։ Այս ուղղութեամբ, մարդաբանութիւնը թէ՛ կ՚ուսումնասիրէ նախնական ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները եւ թէ՛ զարգացած ընկերութիւնները եւ անոնց անհատները։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԱռիւծՄիսաք ԹորլաքեանՖրիտիոֆ ՆանսենԿանանց Միջազգային ՕրԻտալերէնՑուլ (կենդանակերպ)Նիկողայոս ԱդոնցՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)30 ԱպրիլՓլովտիւՅունարէնԽամսայի ՄելիքութիւններըՎարդան ԱյգեկցիԳերմաներէնՎաղարշապատՆերքին հիւանդութիւններԼատիներէնՓարիզՃոն ՔենետիՍպիտակ ԱրջՏոհմածառՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԿարօ ՓայլանՎլատիմիր Լենին24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)12 ՅուլիսՀնդկաստանԱպրիլԱրգիշտի Ա․ՅունիսՎարդավառՍօնիԾովՀարաւԵնովք ԵղիսէեանՍանահինի ՎանքՏարրաբանութիւնՀրանդ (անձնանուն)Լիոնել ՄեսսիՔլէոփաթրաԵություպ309 (թիւ)Գէորգ ՉաւուշԴանիէլ ՎարուժանՍթոքհոլմՄխիթար Սեբաստացի2003ԵրուխանԱզատ (գետ)Անդրանիկ ՔոչարեանԳուրգէն Մահարի9 ՅունուարԼեզուաբանութիւնԺան Օնորէ ՖրակոնարՊըլը ՊուղիMercedes-BenzՇուշիի Ազատագրումը (1992)ՀամակարգիչԾաղրածու1728 թուականՎերածնունդԼուվրՌուբէն ՍեւակԼեւոն (անձնանուն)Նիլ ԱրմսթրոնկAirbus A380 (արեւմտահայերէն)Վիեննական ՍրճարանՇաքարախտՏաթեւի ՎանքԳաբրիէլ ԱյվազովսկիՍեխՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Արուեստ🡆 More