Հաշթակ

Հաշթակ (անգլերէն՝ hashtag, hash՝ վանդականիշ, tag՝ պիտակ), բառ կամ արտայայտութիւն, որուն կը նախորդէ # նշանը։ Օգտագործողները կրնան միաւորել իրենց հաղորդագրութիւնները ըստ թեմաներու կամ տեսակներու մէջ օգտագործելով վանդականիշով սկսող բառեր։

Հաշթակ

Հաշթակները կ՛աջակցին այնպիսի ընկերային ցանցերու, ինչպէս՝ Թուիթթները, Tout-ը, identi.ca, Google+-ը, դիմատետրը եւ ՎԿն։ Այդ ընկերային ցանցերը օգտագործողները իրենց գրառումները կրնան պիտակել մէկ կամ քանի մը հաշթակներով, որոնք կը ներկայացնեն բառմը կամ նախադասութիւն մը։

Հաշթակները հնարաւորութիւն կու տան խմբաւորեուլ իրարու նման գրառումները, որու շնորհիւ հեշտութեամբ հնարաւոր կը դառնայ գտնել տուեալ գրառման թեմայով մօտ այլ գրառումներ, որոնք նոյնպէս պիտակուած են տուեալ հաշթակով։

Ծագում

Առաջին անգամ հաշթակները օգտագործուած են IRC ցանցերուն մէջ՝ թեմաները եւ խումբերը նշելու համար։ Անոնք կ՛օգտագործեն առանձին հաղորդագրութիւններու խումբը, թեման կամ «ալիքը» նշելու համար։

Որպէս կանօն, ալիքները կամ թեմաները, որոնք հասանելի են ամբողջ IRC ցանցով, կ՛սկսին # նշանով (ի տարբերութիւն տեղային ծառայողներու, որոնք կ՛օգտագործեն ամպերսանդը՝ «&» նշանը)։

Օգտագործողներու շրջանին մէջ հաշթակներու յայտնի դառնալը կը համընկնէ Twitter–ի ի յայտ գալու եւ յայտնի դառնալու հետ։ Այս կը ոգեշնչէ Քրիս Մէսինին (այժմ կոչուած են «հաշթակներու հայր»), եւ ան միկրոբլոկային համակարգին մէջ կը որոշէ ներդնել հաշթակներու աջակցութիւնը։ Անոր առաջարկը կը կայանէր անոնց մէջ, որ օգտագործողները իրենց յաղորդագրութիւններուն մէջ՝ «թուիթերին մէջ», նշեն հաշթակներ, որով ալ կմիաւորեն իրենց յաղորդագրութիւնը նմանատիպ այլ յաղորդագրութիւններու հետ։ Ան օգոստոսի 232007 թ.-ին կը գրառէ, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Ի՞նչ կարծիքի էք խումբերու համար # (վանդականիշ) նշանը օգտագործելու մասին»։ Մէսինի թուիթը եւ հետագայ քննարկումները կ՛ամրացնեն հաշթակի դիրքերը «Twitter-ի աշխարհին մէջ», համեմատելով # նշանը բոլորին յայտնի @ նշանի հետ։

Հաշթակները յայտնի դարձան 2007 թ.-ի Սան–Տիէկոյի անտառային հրդեհներու ժամանակ, երբ Նէյթ Ռիթերը կ՛օգտագործէր «#sandiegofire» հաշթակը, որպէսզի տեղեակ ըլլայ աղետի մասին բոլոր թարմացումներէն։

Միջազգային մակարդակով, հաշթակը դարձավ Twitter–ի յաղորդագրութիւններու գործնական ոճ 2009-2010 թուականներու ընթացքին մէջ, երբ Իրանի մէջ ընտրութիւններ կ՛ընթանէին։ Անգլերէն եւ պարսկերէն լեզուներով հաշթակները օգտակար եղաւ ինչպէս Իրանի մէջ, այնպէս ալ դրա սահմաններէն դուրս բնակուող Twitter–ի օգտագործողներու համար։

Սկսած Յուլիս 12009 թ.էն, Twitter-ը բոլոր հաշթակները դարձրած հղումներ դէպի տուեալ հաշթակի որոնման արդիւնքները, որոնք կը պարունակէին բոլոր վերջին յաղորդագրութիւնները տուեալ հաշթակով կամ ուղղակի հաշթակի բառով։

Գործառոյթը

Հաշթակները նախ եւ առաջ կ՛օգտագործեն որպէս չմոդերացուող գործնական քննարկումներու ֆորումներ։ Թեման, որ պիտակուած է հաշթակով, կարող է քննարկել մի քանի մարդկանց կողմէ, որոնց յաղորդագրութիւննեը կը տեսնեն ոչ միայն քննարկման մասնակիցները, այլ նաեւ այլ օգտագործողներ։ Անոնք կարող են որոնել տուեալ հաշթակով քննարկման այլ գրառումները եւ, ի վերջոյ, իրենք նոյնպէս կարող են միանալ քննարկմանը։

Twitter-ին մէջ, երբ հաշթակը կը դառնայ բաւականին յայտնի, այն կը յայտնէ օգտագործողի գլխաւոր էջի «Արդիական թեմաներ» բաժնում։ Թեմաներու արդիականութիւնը կարող է կազմաւորել ըստ օգտագործողի աշխարհագրական դիրքի կամ Twitter–ի բոլոր յարաչափերու։ Հաշթակները չեն գրանցուիր, որեւէ մէկուն կամ մի քանի կողմէն չեն ղեկավարէր եւ, բացի այդ, չեն կարող հեռացուել համընդհանուր օգտագործումէն։ Այս կը նշանակէ, որ հաշթակները տեսականօրէն կարող են օգտագործել անվերջ անգամ։ Հաշթակներու բազմաթիւ սահմանումներ չունին։ Այս կը նշանակէ, որ հաշթակ մը կարող է օգտագործել ցանկացած քանակութեամբ նպատակներու համար։

Հաշթակները հաճախ կ'օգտագործեն ոչ իրենց գործառոյթով, պարզապէս ընգծելու համար տուեալ յաղորդագրութեան ենթաբաժանումը, առանց յաղորդագրութիւնը հետագայ որոնման համար դասակարգելու փաստացի մտադրութեան։ Ան կարող է օգնել յաղորդագրութեան հեղինակին արտայայտել հումորը, տխրութիւնը, անհանգստութիւնը կամ այլ էմոցիաները։ Օրինակ. «Այսօր երկուշաբթի է #excited #sarcasm»։

Հաշթակներ աջակցող կայքերու ցանկը

  • Տիասբորա եւ սոցիալական ցանցերը
  • Gawker Media-ի բոլոր կայքերը
  • FriendFeed (2009 թ.–էն)
  • Google+
  • Instagram
  • Orkut
  • Pinterest
  • Sina Weibo
  • Tout
  • Tumblr
  • Twitter (2009 թ.–էն)
  • VK
  • YouTube (2009 - 2011)
  • Fetchnotes (2012 թ.–էն)
  • Facebook (2013 թ.–ի հունիսէն)
  • gfranq.com

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Հաշթակ ԾագումՀաշթակ ԳործառոյթըՀաշթակ ներ աջակցող կայքերու ցանկըՀաշթակ ԾանօթագրութիւններՀաշթակԱնգլերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Նիքոլա ՍարքոզիԳառզուԴրօԿարինԻսրայէլՍուշիԺագ Յակոբեան1966 թուականՍերպիաՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՐաֆֆիԱրարատ (Լեռ)Գարեգին ՆժդեհՀրաչեայ ԱճառեանԴաւիթ ԱնյաղթՅակոբ ՅակոբեանՎարդան ՄամիկոնեանԻնտոնեզիաԲառԹիֆլիսՆոր ՏարիՈւիքիփետիա1953 թուականԹորոս ԹորամանեանԳրիգոր ԴաւիթեանՀայկական ՀարցԱրեգակնային ԴրութիւնԹաւրիզ1948 թուականՎանայ ԻշխանԱստղագիտութիւնՍուփըր ՄարիօԲարդ բառերԷրզրումՍպանիաՎիրճինիա Ուոլֆ1999 թուականՄարսէյլ1950 թուականԼոնտոնԹէյլըր Սուիֆթ11 ՅունուարՄիշիկընՍիրտՅակոբ ԿարապենցՄշոյ Սուլթան Ս. Կարապետի վանք2004 թուականՄիքայէլ ՆալպանտեանԶաք ԷֆրոնՀուանկնիոնկսա պուտտայական տաճարՍեպիլի ՊարտէզՀրատ մոլորակ (Մարս)Ռուբէն (անձնանուն)ՊաղեստինՎանքուվըր1809 թուականՎիքտոր ՀամբարձումեանՎենետիկԱլեքսանտրիոյ ԳրադարանՊոլիսՍեխՀայաստանի Ազգային ՊատկերասրահՆուպար ՓափազեանՄոնրէալԳերմանիաԱրմենակ ԽանփերեանցՍքիմնոս ՀիոսցինՁիւն1614 թուական🡆 More