Լիխթընշթայն

Լիխթընշթայն կենդրոնական եւրոպայի Ալփեան լեռնաշղթայի մէջ գտնուող իշխանութիւն մըն է: Ան աշխարհի վեցերորդ ամենափոքր երկիրն է եւ Ուզպեքիստանէ զատ երկրորդ երկիրը, որ սահմանափակուած է երկիրներու միջեւ, որոնք դէպի ծով ելք չունին: Սահմաններն են՝ արեւելքէն՝ Աւստրիա, հարաւէն եւ արեւմուտքէն՝ Զուիցերիա: Մայրաքաղաքը Վատուց կարեւոր տնտեսական կենդրոն է:

Բնակավայր
Լիխթընշթայն
գերմաներէն՝ Liechtenstein
գերմաներէն՝ Fürstentum Liechtenstein
Դրօշակ Զինանշան
Լիխթընշթայն Լիխթընշթայն
Für Gott, Fürst und Vaterland
Լիխթընշթայն
Երկիր Լիխթընշթայն Լիխթընշթայն
Ներքին բաժանում Ռուգգել?, Շելենբերգ?, Գամպրին?, Աշեն?, Mauren?, Շան (Լիխտենշտայն)?, Պլանկեն?, Վատուզ, Triesenberg?, Triesen? եւ Balzers?
Prime Minister of Liechtenstein? Daniel Risch?
Օրէնսդրական մարմին Լիխթընշթայնի Խորհրդարան
Հիմնադրուած է՝ 12 Յուլիս 1806
Տարածութիւն 160 քմ²
Պաշտօնական լեզու գերմաներէն
Բնակչութիւն 37 922 մարդ (2017)[1]
Կը գտնուի ափին Ռայն գետ
Ժամային գօտի UTC+1
Փոստային ցուցանիշ 9485–9498
Շրջագայութեան պետ-համարագիր FL[2]
Անուանուած է Լիխտենշտայնի արքայատոհմ?
Պաշտօնական կայքէջ liechtenstein.li(գերմ.)

Աշխարհագրութիւն

Լիխթընշթայն 
Լիխթընշթայնի աշխարհագրական քարտեսը

Դիրք եւ տարածութիւն

Լիխթընշթայն կը գտնուի կենդրոնական եւրոպայի հարաւ-արեւմտեան շրջանը: Անոր սահմանակից երկիրներն են՝ առեւելքէն՝ Աւստրիան, հարաւէն եւ արեւմուտքէն՝ Զուիցերիան: Անոր սահմանները բնական սահմաններէ ալ կը բաղկանան՝ Առեւմտեան սահմանը Զուիցերիոյ հետ կը համապատասխանի Ռայն գետի հոսանքի հետ, իսկ արեւմուտքէն՝ Աւստրիոյ Ալփեան լեռնաշխթայի հետ:

Լիխթընշթայնը մօտ 160.5 ք. քմ. տարածութեամբ եւրոպայի չորորդ եւ աշխարհի վեցերորդ ամենափոքր երկիրկն է: Լիխթընշթայնը եւ Ուզպէքիսդանը միակ երկիրներն են, որոնք շրչապատուած են երկիրներէ, որոնք դէպի ծով ելք չունին:

Մակերեւոյթ

Լիխթընշթայնը բաժնուած է երկու մասի՝ Հիւսիսային (Oberland՝ «վերին» երկիր), որ մեծամասնութեամբ կը բաղկանայ դաշտերէ, եւ Հարաւային (Unterland՝ «ստորին» երկիր), որ կը բաղկանայ լեռներէ, հատկապէս՝ Ալփեան լեռնաշխթան:

Ժողովրդագրութիւն

Լիխթընշթայնի բնակչութիւնը, ըստ 2019-ի մարդահամարի, կը բաղկանայ 38557 բնակիչներէ, որմէ 66,1 % Լիխթընշթայնցի են: Ժողովրդի 19,4 % կու գան գերմանախօս երկիրներէ (9,7 % Զուիցերիայէն, 5,8 % Գերմանիայէն, 3,9 % Աւստրիայէն), իսկ մնացած 14,5 % կու գան մօտաւոր 90 այլ երկրներէ:

Լեզու

Լիխթընշթայնի պաշտօնական լեզուն գերմաներէնն է: Խօսակցութիւնը սակայն կ'ընթանայ Լիխթընշթայնի տարբեր բարբառներով, որոնք գերմաներէնէն կը տարբերին իրենց հնչումներով:

Կրօնք

Կաթողիկէ եկեղեցին Լիխթընշթայնի ազգային եկեղեցին է: 2015-ի մարդահամարի համաձայն, ժողովուրդի 73,4 % կաթողիկէ էին, 8,2 % բողոքական, 7 % անկրօն, 5,9 % իսլամ, 2,3 % այլ հաւատքի պատկանող էին, իսկ 3,3 % իրենց կրոնքի մասին տեղեկութիւն չտուին:

Պատմութիւն

Նախապատմութիւն

Լիխթընշթայնի մէջ հնագիտական գիւտերը կը փաստեն, թէ մարդիկ այս տարածքի վրայ 5000 թ. ք.ա. բնակած են: Ք.ա. 15թ. Հռոմէական կայսրութիւնը գրաւեց «Ռաէդիա» տարածաշրջանը, որուն մէջ կար նաեւ այսօրուայ Լիխթընշթայնը: Հռոմէացիները շինեցին Պրեկենցէն Միլանօ մայրուղի մը, որ կ'անցներ Լիխթընշթայնի մէջէ: Այս պատճառով, մարդիկ սկսան տեղափոխուիլ այս մայրուղիի շրջակայքը եւ հիմնեցին ագարակներ եւ փերթեր:

Միջնադարեան շրջան

Հռոմէական կայսրութեան անկումէն ետք, ալեմաննական ցեղեր սկսան գաղթել դէպի այս տարածաշրջան: 8րդ դարուն Լիխթընշթայն կը պատկաներ Ֆրանքական թագաւորութեան, իսկ 10րդ դարու՝ Գերմանական ազգի Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան: 1342թ Վատուցի կոմսութիւնը հիմնուեցաւ:

Իշխանութեան ստեղծումը եւ անկախութիւն

Վատուցի վերջին կոմսը եղաւ Ֆերտինանտ Քարլ ֆոն Հոհընեմս: Անոր իշխանութեան տակ տեղի ունեցան վհուկներու հետապնդումներ, որտեղ 100է աւելի վհուկներ տարբեր ձեւերով սպաննուեցան: Ասկէ բացի, Հոհընէմս պարտքեր գոցելու համար, 1712-ին ծախեց Վատուցի եւ Շէլընպէրկի (Ներկայիս Լիխթընշթայնի հիւսիսային մասը գտնուող) կոմսերը Յոհան Ադամ իշխանին: Յոհան կը պատկաներ «Լիխթընշթայնըր» իշխանական ընտանիքին, որոնց ծաքումը Ստորին Աւստրիայէն էր: 1719թ գերմանիոյ կայսեր Քարլ 6.-ի հրամանով, Յոհան Ադամ միացուց այս երկու կոմսերը եւ զայն կոչեց իր իշխանական ընտանիքի անունով Լիխթընշթայն: Այսպիսով, Յոհան Ադամ դարձաւ Լիխթընշթայնի անուանակոչը եւ անոր առաջին իշխանը:

Լիխթընշթայն 
Յոհան Ադամ Ա. Անտրեաս, Լիխթընշթայնի առաջին իշխան

Պատմութեան ընթացքին, Լիխթընշթայն շատ ատեն կը դառնար օտար երկիրներու մարտադաշտ: Նափոլէոնի պատերազմներու ատեն, Լիխթընշթայն կը գրաւուի ֆրանսական զօրքի կողմէ: 1806 Նափոլէոն կը ստեղծէ Ռայնի դաշնագիրը եւ կ'ընդգրկէ Լիխթընշթայնը դաշնագրի միւս 16 անդամներու հետ: Այս ձեւով Լիխթընշթայն առաջին անգամ ըլլալով կը դառնայ անկախ: 1814-1815 տեւող Վիեննայի համաժողովի ընթացքին, Լիխթընշթայնը կ'ընդունուի իբր ազատ իշխանութիւն եւ մաս կը կազմէ նոր հիմնուած Գերմանական Դաշնակցութեան մէջ:

Լիխթընշթայն գերմանական դաշնակցութեան մէջ

Գերմանական դաշնակցութեան նպատակը Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան պայմաններու վերադառնալն էր: Այս դաշնակցութեան պայմաններէն մէկն էր, որ բոլոր 41 անդամները իրենց օրենագիրերը ունենան: Այսպիսով Լիխթընշթայն ունեցաւ իր առաջին օրենագիրը: Սակայն այս օրենագիրը խորհրդարանին կամ այլ ժողովրդավար մարմիններու ոեւէ ուժ չէր տար: Իշխանը ունէր ամբողջական քաղաքական ուժ եւ իրաւունքներ:

Շրջակայ շրջանները հետզհետէ կը դառնային ազատամիտ եւ ռամկավար շարժումներու կեդրոններ: Ոգեւորուած ասկէ, Փեթըր Քաիզըր, Լիխթընշթայնի մէջ ուսուցիչ, 1848-ին մղեց խաղաղ յեղափոխութիւն մը, որուն նպատակն էր վերափոխել օրենագիրը, աւելցնելու համար ժողովրդավար խորհրդարան մը իբր կառավարական ուժ: Իշխանը ընդունեց ժողովրդի առաջարկը, եւ Լիխթընշթայն ունեցաւ իր առաջին սահմանադրական օրենագիրը: Այս օրենագրի արարքը երկար չդիմացաւ: Գերմանական դաշնակցութեան եւ իշխանի որոշումով, 1852-ին Լիխթընշթայն վերադարձաւ իր հին օրենագրին:

Լիխթընշթայն սկսաւ մշակել լաւ յարաբերութիւններ Աւստրիոյ հետ, եւ 1852-ին ստորագրեցին մաքսային դաշնագիր: Այս մէկը տնտեսական վիճակը մեծապէս բարելաւեց:

1862 վերստին օրէնսդրական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան: Լիխթընշթայնի իշխանը միակ կառավարական ուժը չէր, այլ նաեւ ժողովրդավար խորհրդարանը: Այս Օրենագիրը Լիխթընշթայնը փոխանցեց բացարձակապետութենէն դէպի սահմանադրական իշխանութիւն:

Լիխթընշթայնի ազգային բանակը տնտեսական պատճառներով կը դադրեցնէ իր գործողութիւնները եւ մինչեւ այսօր Լիխթընշթայն կը մնայ առանց բանակի:

Առաջին համաշխարհային պատերազմ

Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Լիխթընշթայն մնաց չէզոք: Մինչ այդ անոր տնտեսութիւնը կապուած էր Աւստրիոյ հետ: Այդ պատճառով, Լիխթընշթայնի անգործութիւնը եւ սովը հետզհետէ կը բարձրանար: Երբ պատերազմը վերջացաւ, ան լուծեց իր մաքսային դաշնագիր Աւստրիոյ հետ:

Բարեկամութիւն Զուիցերիոյ հետ

1919 Լիխթընշթայն բոլորովին անջատեց ինքզինքը Աւստրիայէն եւ դարձաւ դէպի Զուիցերիա: Դրամը՝ Աւստրիական «Քրոնէ»-ն, փոխարինեց Զուիցերիական «Ֆրանք»-ով: Նաեւ կնքեցին մաքսային դաշինք, որ մինչեւ այսօր կը գործադրուի:

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմ

Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Լիխթընշթայն քուէարկութենէ ետք նորէն մնաց չէզոք: Վախ կար, որ Հիթլըր զայն երրորդ Գերմանական Կայսրութեան մէջ ընդգրկէ, սակայն Զուիցերիոյ հետ մօտեցումը եւ ռազմագիտական անպատեհ դիրքը չթոյլադրեց այդ մէկը:

1945-Այսօր

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն ետք, Լիխթընշթայնի տնտեսութիւնը այնքան զարգացաւ, որ ան դարձաւ ճարտարարուեստական կեդրոն: Լիխթընշթայնի մաս կը կազմէ հետեւեալ կազմակերպութիւններուն՝

  • Եւրոպայի Անվտանգութեան եւ Համագործակցութեան Կազմակերպութիւն (ԵԱՀԿ) 1975
  • Եւրոպայի Խորհրդարան 1978
  • Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն1990
  • Եւրոպական ազատ առեւտուրի միութիւն 1991
  • Եւրոպական տնտեսական շրջան 1995
  • Շէնկէնեան համաձայնութիւն 2011

Քաղաքականութիւն

Կարաւարութիւն

Լիխթընշթայն սահմանադրական եւ ժառանգական իշխանութիւն մըն է, որ կը գործէ ռամկավարական հիմի վրայ: Այսինքն Լիխթընշթայն իշխան մը եւ ժողովուրդէն ընտրուած մարմիններ ունի: երկրի օրինական հիմը 1921-ի օրինագիրքն է:

Իշխան

Լիխթընշթայնի իշխանը երկրի բարցրաստիճան անձն է: Ան ունի ոչ միայն ներկայացչական պաշտօններ, այլ նաեւ ունի խորհրդարանը գահակալելու, խորհրդարանի անդամները հաստատել եւ ժողովուրդէն ընտրուած օրենքներ վերցնելու իրաւունքները: Ներկայիս Լիխթընշթայնի իշխանը Հանս Ադամ Բ է, անոր փոխը եւ միէւնոյն ժամանակ ժարանքորդը՝ անոր աւագ որդին՝ Ալօիս:

Օրէնսդիր մարմին

Լիխթընշթայն 
Լիխթընշթայնի խորհրդարանը

Լիխթընշթայնի օրենսդիր մարմինի մաս կը կազմէն իշխանը եւ խորհրդարանը: Խորհրդարանը կը բաղկանայ 25 անդամներէ, որոնք ամեն չորս տարին ժողովրդի կողմէ կ'ընտրուին: Օրենքները փոփոխութեան կ'ենթարկուին խորհրդարանի առաջարկով եւ անոր որոշումով, իսկ նոր օրենքները կը վաւերացուին, երբ իշխանը եւ վարչապետը (նայէ՝ գործադիր մարմին) ստորագրէն:

2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէ ետք, ներկայիս խորհրդարանին մաս կը կազմէն չորս կուսակցութիւններ՝

  • Հայրենական Միութիւն, ՀՄ (Vaterländische Union, VU)՝ 10 նիստ
  • Յառաջդիմող Քաղաքական Կուսակցութիւն, ՅՔԿ (Fortschrittliche Bürgerpartei, FBP)՝ 10 նիստ
  • Ազատ Ձանկ, ԱՁ (Freie Liste, FL)՝ 3 նիստ
  • Ռամկավարներ Լիխթընշթայնի, ՌԼ (Demokraten pro Lichtenstein, DPL)՝ 2 նիստ

Գործադիր մարմին

Լիխթընշթայնի գործադիր մարմինը կը բաղկանայ հինք անձերէ՝ Վարչապետը եւ չորս նախարարներ: Այս կազմը հանցն կ'առնէ հինք նախարարութիւնները՝ Արտաքին գործոց, ներքին գործոց, համայնութեան, «ինֆրասթրուքթուրի» եւ տնտեսութեան նախարարութիւններ: Այլ նախարարութիւններ, ինչպես դաստիարակնչական, միջավայրի եւ մշակույթի, մաս կը կազմէն այդ հինք նախարարութիւններուն:

Լիխթընշթայն 
Լիխթընշթայնի կառավարութեան նիստը

Գործադիր մարմինը օրենսդիր մարմնի եւ իշխանի կողմէ կ'ընտրուի եւ կը գործէ չորս տարիներ: 25 Մարտ 2021-ին կառավարութեան հանցն առին հետեւեալ անդամները՝

  • Տանիէլ Ռիշ, ՀՄ
  • Սապինէ Մօնաունի, ՅՔԿ
  • Կրազիէլլա Մարօք-Վախդըր, ՀՄ
  • Տօմինիք Հասլըր, ՀՄ
  • Մանուէլ ֆրիք, ՅՔԿ

Դատողական մարմին

Դատողական մարմինը իշխանաական բարցրագոյն դատարանն է, որ կը բաղկանայ հինգ դատաւորներէ:

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Tags:

Լիխթընշթայն ԱշխարհագրութիւնԼիխթընշթայն ԺողովրդագրութիւնԼիխթընշթայն ՊատմութիւնԼիխթընշթայն ՔաղաքականութիւնԼիխթընշթայն ԾանօթագրութիւններԼիխթընշթայն Արտաքին յղումներԼիխթընշթայնԱլպեան լեռներԱւստրիաԵւրոպաԶուիցերիաՈւզպեքիստանՎատուց

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՈւրբաթագիրքԿիլիկիոյ Հայկական ԹագաւորութիւնՀայկական Կարի ՏեսակներՕգոստոսԱրամազդՎազգէն Ա.Արեւմտեան ՀայաստանԹովմաս ՆազարբէկեանԱրշակ ՉօպանեանԱկնԱշոտ Բ․ ԵրկաթՄաղաքիա Արք․ ՕրմանեանՕշական ԳիւղՍալվատոր ՏալիՀուանկնիոնկսա պուտտայական տաճարՔուենքաՍտեփանոս Տարօնեցի ԱսողիկՎիգէն (երգիչ)Ճորճ ՍորոսՍարի ԱղջիկԹրքերէնՀրատ մոլորակ (Մարս)ԵպիսկոպոսՀայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի ԲանակԱրեգակնային ԴրութիւնԶապէլ ԵսայեանԱրջակատու (Փանտա)Լեւոն Տէր ՊետրոսեանՈսկիԱրաբերէնՓարաջանովի Տուն Թանգարան (Երեւան)Ուիլիըմ ՍարոյեանՃիմի ՈւէյլզԱթէնքԵլակԱրփիար ԱրփիարեանGoogle PlayՍեւանավանքՁիԱ․ Համաշխարհային ՊատերազմՄեքսիքօԴրօՆիլ ԱրմսթրոնկՆոր ԶելանտաՄոն ՊլանՔոֆի Անան1874 թուականՄուսթաֆա Քեմալ ԱթաթուրքՏարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական ՄիութիւնԱւստրալիաՔանատաԱյնճարՍարդարապատի յուշահամալիրըԽաչակիրներու Դ․ ԱրշաւանքԼուսինՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)1922ԻսրայէլԹաւրիզՄարք ԳրիգորեանՔաղկեդոնի ԺողովՖրանսերէնԱւետիս ԱհարոնեանՀամօ ՍահեանՄիհրան ԵազըճեանՂիթիոնՆիքոլա ՍարքոզիՄանեքիւնեքօԵրուսաղէմԱծանցաւոր բառերՈւյղուրներԳէորգ Տէր ՎարդանեանԴանիա24 Ապրիլ (Ոգեկոչման Հաստատման Օր)🡆 More