Իրաւունք

Իրաւունք, հասարակական յարաբերութիւնները կարգաւորող ազդակ, որ յառաջացած է հասարակութեան շերտաւորման զուգընթաց՝ դասակարգային յարաբերութիւններու ծագման ընթացքին, որպէս տիրող դասակարգի՝ օրէնքի աստիճանի բարձրացուցած կամքի դրսեւորում, որ սկիզբը արտայայտուած է սովորոյթներու մէջ, յետագային դարձած է օրէնք։

Իրաւունք
Արդարութեան կինը՝ դիցուհին, որ կը ներկայացնէ արդարութիւն եւ կը կրէ թուր, որ կը ներկայացնէ դատարանին ուժը, եւ թէ ինչպէս այդ թուրը կը կտրէ օձին գլուխը, այսինքն՝ չարին, կշիռք՝ որ կը ներկայացնէ հաւասարութիւնը ու մրցումը, եւ աչքերու կապ՝ որ ցոյց կու տայ թէ արդարութիւնը պէտք է ըլլայ անկողմնակալ եւ ապահով բոլորին համար, առանց վախի կամ շահի զանազանութեամբ, կամ նոյնիսկ դրամի, հարստութեան, ուժի եւ ինքնութեան:

Այսօր, իրաւունք ըսելով, մարդիկ զայն կ'ըմբռնեն տարբեր իմաստներով՝

  1. Իրաւունք ըսելով՝ նկատի կ'առնուին ընկերային, իրաւական յաւակնութիւնները։
  2. Իրաւունքը կը դիտուի որպէս իրաւական վարքագիծերու համակարգ։
  3. Իրաւունք հասկացողութեան մէջ նկատի կ'առնուին պաշտօնապէս ընդունուած հնարաւորութիւնները, որոնցմով օժտուած են իրաւաբանական եւ ֆիզիքական անձինք։
  4. Իրաւունքը կ'օգտագործուի ցոյց տալու բոլոր իրաւական երեւոյթները (ներառեալ բնական իրաւունքը, առարկայական եւ ենթակայական իրաւունքը)։

Սահմանում

Ժամանակի ընթացքին խումբ մը օրէնքներ հաստատուեցան կամ փոխուեցան կամ ջնջուեցան եւ «Օրէնք»-ին իմաստը միշտ փոփոխութիւններու ենթարկուած է: 1973 թուականի բացատրութիւնը կ'ըսէ, թէ օրէնքը ձեւ մըն է որ կը կառավարէ մարդոց վարքը, միաժամանակ ազդելով անոնց ամէնօրեայ բարոյական եւ ընկերային վարուելակերպին վրայ, որ կայուն ու կարեւոր դեր կը խաղան օրէնքը յարգելու գծով:

Շատ ջանք ի գործ դրուած է եւ փորձեր կատարուած են որպէսզի ստեղծուի համաշխարհային ընդունուած իմաստ մը կամ բացատրութիւն մը տալու «օրէնք» բառին: 1972 թուականի աղբիւր մը կ'ըսէ թէ այս մէկը անկարելի է: Մեծ գիտնականներ «Ի՞նչ է օրէնքը» հարցումին պատասխան չեն գտած: Կլանվիլ Ուիլիըմս գիտնականը, ըսած է թէ «օրէնք» բառին իմաստը կապ ունի անոր նախադասութեան հետ, օրինակ՝ սովորական օրէնքը կամ քաղաքապետական օրէնքը ունին տարբեր իմաստներ: Ուրիշ մտաւորական մը՝ Թըրման Արնոլտ՝ ըսած է թէ անկարելի է «օրէնք» բառը բացատրել, սակայն այս մէկը երբեք պէտք չէ անտեսել:

Պատմութիւն

Օրէնքին ստեղծումն ու հիմնումը կապ ունի քաղաքակրթութեան զարգացման հետ: Հին եգիպտական օրէքները գոյութիւն ունէին Ք․Ա․ 3000 թուականէն եւ այս օրէնքները սահմանուած էին 12 գիրքերու մէջ, որ հաստատուած էին իրենց մշակոյթի, հաւասարակշռութեան եւ արդարութեան կանոններուն վրայ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՎրոցլավԱտիտասՄուշԽոսրովի ԱնտառՆայքի (Nike)1812 թուականՀայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն ՎարժարանՃիմի ՈւէյլզՎերածնունդԻսլամութիւնԱրմենակ ԽանփերեանցԱնաստաս ՄիկոյեանԵրեւանABBAԻպոլա (ժահրային հիւանդութիւն)ԿատակերգութիւնՀացՅովհաննէս ԹումանեանԶուիցերիաԼուտուիկ վան ՊեթհովէնԵոհան Սեպասթիան ՊախՍելենա ԿոմէզՔեմպրիճՊահքի տեսակներԱրամայիս ՍահակեանԸնկեր Փանջունի1895 թուականՄեծ Պահքի ԿիրակիներՖերնանտո ԲեսոաՀանրագիտարանՄակեդոնիա (հին թագաւորութիւն)Զապէլ ԵսայեանՍարգիս ՍերոբեանՑուլ (կենդանակերպ)ՓաստաբանՔարլես Փուճտեմոն1996ԽորանարդԱրաբական ԾովԱսկերանի ԲերդըԹենիսԼեզուաբանութիւնՍան Սթեֆանոյի ՊայմանագիրԿարսՔլիվլենտ (Օհայիօ)Շուշիի Մարիամեան Օրիորդաց ԴպրոցԹատրոնի Համաշխարհային ՕրՍտեփանակերտ28 ՅունուարԻզմիրՏանձ2001Սեւ խոռոչՏղմուտ (գետ)ԼիեժԱրցախի ժայռակերտ առիւծՔանտելուսիաՎրացական ԽոհանոցՄուսա Լերան 100 տարիները (գիրք)Գարեգին ՆժդեհԳուրգէն ՄահարիԳայթակղութիւն (հեռուստաշար)🡆 More