Զրադաշտականութիւն

Զրադաշտականութիւն, կրօնք, որ յառաջացած է հիմնադիր՝ Զրադաշտ անունէն, որ ապրած է Պարսկաստանի մէջ, Ք.Ա 6-րդ դարուն:

Զրադաշտականութիւն

Զրադաշտականութիւնը Հնդկաստանի մէջ հաստատուելէ ետք, հետեւորդները ճանչցուած են իբրեւ «Փարսիներ», որ կը նշանակէ «պարսիկներ»: Ժամանակի ընթացքին կրօնքը կոչուած է նաեւ Մազդայականութիւն՝ իրենց Ահուրա-Մազդային անունով:

Հետեւորդները եւ Տարածումը

Զրադաշտականներուն թիւը ներկայիս 150.000-էն աւելի չէ ամբողջ աշխարհի տարածքին: Անոնց կեդրոնացուած տեղը հնդկաստանի Պոմպէյ շրջանին մէջն է: Զրադաշտականները կ'ապրին հնդկական շրջաններուն մէջ:

Խորհրդանշաններ

Զրադաշտականներուն խորհրդանշանները կու գան Հին Պարսկաստանէն: Ամէնէն նշանաւոր խորհրդանիշը ֆրաւահար կոչուած թեւաւոր մարդն է: Շատ տեսութիւններ կան այդ նշանին իմաստին շուրջ: Զրադաշտականները կ'ընդունին Ահուրա-Մազդան, ուրիշներ Զրադաշտը կամ պարսիկ թագաւորներու հոգին:

Պատմութիւն

Զրադաշտականութիւն 

Զրադաշտականութիւնը հիմնուած է Զրադաշտ մարգարէին ուսուցումներուն վրայ: Հին Փարսիներու աղբիւրներուն հետեւելով, Զրադաշտ ապրած է Մեծն Աղեքսանտրէն 273 տարի առաջ, այսինքն Ք.Ա 6-րդ դարուն: Զրադաշտ անդամ էր քահանայական ընտանիքներու, որոնք Տիվաս կոչուած են:

30 տարեկանին Զրադաշտ կ'ունենայ յայտնութիւն մը, որ կը փաստէ, թէ Տիվա աստուածները իրական չեն, այլ՝ չար հոգիներ: Ան կը հասկնայ, որ միայն մէկ ճշմարիտ աստուած կայ, որ կը կոչուի Ահուրա-մազդա անունով, որ կը նշանակէ՝ «գովաբանած տէր»:

Երբ Զրադաշտ կը սկսի այս պատգամը ուսուցանել՝ բոլորէն կ'անտեսուի: Այդ իսկ պատճառով կը սկսի բազմաթիւ հետեւորդներ հաւաքել:

Զրադաշտական կրօնքը կը սկսի նահանջել Մեծն Աղեքսանտրի ժամանակ, երբ Պարսկաստանի վրայ կը տիրէ: Այնուհետեւ, ան կրկին կը տարածուի 500 տարի ետք, երբ գլխաւոր կրօնքը կը դառնայ պարսկական երկրորդ կայսրութեան, 200-600 թուականներուն: Երբ իսլամները կ'իշխեն Պարսկաստանի վրայ, 6-րդ դարուն, կրօնքը կը սկսի գոյատեւման պայքարի շրջան մը ապրիլ: Զրադաշտականներէն փոքր մաս մը կը մնայ Պարսկաստանի մէջ, ուր կը ճանչցուի իբրեւ կաբարներ (անկրօն, անհաւատ), մինչ մեծամասանութիւնը կը փոխադրուի Հնդկաստան, ուր անոնք կը կոչուին Փարսիներ:

Տնային Արարողութիւններ

Փարսին կամ պարսիկ տուներու մէջ կը գտնուի փոքր խորան մը իր զանազան սպասներով, որոնցմով անոնք վառ կը պահեն կրակը: Զրադաշտականները օրուան ընթացքին հինգ անգամ կ'աղօթեն: Նախքան աղօթքի սկսիլը, լուացման կարճ արարողութիւն մը կը կատարեն, ինչպէս նաեւ Իսլամները:

Զգեստներ

Փարսիները ներքնազգեստ չէին հագներ եւ անիկա յատկանշական էր իրենց հաւատքին համար: «Նաւճոթի»՝ ձեռնադրութեան ժամանակ, երիտասարդը կը ստանայ սուրբ անունը, որ կը կոչուի «Սուտրա» եւ հետը սուրբ գօտին, որ կը կոչուի «Քուսդի»: Հագուստը պատրաստուած է ճերմակ բամպակով եւ առջեւը ունի գրպան մը, որպէսզի բովանդակ կեանքին ընթացքին հաւաքէ լաւ արդիւնքներ: Գօտին շինուած է ճերմակ բուրդէ թելերով եւ երեք անգամ փաթթուած կ'ըլլայ մէջքին:

Աղբիւրներ

  • Կրօնից Պատմութիւն, Բիւզանդ Եղիայեան, Անթիլիաս,2005

Tags:

Զրադաշտականութիւն Հետեւորդները եւ ՏարածումըԶրադաշտականութիւն ԽորհրդանշաններԶրադաշտականութիւն ՊատմութիւնԶրադաշտականութիւն Տնային ԱրարողութիւններԶրադաշտականութիւն ԶգեստներԶրադաշտականութիւն ԱղբիւրներԶրադաշտականութիւնԻրան

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Աղասի ԱյվազեանԴանիէլ ՎարուժանՍ. ԶատիկԼուսին2001ԵրուխանԱրցախի ՀանրապետութիւնՁիՀրանդ (անձնանուն)ՏալասՄիսաք ԹորլաքեանՓարիզԲաշ Ապարանի ՃակատամարտՀամշէնցիներԶրադաշտականութիւնՉինարէն20 ՍեպտեմբերԳրիգոր ԶօհրապՓորթուկալԽոսրով Բ.ՏարրաբանութիւնԺորժ ԿառվարենցԱրեւմտեան ՀայաստանՀայաստանի Պատմական ՄայրաքաղաքներԹաւրիզԵպիսկոպոսԷլիզապէթ Բ.Խորէն Ա.Ալճերիա25 ՍեպտեմբերԹոքախտՔիմ ՔարտաշեանԱրաքս (գետ)ՔաթալոնիաՅունաստանԾխախոտՔլէոփաթրաԺայռապատկերԱխթալայի Վանք1 ԴեկտեմբերՄհերի ԴուռՍուրբ Ստեփանոսի Մայր Տաճար (Վիեննա)Գրիգոր ՏաթեւացիԱսիաՔարէն ԵփփէՀայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի ՆախարարութիւնԻտալիաՈսկրափխրութիւնՍուրբ ԾնունդԽոսրովի ԱնտառՄոզիլլա ՖայրֆոքսՇերամ (գուսան)Արամ ՀայկազՈւյղուրներԶուիցերիաՎենետիկՄիջագետքՀրայր ԴժոխքՅունարէնԱշոտ Ա. ԲագրատունիՎատիկանՀամակարգիչ1769 թուականՍահարա ԱնապատԿարմիր ԾովԳիրքԻրանԱնթոնինա Մահարի1719 թուականԳերմաներէն31 ՄարտԾաղիկՄականունՍեւ խոռոչ🡆 More