Կաղապար:Տեղեկաքարտ Երկիր
Զիմպապուէ (պաշտօնապէս՝ Զիմպապուէի Հանրապետութիւն անգլերէն՝ Republic of Zimbabwe, մինչեւ 1980 թուականը՝ Հարաւային Ռոտեզիա)՝ Ափրիկէի հարաւին գտնուող երկիր:
Բրիտանական համագործակցութեան անդամ է։
Ունէ տասնչորս պաշտօնական լեզու, որոնցմէ է անգլերէնը: Կը գտնուի Զամպեզի եւ Լիմփոփոյ գետերուն միջեւ:
«Զիմպապուէ» անունը կը ծագէ երկրի հարաւ-արեւելեան մասին եղած հնագոյն աւերուած քաղաքի շոնայերէն անունէն: Աղբիւրներէն շատեր կը համարեն, որ անունը կը սերէ «ծիմպա-ծա-մապուէ»-էն, որ կը նշանակէ՝ քարեայ մեծ տուներ:
Զիմպապուէն պաշտօնապէս յայտնի եղած է Հարաւային Ռոտեզիա (1898), Ռոտեզիա (1965) եւ Զիմպապուէ Ռոտեզիա (1979) անուններով՝: Զիմպապուէ անունն առաջին անգամ յիշատակուած է 1960-էն սեւ ազգայնական Մայքըլ Մաուէմային (անգլերէն՝ Michael Mawema) կողմէ: «Ռոտեզիա» (անգլերէն՝ Rhodesia) եզրը ծագած է 19րդ դարու առաջին գաղութարար Սէսիլ Ճոն Ռոուտսի (անգլերէն՝ Cecil Rhodes) մականունէն:
Զիմպապուէն Ափրիկէի հարաւի փակ երկիր է կը գտնուի 15րդ ու 23-րդ հարաւային զուգահեռականներուն եւ 25րդ ու 34-րդ արեւելեան միջօրէականներուն միջեւ: Սահմանակից է հարաւէն Հարաւային Ափրիկէին, արեւմուտքէն եւ հարաւ-արեւմուտքեն՝ Պոթսուանային, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Զամպիոյ եւ Մոզամպիքին՝ արեւելքէն եւ հիւսիս-արեւելքէն: Անոր հիւսիս արեւմտեան անկիւնը 150 մեթրի վրայ է Նամիպիայէն, համարեայ թէ ձեւաւորելով չորս երկիրներու հատման կէտ: Երկրին տարածքի մեծ մասը բարձրադիր է, տեղադրուած է 1 000-էն մինչեւ 1 600 մ բարձրութեան հարաւ-արեւմուտքէն դէպի հիւսիս ձգուող կեդրոնական Մաթապելէ եւ Մաշոնա սարաւանդներուն վրայ: Երկրի ծայր արեւելքը լեռնային է, ամէնաբարձր 2 592 մ բարձրութեան Նեանկանի լեռնագագաթով:
Տարածքի մօտաւորապէս 20%-ը 900 մեթրէն ցածրադիր է: Երկրի ծայր հիւսիս-արեւելքին կը գտնուի եւ Զամպեզի գետի մաս կը կազմէ աշխարհի ամէնամեծ եւ տեսարժան ջրվէժներէն մեկը՝ Վիքթորիա ջրվէժը: Խոշոր գետերն են Զամպեզին եւ Լիմփոփոն։
Զիպապուէն ունի արեւադարձային քլիմա: Կեդրոնական բարձրավանդակին որոշ մասերուն բնորոշ են ձմեռուայ սառնամանիքները: Անձրեւային սեզոնը հիմնականին կը տեւէ Հոկտեմբերէն մինչեւ Մարտը: Պարբերաբար կը պատահեն երաշտներ, վերջինը եղած է 2015-ի սկիզբին եւ տեւած է մինչեւ 2016-ը:
Երկրի մեծ մասը կը զբաղեցնեն սաւաննաները, թէեւ արեւելեան խոնաւ սարաւանդներուն վրայ կը տիրապետէն արեւադարծային մշտադալար անտառները: Յաճախ հանդիպող ծառատեսակներէն են թեքիները, մահոկանին, վիթխարի թզենիներու հազւագիւտ տեսակները:
Ցածրադիր գոտիներուն տարածուած են ջերմասէր ծառերը եւ մեծ տարածում ունեն պաոպապները:
Զիմպապուէի տարածքին հնարաւոր է գտնել 350 տեսակի կաթնասուններ: Կան նաեւ մեծ քանակութեան օձեր ու մողեսներ, 500-էն աւելի թռչնա- եւ 131 ձկնատեսակներ:
20րդ 80-ական թուականներէն Զիմպապուէն կը գտնուէր Մեծ Բրիտանիոյյի տիրապետութեան տակ։ 1895 թուականէն կոչուած է եղած Հարաւային Ռոտեզիա (գաղութային զաւթման կազմակերպիչ Ճոն Ռոտսի անունով), ապա՝ 1953-էն մինչեւ 1963 թուականը եղած է Ռոտեզիաներու եւ Նեասալենտի Դաշնութեան կազմին մէջ։ 1970 թուականին անկախութիւն ձեռք բերելէն ետք կոչուեցաւ Ռոտեզիոյ Հանրապետութիւն, 1980 թուականի Փետրուարէն՝ Զիմպապուէի Հանրապետութիւն։
Զիմպապուէն կառավարման նախագահական համակարգով հանրապետութիւն է: Կիսանախագահական համակարգը վերացուած է 2013-ի հանրաքուէով: Ռապըրթ Մուկապէի Զիմպապուէի Ափրիկէական Ազգային Միութիւն-Ազգային Ճակատը (ԶԱԱՄ-ԱՃ) գերակշռող քաղաքական կուսակցութիւնը եղած է անկախութենէ ի վեր:
ԶԱԱՄ-ը յաղթած է բոլոր ընտրութիւնները, 1990-ին Էտկար Թեքերէի Զիմպապուէի Միացեալ Շարժումը ստացած է ձայներու 20%-ը: 1995-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդդիմադիր կուսակցութիւնները, ներառեալ ԶՄՇ-ը պոյքոթեցին ընտրութիւնները: 2000-ին վերադառնալով ընտրութիւններուն, ընդդիմադիրները խորհրդարանէն ներս ստացան 57 տեղ, որն ընդամենը ԶԱԱՄ-էն հինգով էր պակաս: Նախագահական ընտրութիւնները կրկին անցկացաուած են 2002-ին, ուղեկցուելով կեղծիքներով, ահաբեկումներով եւ խարդախումներով: 2008-ի 30 Մարտին կայացած ընտրութիւններուն արդյունքները եղած էին ընդդիմութեան առաջնորդ Մորկան Ցուանկիրաիի օգտին: Այս արդիւնքները չեղեալ արուեցին հաստատելով Մուկապէի կառավարութեան կողմէն կատարուած ընտրակեղծիքները:
Զիմպապուէի ամբողջ բնակչութիւնը 12.97 միլիոն է: Համաձայն ՄԱԿ-ի Առողջութեան Աշխարհային Կազմակերպութեան տղամարդոց կեանքին տեւողութիւնը 56 տարի է, կիներունը՝ 60 (2012). Զիմպապուէին մէջ ՁԻԱՀ/ՄԻԱՎ-ով վարակուածութեան աստիճանը 15-49 տարեկաններուն համար 2009-ին գնահատուած է 14% : ԻՒՆԷՍՔՕ-ն զեկուցած է, որ յղի կիներու շրջանին վայրըսակիրներու քանակը 2002-ի 26%-էն իջած է 2004-ի 21%:
Զիմպապուէացիներու 85%-ը քրիստոնեայ է, բնակչութեան 62%-ը կաոնաւոր կը մասնակցէ կրօնական ծեսերուն:
Բնակչութեան մեծմասնությւնը կը կազմեն շոնաները՝ 70%, նտեպելէները կը կազմեն 20%-ը: Նտեպելէները 19րդ դարուն զուլուներէն առանձնացած եւ այլ ցեղերուն միախառնուած են: Մինչեւ մեկ միլիոն նտեպելէներ հեռացած են երկիրէն վերջին հինգ տարիներուն, հիմնականը՝ դէպի Հարաւային Ափրիկէ: Պանթուներու այլ խումբերը կը կազմեն 2-էն 5%-ը՝ վենտաներ, թոնկաներ, շանկաաններ, քալանկաներ, սոթոներ, նտաուներ, թսուանաներ:
Ազգային փոքրամասնութիւնները, որոնցմէ են նաեւ ճերմակները, կը կազմեն բնակչութեան 1%-էն պակասը: Ճերմակ զիմպապուէացիները հիմնականը ունեն բրիտանական ծագում, կան նաեւ յոյներ, փորթուկալցիներ, ֆրանսացիներ: Անոնց առաւելագոյն թիւը եղած է 1975-ին՝ 278 000, որը կը կազմեր բնակչութեան 4.3%-ը 199-ին հասած էր 120 000-ի, 2002-ին կը կազմեր 50 000-էն պակաս: 2012-ին ճերմակներու քանակը գնահատուած է 28 782՝ բնակչութեան մօտաւորապէս 0.22%-ը, որը 1975-ին եղածի մեկ տասներորդն է: Առաւել մեծ արտագաղթը եղած է դէպի Միացեալ թագաւորութիւն, Հարաւային Ափրիկէ, Պոթսուանա, Զամպիա, Քանատա եւ Աւստրալիա: Գունաւորները կը կազմեն բնակչութեան 0.5%, որոնք հիմնականին հնդիկներ եւ չինացիներ են:
Հայերուն թիւը կը հասնէ երեսունի: Հիմնականին կը զբաղին առողջապահութեան ոլորտին մէջ:
Կաղապար:Հարեւան Երկիրներ
Կաղապար:Ծանցանկ2
Ուիքիպահեստ նախագիծի Զիմպապուէ ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
Կաղապար:Զիմպապուէի Նախագահներ Կաղապար:Ափրիկէի Երկիրներ
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Զիմպապուէ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.