Դողտենդ կամ Մալարիա յունարէն լեզուով կը նշանակէ վատ օդ։ Մալարիան մակաբուծային (parasitic) բորբոքում մըն է, որ կը յատկանշուի հիմնականօրէն դողով եւ տենդով։ Ուստի կարելի է մալարիան հայերէնով կոչել «դողտենդ»: Հայկական բառարաններու մէջ յիշուած է «դողեռոցք-դողայրուցք»`իբրեւ ժողովրդական անուանում մալարիայի: Մալարիան յաճախ հայերէնով կոչուած է նաեւ ճահճատենդ կամ ճահճային տենդ, որովհետեւ անիկա առաւելաբար կը տեսնուի ճահճային վայրերու մէջ:
Դողտենդ | |
---|---|
| |
ՀՄԴ-9 | 084 |
ՀՄԴ-10 | B50-B54 |
OMIM | 248310 |
MedlinePlus | 000621 |
eMedicine | 1385 |
MeSHID | C03.752.250.552 |
Disease Ontology | 7728 |
Դողտենդը կը զարգանայ 4 տեսակ փլազմոտիւմ (plasmodium) կոչուած մակաբոյծերէ (parasite), որոնք կը հարուածեն մարդ արարածը: Անոնք կը կոչուին`
Այս մակաբոյծերուն փոխանցումը վարակուած անձէ մը առողջ անձի մը կը կատարուի անոֆիլիս (anopheles) կոչուած մժեղի լորձունքին միջոցով։ Գոյութիւն ունին 20 տարբեր տեսակի անոֆիլիս մժեղներ, որոնք կը խայթեն ընդհանրապէս գիշերուան ընթացքին եւ կ'ապրին խոնաւ ու ճահճային վայրեր։
Դողտենդը կը փոխանցուի նաեւ յղիէն իր սաղմին եւ վարակուած անձի մը արեան փոխներարկումով (transfusion) առողջ անձի մը։
Դողտենդը վարակիչ եւ մտահոգիչ հիւանդութիւն մըն է։ Համաշխարհային Առողջապահական Կազմակերպութեան տեղեկագրութիւններուն համաձայն, ամբողջ աշխարհի տարածքին 300 միլիոնէ աւելի մարդիկ կը վարակուին ամէն տարի եւ 1-2 միլիոն մահեր կը պատահին տարեկան։ Մահացողներուն մեծամասնութիւնը անչափահասներ են։ Անիկա տեղաճարակ (endemic) հիւանդութիւն մըն է Ափրիկէի մէջ, հարաւային Ասիոյ, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներու մէջ:
Երկրագունդի դողտենդի առաւել տարածուած շրջաններուն մէջ ապրող ընդհանուր բնակչութեան թիւը կը կազմէ մօտաւորապէս 2,4 պիլիոն մարդ կամ աշխարհի բնակչութեան գրեթէ 40%-ը։ Դողտենդով ամէն տարի կը վարակուին 350-500 միլիոն մարդ եւ այդ թիւը կ'աւելնայ տարեկան 16%-ով, տարուան ընթացքին կը մահանայ մօտաւորապէս 1,3-3 միլիոն մարդ ։
Դողտենդը կը հարուածէ ամբողջ մարդկութիւնը, բայց առաւելաբար՝ երեխաները, յղի կիները, տկար դիմադրողականութիւն ունեցողները, մարդկային դիմադրողականութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV) ունեցողները, ընկալուած դիմադրողականութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS) ունեցողները եւ դողտենդի տեղաճարակ վայրեր ճամբորդող առողջ անհատներ։
Անոֆիլիս մժեղը կը խայթէ դողտենդէ վարակուած անձ մը եւ կը ծծէ անոր արիւնը, որ կը պարունակէ փլազմոտիում մակաբոյծերը։ Յաջորդ մէկ երկու շաբաթներու ընթացքին մակաբոյծերը կը բազմապատկուին մժեղին մէջ եւ կ'արտադրեն վարակիչ փլազմոտիում բջիջները։ Երբ այս մժեղը առողջ անհատ մը կը խայթէ, իր մէջ ունեցած վարակիչ փլազմոտիում բջիջները կը փոխանցէ անոր։ Վարակիչ բջիջները կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ եւ կը հասնին լեարդ ու կը վարակեն լեարդին առողջ բջիջները։ Վարակիչ բջիջները լեարդին մէջ կը հասուննան, կը ծաւալին եւ կ'արտադրեն հազարաւոր նոր բջիջներ, որոնք 2-3 շաբաթներու ընթացքին ետ կը մտնեն առողջ մարդուն արեան շրջագայութեան մէջ, ուր կը հարուածեն կարմիր գնդիկները եւ կը ներխուժեն անոնց մէջ։ Հոն փոփոխութիւններու կ'ենթարկուին եւ կը մեծնան։ 48 ժամ ետք կարմիր գնդիկները կը բացուին եւ փոփոխութեան ենթարկուած մակաբոյծերը ազատօրէն կը շրջագային արեան մէջ ու կը յարձակին ուրիշ առողջ կարմիր գնդիկներու վրայ։ Այս հանգրուանին կը սկսին դողտենդի ախտանշանները։ Վարակող բջիջներէն մաս մը կ'ապրի լեարդին մէջ ամիսներ եւ տարիներ՝ առանց դողտենդի յայտնաբերումին։
Առաջին վարակումէն ետք անհատը կ'ունենայ մասնակի եւ ժամանակաւոր դիմադրողականութիւն։ Տեղաճարակ շրջաններէ վերադարձողներ քանի մը ամիսներ կ'ունենան որոշ դիմադրողականութիւն։
Դողտենդը կը բնորոշուի հետեւեալ ախտանշաններով.
Դողը եւ ջերմը կը պատահին այն հանգրուանին, երբ վարակուած կարմիր գնդիկներէն դուրս կու գան վարակիչ փլազմոտիում բջիջները։ Նոպայական ջերմը կը հասնի մինչեւ 40 աստիճանի, որուն առընթեռ՝ յոգնածութիւն, ուժասպառութիւն, մկանային ցաւ, գլխացաւ, սիրտի արագ զարկ եւ նողկանք։ Ջերմը կը մեղմանայ 4-6 ժամ ետք առատ քրտինքով:
Դողտենդի ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան յատուկ քննութեամբ մը, որմով կը հաստատուի փլազմոտիում մակաբոյծի գոյութիւնը։
Առողջ մարդ մը դողտենդի տեղաճարակ շրջանէ մը վերադառնալէ ամիսներ ետք կրնայ բացայայտ դողտենդ ունենալը, որովհետեւ ան խայթուելէ ետք վարակուած մժեղի մը կողմէ, իր լեարդին մէջ կուտակուած վարակիչ փլազմոտիում բջիջները յանկարծ կրնան արեան շրջագայութեան անցնիլ եւ յարձակիլ կարմիր գնդիկներուն վրայ։
Դողտենդը կանխարգիլելի հիւանդութիւն մըն է։ Հետեւեալ միջոցառումներով կրնանք կանխարգիլել այս համատարած հիւանդութիւնը.
Այն անձերը, որոնք դողտենդի տարաճարակ երկիրներ կը ճամբորդեն, այս դեղերը պէտք է առնեն ճամբորդութիւնէն գոնէ 10 օր առաջ։
Մինչեւ օրս մալարիայի դէմ պատուաստ (vaccine) չէ գտնուած, սակայն շատ մը ուսումնասիրութիւններ կը կատարուին համաշխարհային գետնի վրայ այս առնչութեամբ։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Դողտենդ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.