Արհեստական Բանականութիւն Անգլերէն՝ (artificial intelligence) կը յապաւուի՝ ԱԲ (Անգլերէն՝ AI), մեքենաներուն ցուցաբերաց գիտելիքի եւ տեղեկութեան ըմբռնումը (ընկալում), համադրումը եւ մակաբերումն է, ի տարբերութիւն այն բանականութեան զոր կը ցուցադրեն մարդ արարածներն ու ոչ-մարդկային կենդանիները։ Արհեստական բանականութեան կատարած գործերէն կարելի է օրինակ բերել՝ խօսքի ճանաչում (Անգլերէն՝ Speech Recognition) Համակարգչատեսողութիւն (Անգլերէն՝ Computer Vision) միջ-բնական լեզուներու (մարդկային լեզուներ) թարգմանութիւն (Անգլերէն՝ translation between natural languages), մուտգագրութեանց (Անգլերէն՝ Input) այլ քարտէսագրումներու կողքին։
Արհեստական բանականութեան կիրարկութիւնները կը ներառեն`
Արհեստական բանականութեան հետազօտութեան զանազան ենթադաշտերէն ամէն մէկը կը կեդրոնանայ յատուկ նպատակներու եւ յատուկ գործիքներու գործածելուն վրան։ ԱԲ-ի հետազօտութեան աւանդական նպատակները կը պարփակեն տրամաբանութիւն (դատողութիւն), գիտութեան ներկայացում, ծրագրում (ծրագիր կազմել), սորվում (սորվիլ), բնական (մարդկային, կամ ոչ-ծրագրաւորումի) լեզուներու մշակում, ըմբռնում, եւ առարկաներու ձեռնավարելու եւ շարժելու կարողութիւնը։ Ընդհանուր ուշիմութիւն, այսինքն կամայական խնդիր մը (Անգլերէն՝ an Arbitrary Problem) լուծելու կարողութիւնը, այս դաշտին երկարաժամկէտ նպատակներէն է։ Այս խնդիրները լուծելու համար, ԱԲ ոլորտի գիտաշխատողները որդեգրած ու ամբողջակրած են խնդիր-լուծելու եղանակներու ընթարձակ շարք մը, ներառեալ Որորնում եւ Ուսողական Ծրագրաւորում (Անգլերէն՝ mathematical optimization), Ձեւական Տրամաբանութիւն (Formal Logic), Արհեստական Ջղաբջիջային Ցանց (Անգլերէն՝ Artificial neural network), վիճակագրութեանց վրան հիմնուած եղանակներ (մեթոտներ), հաւանականութիւն (Անգլերէն՝ Probability) եւ տնտեսագիտութիւն։ «ԱԲ»-ն նաեւ կը հետապնդէ Համակարգչաբանութիւնը (Համակարգչային Գիտութիւն, Անգլերէն՝ Computer Science), Հոգեբանութիւնը, Լեզուաբանութիւնը, Իմաստասիրութիւնը (Փիլիսոփայութիւն) եւ բազում ուրիշ դաշտեր ու ոլորտներ։
Այս ասպարէզը հիմնադրուեցաւ այն ենթադրութեան վրայ որ կ՚ըսէ թէ՝ «մարդկային բանականութիւնը կարելի է այդքան ճշգրիտօրէն նկարագրել որ կարելի է անոր օրինակող գործիք մը շինել»։ Այս մէկը յառաջ բերաւ իմաստասիրական (փիլիսոփայական) բանավէճներ, մարդուն նմանող եւ անոր բանականուեանն ու միտքին կերպակից մտացիութեամբ էակներ ստեղծելուն բարոյական հետեւանքներուն մասին։ Այս խնդիրները վաղօրօք ուսումնասիրուած էին դիցավէպերու, առասպելներու, եւ իմաստասիրութեան (փիլիսոփայութեան) կողմէն հնադարէն (Անգլերէն՝ Antiquity) ի վեր։ Համակարգչագետներն ու իմաստասերերը (փիլիսոփաներ) կը թելադրեն թէ «ԱԲ»-ն գոյացական վտանգ դառնալ մարդկութեան համար, եթէ եթէ անոր բանական կարողութիւններն ու ատակութիւնները չուղղուին դէպ ի շահաւէտ եւ արդիւնաբեր նպատակներ։ Արհեստական Բանականութիւն եզրոյթը ենթարկուած է քննադատութեան ԱԲ-ի իսկական կարելիութիւնները գերագնահատելու եւ պէտք եղածէն աւելի բարձր արժեւորելու համար։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Արհեստական Բանականութիւն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.