Ապրիլ, տարուան չորրորդ ամիսը, ըստ Գրիգորեան օրացոյցի, ունի 30 օր։
Ապրիլ ամսուան լատիներէն՝ Aprilis անունը կը ծագէ aperire բայէ եւ կը նշնակէ «բացում», նկատի առնելով, որ ապրիլին կը բացուին դաշտերու եւ ծառերու ծաղիկները։ Քանի որ հռովմեացիներու կարգ մը ամսանուններու շնորհուած են աստուածութիւններու անուններ, կարծիք կայ նաեւ, որ Ապրիլ իր անունն ստացած է Վեներայէն, նամանաւանդ, որ անոր Վեներալիումները կը սկսէին Ապրիլ ամսուան: Ինչպէս նաեւ Ապրիլ անունը, որ կը գրուէր նաեւ Aphrilis, յունական Ափրոտիթէի (Aphros) անունէն ծագած կը համարուի։
Ապրիլը հռովմէացիներու ամենէ վաղ օրացոյցին երկրորդ ամիսը եղած է մինչեւ Ianuarius-ը եւ Februarius-ը շուրջ Ք.ա. 700-ին աւելցնելը: Ապրիլը կը համապատասխանէ՝ հին հայկական տոմարի, «Ահեկան» ամսուն։
Ապրիլի առաջին օրը կը նշուի՝ խաբելու օրը։
Ապրիլի 24-ին, Հայաստանի մէջ եւ ամբողջ սփիւռքի տարածքին կը նշուի՝ 1915 թուականին, Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը։
Ապրիլը նկարներու մէջ |
Ուիքիպահեստ նախագիծի Ապրիլ ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ապրիլ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.