Աղուէս

՞
Աղուէս
Աղուէս
Գիտական դասակարգութիւն
Թագաւորութիւն Անասուն
Տիպ Քորտաւորներ
Դաս Կաթնասուններ
Կարգ Գիշատիչներ
Ընտանիք Շնազգի
Ցեղ Աղուէս
Լատիներէն անուանում
Vulpes
 Frisch 1775 
Տեսակներ

  • Պենկալեան աղուէս (Vulpes bengalensis)
  • Աֆղանական աղուէս (Vulpes cana)
  • Հարաւ-Ափրիկեան աղուէս (Vulpes chama)
  • Դաշտաղուէս (Vulpes corsac)
  • Թիպեթեան աղուէս (Vulpes ferrilata)
  • Կատուանման աղուէս (Vulpes macrotis)
  • Ափրիկեան աղուէս (Vulpes pallida)
  • Անապատային աղուէս (Vulpes rueppellii)
  • Ամերիկեան դաշտաղուէս (Vulpes velox)
  • Սովորական աղուէս (Vulpes vulpes)
  • Ֆեննեք (Vulpes zerda)

Աղուէս
Դասակարգումը
Ուիքիցեղերու մէջ

Աղուէս
Պատկերներ
Ուիքիպահեստի մէջ




Աղուէս (լատ.՝ Vulpes), շնազգիներէն՝ գիշատիչ կաթնասուններու ցեղ։

Հայաստանի Հանրապետութեան բոլոր մարզերուն մէջ տարածուած է սովորական աղուէսը (V. vulpes), որ ունի երկու ենթատեսակ՝ անդրկովկասեան եւ հայկական։

Արտաքին Կառուցուածք

Աղուէսը աւելի փոքր է, քան միջին չափի ընտանի շուները, կը բնութագրուի երկար նեղ դունչով եւ թաւ պոչով (երկայնքը՝ 40-60 սմ)։

Աղուէսին երկայնքը կրնայ հասնիլ մինչեւ 90 սմ-ի, կշիռքը՝ 5-8 քկ։ Ստեւները խիտ են, փափուկ՝ բաց սրճագոյն, յարդակարմրադեղնաւուն եւ այլ երանգներով։ Գազանաբոյծեր կը բուծանեն արհեստական միջոցներով յառաջացած սեւ, արծաթափայլ եւ թանկարժէք մուշտակ ունեցող աղուէսներ (Հայաստանի մէջ նման տնտեսութիւն կա Լոռիի մարզին մէջ)։ Ականջներու արտաքին մասը սեւ է, ոտնաթաթերուն տակը՝ մորթապատ։

Կ'ապրի 15 տարի։

Ընդհանուր Տեղեկութիւններ

Աղուէս 
Մայր աղուէսը ձագին հետ

Աղուէսը խելացի, խորամանկ ու ճարպիկ անասուն մըն է։ Եթէ հարկ ըլլայ իր կեանքը փրկել կամ սնունդ հայթայթել, ան իր հնարամտութեամբ կը գերազանցէ այլ անասուններ, բայց երբեմն, հետաքրքրութենէ մղուած, ան «կ'արհամարհէ» զգուշութիւնը։ Աղուէսը փորձանքներէ հեռու կը պահեն քօղարկուելու իր իւրայատուկ հմտութիւնը, սուր լսողութիւնը, տեսողութիւնը եւ յատկապէս՝ հոտառութիւնը: Սուր հոտառութեան շնորհիւ, թշնամիին ներկայութիւնը կը զգայ հեռուէն եւ կը յաջողի ժամանակին փախչիլ կամ թաքնուիլ։ Իսկ լսողութիւնը կ'օգնէ սնունդ հայթայթելու համար։ Ձմրան, աղուէսը ականջ կը դնէ ձիւնին տակ վազվզող մուկերուն, նոյնիսկ ամենաթոյլ ծըւծըւոցը լսելով, կը յաջողի գտնել զանոնք։

Միջավայր

Աղուէսը կը բնակի գետնափոր որջերու մէջ (իւրաքանչիւրը ունի քանի մը բնանցք), զորս կը կառուցէ բլրալանջերու վրայ, կը զբաղեցնէ գորշուկին հին որջը կամ կը թաքնուի ժայռաճեղքերու եւ այլ բնական թաքստոցներու մէջ։ Յաճախ կ'ապրի բնակավայրերէն ոչ հեռու։ Աղուէսը տարածուած է բոլոր ցամաքամասերուն մէջ, բացի Անթարքթիքայէն, իսկ Աւստրալիա տարած են Եւրոպայէն։ Նշանաւոր է 9 տեսակ, Հայաստանի մէջ կը հանդիպի մէկը՝ սովորական աղուէսը, 2 ենթատեսակով՝ անդրկովկասեան եւ հայկական։

Սնունդը

Աղուէսը կը սնանի նապաստակներով, գորտերով ու մողէսներով, մեծ միջատներով (առաւելապէս՝ մորեխներով), երբեմն կրնայ աւերել գետինը ապրող թռչունին բոյնը։ Սակայն անոր հիմնական սնունդը մուկերն ու մանր կրծողներն են (դաշտամուկեր, աւազամուկեր, ճագարամուկ, առնէտ եւ այլն)։ Տարուան ընթացքին աղուէսը կ'ոչնչացնէ քանի մը հազար մկնանման վնասակար կրծողներ, իսկ ձագերուն հետ՝ երկու-երեք անգամ աւելի, ինչ որ մեծ օգուտ կը բերէ գիւղատնտեսութեան։ Ամրան աղուէսը կը սնանի բոյսերու որոշ տեսակներով։ Աշխոյժ կը գործէ օրուան բոլոր ժամերուն, առաւելապէս՝ լուսաբացին եւ մայրամուտին։

Բազմացումը Եւ Ձագերը

Կտղուցի շրջանին մէջ (Յունուար-Փետրուարին) արուներու միջեւ տեղի կ'ունենայ էգին տիրելու պայքար մը։ Յղութիւնը կը տեւէ 52-56 օր։ Այդ ընթացքին արուն չի հեռանար էգէն, կը մաքրէ անոր վրայի մակաբոյծերը, կը թարմացնէ բոյնը, սնունդ կը հայթայթէ եւ այլն։ Կ'ունենայ 4-6 (երբեմն՝ 12) ձագ։ 17-19 օրական ձագերը կրնան դուրս սողոսկել բոյնէն, երկար ժամանակ խաղալ բոյնին շրջակայքը, իսկ վտանգի պարագային՝ անմիջապէս թաքնուիլ։

Պատկերասրահ

Մշակոյթի Մէջ

Աղուէս 
Ռէյնար աղուէսը
  • «Աղուէսագիրքը» 1668-ին Ամսթէտամին մէջ հրատարակուած հայկական միջնադարեան առակներու ծողովածուն է
  • Ռէյնար (ֆրանսերէն՝ Renard) անունով աղուէսը ֆրանսական միջնադարեան երգիծական պատումներու հերոսն է
  • Աղուէսն Ու Որսաշունը (անգլերէն՝ The Fox and the Hound) 1981-ին Ուոլթ Տիզնիի սթուտիոյ մէջ նկարահանուած շարժանկար
  • Անապատի Աղուէս (անգլերէն՝ Operation Desert Fox)՝ 1998 դեկտեմբերին Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Միացեալ Թագաւորութեան իրականացրած գործողութիւնը
  • Աղուէսի պատկերով է Մոզիլլա Ֆայրֆոքս-ի լոկօն
    • Ասացուածքներ
      • Աղուէսին դունչը խաղողին չհասաւ, ըսաւ՝ խակ է
      • Խորամանկ աղուէսը երկու ոտով կ'իյնա թակարդը
      • Աղուէսի վկան իր պոչը կ'ըլլայ

Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ

Հայկական Հաանորգիտարան, աղուէս Archived 2021-03-05 at the Wayback Machine.

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստանի բնաշխարհ» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Աղուէս 

Tags:

Աղուէս Արտաքին ԿառուցուածքԱղուէս ՊատկերասրահԱղուէս Մշակոյթի Մէջ[1]Աղուէս ԾանօթագրութիւններԱղուէս Արտաքին յղումներԱղուէս

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Տրդատ ճարտարապետՇաքարախտԶուիցերիաԱւստրիաԳրիգոր ԶօհրապԿցական բարդութիւնԱնաֆիՕքլըտնի ՀամալսարանՅունաստանԳառնիկ ԲանեանՇուէտի Բանակի ԹանգարանԱրաբական Միացեալ Էմիրութիւններ15 ԱպրիլԼեզուի վերակենդանացում14 ԱպրիլԱրշակ Բ.Շուշիի Ազատագրումը (1992)Եբրայերէն11 ՄարտՍպիտակ ԱրջՍ. ԶատիկՅուլեան տոմար2021 թուականԵուկոսլաւիա1858 թուականՔրիսթիանօ ՌոնալտօԱնանիա ՇիրակացիՍեւան ՆշանեանԼոնտոնՔենիաԼեզուաբանութիւնՔոլումպիաԿոստան ԶարեանԿարէն ԿարապետեանՍոթք1898 թուականԱրա Շիրազ12 ՄարտՎահէ ՖաթթալԻրանԵրկուշաբթիՄիսաք ՄեծարենցՎլատիմիր Լենին1937 թուականՖութպոլի Աշխարհի ԱխոյեանութիւնըԿարինԶարեհ Արք. ԱզնաւորեանԶապէլ ԵսայեանՀնդկաստանԱսիաՊարսելոնա ՈԱԱշխապատԴեկտեմբերՀայր ՄերՔրիստոնէութիւնԿորնթոսի Ջրանցքը1619 թուականԱրաբական ԹիւերԵփրատ գետԱնդրանիկ ՔոչարեանԲարդ բառերՅովհաննէս ՅովհաննիսեանՀայաստանի ԶինանշանԱնիՎահրամ ՓափազեանՅունարէնՆիկողայոս ԱդոնցԻնքնիշխան պետութիւնՇահան ՇահնուրԱւստրալիաՖրանսերէնՂազար ՓարպեցիՕգոստոսՓարիզ🡆 More