Ծծումբ (լատ.՝ Sulfur), քիմիական տարր է, որուն նշանն է S, կարգաթիւը՝ 16, հիւլէական զանգուածը՝ 32,066:
Ծծումբը եւ անոր միացութիւնները մարդկութեան ծանօթ են հնագոյն ժամանակներէն։ Անիկա կը յիշատակուի Աստուածաշունչին եւ Հոմերոսի բանաստեղծութիւններուն մէջ։ Մաքուր բիւրեղային տեսքով յայտնաբերուած ամէնէն ատարածուած տարրերէն է:
Ծծումբը դեղին գոյնի բիւրեղային նիւթ մըն է։ Անիկա դիւրութեամբ կը հալի 100°C-էն քիչ մը աւելի բարձր ջերմաստիճաններուն։ Ծծումբը ուժեղ տաքցնելու ատեն կը յառաջանան մութ շագանակագոյն շոգիներ։ Արագ սառեցնելու պարագային ծծումբին շոգիները անմիջապէս, առանց հեղուկի վերածուելու, կը փոխարկուին նրբագոյն փխրուն փոշիի, որ կը կոչուի ծծմբածաղիկ։
Երկրակեղեւին ծծումբին պարունակութիւնը 0,05% է: Կը հանդիպինք ինչպէս ազատ (բնածին ծծումբ), այնպէս ալ միացութիւններու՝ գերազանցապէս ծծմբատներու, օրինակ՝ ZnS, PbS, Cu2S, FeS2, եւ սուլֆաթներու, օրինակ՝ CaSO4.2H2O, Na2SO4.10H2O ձեւով։
Պարբերական համակարգի 6-րդ խումբի գլխաւոր ենթախումբին մէջ է։ Իսկ ջրածինի եւ թթուածինի միացութիւններուն մէջ բաղկացած է տարբեր իոներներէ. կը փոխազդուի գրեթէ բոլոր թթուներուն եւ աղերուն հետ։ Անիկա ոչ մետաղական տարր մըն է, որ կը ներկայանայ ինչպէս համակցուած, այնպէս ալ ազատ վիճակներու մէջ եւ լայնօրէն կը տարածուի երկիրի մակերեւոյթին վրայ: Անիկա համ եւ հոտ չունի, ջուրին մէջ չի լուծուիր եւ յաճախ կը յայտնուի դեղին բիւրեղներու կամ զանգուածներու մէջ:
Ծծումբը մանր փոշիի՝ ծծմբածաղիկի ձեւով կ'օգտագործուի խաղողի տունկին հիւանդութիւններուն պայքարելու դէմ։ Մեծ քանակով ծծումբ կը ծախսուի քաուչուքը ռետինի փոխարկելու համար։ Անոր համար ալ առանց ծծումբի անկարելի է արտադրել ռետինէ իրեր, ինչպէս՝ անուագօտիները (ձգախէժէ), վերնամոյկերը (galosh), փողրակները (հրշէջներու խողովակները) եւ այլ իրեր։ Ծծումբը կը մտնէ որսորդական Վառօդի կազմին մէջ, կը կիրարկուի լուցկիի արտադրութեան ընթացքին։ Ծծումբի զգալի քանակ մը կ'օգտագործուի ծծմբական թթու արտադրելու ատեն։ Ծծումբը կը յառաջացէ երեք տարաձեւութիւն, որոնցմէ ամէնէն կայունը շեղանկիւն կամ ալֆա ծծումբն է, որ սովորաբար կը ստացուի դեղին փոշիի տեսքով։
Աշխարհի տարածքին ծծումբի մեծագոյն մատակարարներն են՝ Միացեալ Նահանգները, Մեքսիքօն եւ Իտալիան: Ծծումբ պարունակող հանքաքարեր կան նաեւ Հայաստանի որոշ (օրինակ՝ Ալաւերտիի եւ Կապանի) պղինձի հանքավայրերուն մէջ։ Ծծումբի արդիւնահանման եւ արդիւնաբերական ստացման ծաւալները տարուէ տարի կ'աճին ամբողջ աշխարհի տարածքին։
Ծծումբը կենսաբանական տարրերէն մէկն է։ Կը մտնէ քանի մը ամինաթթուներու (ցիսթէին, մեթիոնին) կենսանիւթերու (թիամին) եւ բնախմորներու (enzyme) բաղադրութեան մէջ։ Ծծումբը կը մասնակցի սպիտի (փրոթէինային) կառուցուածքներու ձեւաւորման։ Կը մասնակցի մանրէաբոյսերու համադրութեան մէջ: Ծծմբաջրածինը կը հանդիսանայ ջրածինի ստացման հիմնական աղբիւրը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Ծծումբ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.