Երկվայրկեան

Երկվայրկեան, ժամանակը չափելու միաւոր, միաւորներու Միջազգային Համակարգի մէջ s նշանով (անգլերէն second).

Միջազգային Համակարգի հիմնական միաւորներուն մաս կը կազմէ: Սահմանուած է այն տեւողութեամբ երբ Ցեզիումի 133Cs քիմիական տարրը կը կատարէ 9 192 631 770 ճօճում իր հիւլէի ուժանիւթային հիմնական վիճակէն: Հիւլէական ժամացոյցները կը չափեն եւ կը հաշուեն ճօճումները: Երկվայրկեանը կը հասկցուի իբրեւ մանրերկրորդ, վայրկեանի մէկ վաթսուներորդ մասը։

Պատմութիւն

Ժամանակի չափի բնօրինակ

Երկվայրկեանի սահմանումը, իբրեւ ժամանակի միաւոր Միջազգային Համակարգի մէջ, պատմութեան ընթացքին յառաջացած է գիտութեան եւ չափման հնարաւորութիւններուն համեմատ եւ վերաքննուած 1889-ի առաջին Չափերուն եւ Կշիռներու գլխաւոր համաժողովէն ի վեր (BIPM կոմիտէն):

Նախ սահմանուած էր իբրեւ Արեւի միջին օրուան 86 400-րդ բաժինը: Համապատասխան ժամանակը Համաշխարհային ժամանակն է (անգլերէն UT-Universal Time):

1956-ին, նկատի առնելով Երկրին անկատար թաւալումը, մանաւանդ դանդաղանքի շրջանները, սահմանումը հիմնուեցաւ 1900-ի Արեւադարձային տարուան վրայ, այսինքն Արեւի շուրջ Երկրին թաւալման լման տեւողութիւնը: Երկվայրկեանը կ՛ըլլար 1900-ի Արեւադարձային տարուան 31 556 925,974 7-րդ բաժինը:

1967-էն ի վեր (13-րդ Չափերուն եւ Կշիռներու Գլխաւոր Համաժողով), երկվայրկեանը կը դադրի տարուան վրայ հիմնուած ըլլալէ, այլ կը սահմանուի նիւթի ուսումնասիրութեան վրայ: 2019-ի երկվայրկեանի սահմանումը, իբրեւ Միջազգային Համակարգի հիմնական միաւոր, հետեւեալն է.

«Երկվայրկեանը, նշան s, հիմնական ժամանակի միաւորն է: Սահմանուած է Ցեզիումի (Cs) ∆νCs յաճախականութեան հաստատ թուային արժէքով, 133Cs-ի հիւլէի ոչ գրգռուած հիմնական վիճակի անցման յաճախականութեամբ, որ կ՛արժէ 9 192 631 770 երբ Hz միաւորով արտայայտուած, ինչ որ համապատասխան է s−1 ի: Այս սահմանումի արդիւնքը այն է որ երկվայրկեանը հաւասար է 9 192 631 770 պարբերութիւններու (periods) տեւողութեան, համապատասխանող շողարձակման (radiation) 133Cs հիւլէի ուժանիւթային հիմնական վիճակի անցումին երկու ամենափոքր մակարդակներու միջեւ:»

Այսպէս, երկվայրկեանը հաւասար է :

    Երկվայրկեան  կամ Երկվայրկեան 

Միջազգային Համակարգէն դուրս, 60-ի բազմապատիկներ

Միաւորներու միջազգային համակարգի նախածանցները հնարաւորութիւն կու տան ստեղծելու երկվայրկեանի տասնորդական բազմապատիկները եւ ենթաբազմապատիկները: Սակայն բազմապատիկները յաճախ չեն գործածուիր (այսինքն քիլոերկվայրկեան 1000 երկվայրկեանուան համար), 60-ի բազմապատիկները (վայրկեան, ժամ) կը նախընտրուին: Թէեւ Միջազգային համակարգէն դուրս, ՄՀ-ն կ՛ընդունի երկվայրկեանուան հետեւեալ բազմապատիկ միավորները

  • վայրկեան, միաւոր min (minute), տեւողութիւն 60 երկվայրկեան
  • ժամ, միաւոր h (hour), տեւողութիւն 60 վայրկեան, այսինքն` 3600 երկվայրկեան
  • օր, նիաւոր d (day), տեւողութիւնը 24 ժամ, այսինքն` 86400 երկվայրկեան

Երվայրկեանը կը հասկցուի իբրեւ վայրկեանին 60-րդ բաժինը, վերջինս 1 ժամուան 60-րդ բաժինը ըլլալով: Հայերէնով, երկ նախադաս մասիկը կը նշէ Ժամուան երկու բաժանմունքը, վայրկեանը առաջինը՝ , երկվայրկեանը երկրորդ բաժանմունքը:

  • 1վայրկեան = 1ժամ*(1/60)
  • 1երկվայրկեան = 1ժամ*(1/60)*(1/60) = 1վայրկեան*(1/60)

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Երկվայրկեան ՊատմութիւնԵրկվայրկեան ԾանօթագրութիւններԵրկվայրկեանՄՀ հիմնական միաւորներՄիաւորներու Միջազգային Համակարգ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մուշեղ Եպս. ՍերոբեանԺայռապատկերՍահմանադրական ՎարժարանՈւիքիփետիաԴանիաԳրիգոր ՏաթեւացիՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՄիւնիխԽաչատուր ԱբովեանԳագիկ Ա.ԵպիսկոպոսՍտեփանոս Տարօնեցի Ասողիկ1979 թուականՉինարէնՏալասԱրամ ՀայկազՄիսաք ԹորլաքեանԼիբանանԵկեղեցւոյ ՀայրերՏիգրիս (գետ)Շուէտի Բանակի ԹանգարանՎազգէն Ա.Նիւ Եորք1728 թուականՄոնաքօ1995 թուականԳէորգ ՅակոբճեանՀայկական Կարի ՏեսակներՌումանիաԱրաբական թերակղզիԵություպՀայերԹիրանաՆիկողայոս ԱդոնցՏնտեսութիւնՄիջնադարԵրկիրԶարեհ Արք. ԱզնաւորեանՀարաւՍթոքհոլմՊարսելոնա ՈԱԱխթալայի ՎանքՔլէոփաթրաԱրգիշտի Ա․1844 թուականՆիկոլ ԱղբալեանԿարմիր (գոյն)Պելճիքա2021 թուականԴանիէլ ՎարուժանԹունուզ161 (թիւ)ՍինկափուրՕմանի ծոց1908 թուականՄոսկուաՄագաղաթՉինաստանԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմՏասնվեցային համակարգԳրիգոր ԶօհրապՖրիտիոֆ ՆանսենԱրաբական ԱշխարհՄականունԱտոլֆ ՀիթլերՍօնիՀունգարիաՖրանսերէնԾառՓարիզԺան Օնորէ Ֆրակոնար🡆 More