Մոլորակներ

Փայլածուն եւ արուսիակը յարաբերաբար փոքր, բայց խտամարմին երկրանման մոլորակներ են: Փայփլուն Արեւին ամենամօտիկ մոլորակն է:

Փայլածու եւ Արուսիակ

Փայլածու

Փայլածուն 4878 քմ. ի տրամագիծ մը ունի: Արեւէն 58միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան 88 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: Ամէնէն արագ մոլորակն է: Դառնալով Արեւին շուրջ, Փայփլուն նաեւ կը դառնայ ինքն իր շուրջ 65 օրուան մէջ: Փայլածուի մէկ օրը քիչ մը աւելի երկար է քան երկրային 58 օրերը: Բազմաթիւ խորոչներ պարունակող Փայլածուի մակերեսը կը յիշեցնէ Լուսինը: Փայլածուի մթնոլորտը շատ ցած խտութիւն ունի. Այդ պատճառ կը դառնայ, որ հողին ջերմաստիճանը ցերեկին հասնի 450 °C ի, ինչ որ լիովին բաւարար է կապար հալեցնելու: Ընդհակառակն, գիշերները շատ ցուրտ կ'ընէ հոն՝ -180 °C : Ամերիկեան Մարինըր տիեզերաչափը զայն նկարած է 1947-ին եւ կրցած է ստուգել, որ ան կը պարունակէ Լուսնին մեծութեամբ կրակէ կորիզ մը:

Արուսիակ

Արուսիակը, Փայլածուէն ետք, Արեւին երկրորդ ամէնէն մոտիկ մոլորակն է: Մեծութեամբ նման է երկեին (12.012 քմ. ), որ յաճախ կը նկատուի անոր երկուորեակը: Արեւէն 108 մլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, անոր շուրջ կը դառնայ 225որէն: Ինքն իր վրայ կը դառնայ 243 օրէն, միւս մոլորակներու շարժումին հակառակ ուղղութեամբ: Արուսիակը, որ յաճախ կոչուած է ((Հովիւնին աստղ))ը, արեգակնային դրութեան ամէնէն լուսաւոր մոլորակն է: Արուսիակը երբեմն կ'երեւի արեւնամուտէն անմիջապէս ետք, իսկ երբեմն՝ արեւածագէն առաջ: Շրջապատուած է ամպային խիտ խաւով մը, որ գլխաւորաբար կազմուած է բնածվային կազէ: Այս 100 քմ. թանձրութիւն ունեցող խաւը Արեւի ջերմութեան կը թոյլատրէ թափանցնել մինչեւ իր մակերեսը, սակայն չ'արտօներ, որ կրկին վերադառնայ միջոց (ջերմանոցի ազդեգցութիւն): Այդ պատճառաւ, Արուսիակի հողին ջերմաստիճանը շուրջ 480 °C է:

Հրատ եւ Լուսնթագ

Հրատն ալ Փայլածուի եւ Արուսիակի նման վտամարմին եւ երկրանման մոլորակ մըն է: Ան Երկրէն աւելի փոքր է: Լուսնթագը, սակայն, Արեգականային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Ան երկու անգամ աւելի մեծ է, քան միւս բոլորը միասին առած:

Հրատ

Հրատը երկրէն ետք մեծութեամբ չորրորդ մոլորակն է Արեգակնային Դրութեան: Իր տրամագիծն է 6794 քմ.: Արեւէն 228 միլիոն քմ. հերաւոռութեան վրայ՝ 687 օր կը դնէ անոր շրջանը ընելու համար: ինքն իր շուրջ կը դառնայ 24 ժամէն եւ 37 վայրկեանէն: Իր մակերեսը ժայռոտ եւ անապատային է: Հրատը շրջապատուած է բնածխային կազի բարակ մթնոլորտով մը: Ունի ջուր՝ սառած ձեւի տակ, ծովեր, մարած հսկայ հրաբուխներ, խորունկ ձորեր եւ երկու լուսիններ ( Ֆոպոս եւ Տէյմոս): Հրատը կոչուած է (( Կարմիր Մոլորակ))՝ ընդարձակ գօտիներ ծածկող իր կարմրորակ մետաղեայ փոշիին պատճառով: Գետնին փերմաստիճանն է միջին հաշուով -23 °C:

Լուսնթագ

142700 քմ. չափող իր տրամագիծով՝ Լուսնթագը Արեգակնային Դրութեան ամենամեծ մոլորակն է: Արեւէն 778 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ան գրեթէ 12 տարիներու պէտք ունի մէկ անգամ անոր շրջանը ընելու համար. մինչ ինքն իր վրայ կե դառնայ 9,8 ժամուան մէջ:

Ունի 16 արբանեակներ, որոնց գլխաւորները կը կոչուին Իօ, Եւրոպա, Կանինէտ եւ ԳԱլլիստօ: Մակերեսը ծածկուած է կազային ամպով մը: Ձգողական ոյժը իր մակերեսին վրայ Երկրին կրկնապատիկն է: Այսինքն՝ մարդ մը հոն պիտի կշռէր իր երկրային կշիռքին կրկինը: Իր մթնոլորտի արտաքին խաւը շատ պաղ է (-24 °C), մինչ ցած խաւերուն ջերմաստիճանը կրնան մինչեւ 27 °C հասնիլ:

Երեւակ

Երեւակ օղակաւոր մոլորակը Արեգակնային Դրութեան վեցերորդն է: Երէւակը ամէնէն նուազ խիտ մոլորակն է, սակայն 35 անգամ աւելի ծանր է, քան Երկիրը:

Իր 120660 քմ. չափող Երեւակը կ'ընէ Արեգակնային Դրութեան երկրորդ ամենախոշտ մոլորակը: Արեւէն 1430 միլիոն հեօաւորոըթեան վրայ՝ անոր շրջանը կ'ընէ 30 տարիէն: Սակայն ինքն իր վրայ լման դարձուածք կը կատարէ 10 ժամ 24 վայրկեանէն: Ան ինքն իր առանցքին շուրջ կը դառնայ այնպիսի արագութեամբ մը, որ իր հասարակածին վրայ գոյացուցած է կորնթարդ մակերես մը: Երեւակը ունի հաստատուն կորիզ մը՝ շրջապատուած հեղուկ ջրածինի խաւով մը: Ջրածինով հարուստ մթնոլորտը մասնաւորապէս անհանդարտ է: երեւակրային ուրականէ մը տասը անգամ աւելի արագ հովեր կը փչեն իր հասարակածին շուրջ: Միջին ջերմաստիճաննէ -190 °C:

Երեւակը կը բնորոշուի նաեւ իր արբանեակներոըն թիւով (առնուազն 20): Ամենակարեւորը՝ Տիտան աւելի մեծ է քան Փայլածու մոլորակը:

Իր գծաուոր մակերեսով եւ իր լայն գոընաւոր օղակներով՝ Երեւակը մոլորակներուն ամենաշքեղն է: Հինգ օղակներ, բաղկացած միլիոնաւոր սառուցապատ ժայռի կտորներէ, կը դառնան մոլորակին շուրջ տարածութեան մը վրայ, որ աւելի մեծ է քան նոյնինքն Երեւակը: Ուրանոս, Նեփթիւն, Պղուտոն

Ուրանոս, Նեփթիւն եւ Պղուտոն մոլորակները կը գտնուին Արեգակնային Դրութեան սահմաններուն մօտ: Երկրէն դէպի Ուրանոս ճամբորդութիւն մը քոնքորտ օդանաւով պիտի տեւէր առնուազն 150 տարի:

Ուրանոս

Ուրանոսը հսկայական մոլորակ մըն է (հասարակածային տրամագիծը 51,200 քմ.) բաղկացած մանաւանդ ջրածինէ եւ հելիումէ։ Իր ժայռային կորիզը շրջապատուած է սառոյցով: Արեւէն շատ հեռու (2870 միլիոն քմ.) գտնուելուն համար, ան շատ պաղ է (միջին ջերմաստիճան -220̊C): Շրջապատուած է բարակ օղակներով եւ ունի 15 արբանեակներ, որոնցմէ յիշենք Միրանտան: Իր արանցքին վրայ պտոյտը կը տեւէ 16 ժամ (Ուրանոսի օրը), իսկ Արեւին շուրջ իր թաւալումը՝ 84 տարի: Իր բեւըռներէն իւրաքանչիւրը Արեւին ցուցադրուած կը մնայ 42 տար՛ի շարունակ:

Նեփթիւն

Ուրանոսէն անդին, Արեւէն 4,500 միլիոն քմ. հեռաւոդութեան վրայ, Նեփթիւնը ունի 50,000 քմ. հաշուող տր, ամագիծ մը: Արեւին շուրջը կը դառնայ 165 տարիէն: Ինքն իր առանցքին վրայ՝ 18 ժամէն: Ունի դժուար նշմարելի օղակներ եւ 8 արբանեակներ: մակերեսին ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ մինչեւ -220̊Cի: Նեփթիւնը կ'ըդգրկէ նաեւ բաց կապոյտ սկաւարակ մը եւ լայնածաւալ ամպի գօտիներ:

Պղուտոն

Պղուտոն պզտիկ սառած մոլորակ մըն է՝ կազմուած ժայռէ եւ մեթանէ։ Ան աւելի պզտիկ է, քան մեր Լուսինը( իր տրամագիծնէ միայն 2300 քմ.): Արեւէն 5900 միլիոն քմ. հեռաւորութեան վրայ, 250 տարի կը դնէ անոր շուրջը մէկ անգամ դառնալու համար: Բոլոր մոլորակներուն մէջ՝ Պղուտոն ունի ամէնէն երկարաձիգ ուղեծիները: Այնպէս որ մերթ ընդ մերթ ան կը մտնէ Նեփթիւնի ուղեծիներէն ներս: Պղուտոն իր առանցքին վրայ կե դառնայ 6 օր եւ 10 ժամէն:

Ծանօթագրութիւններ

Աղբիւր

  • Մշակութային Իմ Առաջին հանրագիտարանս, Հրատարակութիւն CCM, էջ 20, 21, 24, 25, 26, 27, 28, 29, 30, 31։

Tags:

Մոլորակներ Փայլածու եւ ԱրուսիակՄոլորակներ ՓայլածուՄոլորակներ ԱրուսիակՄոլորակներ Հրատ եւ ԼուսնթագՄոլորակներ ՀրատՄոլորակներ ԼուսնթագՄոլորակներ ԵրեւակՄոլորակներ ՈւրանոսՄոլորակներ ՆեփթիւնՄոլորակներ ՊղուտոնՄոլորակներ ԾանօթագրութիւններՄոլորակներ ԱղբիւրՄոլորակներ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՏարածութիւնՎարդան ՄամիկոնեանԱլպերթ ԱյնշթայնԳագիկ Բ․Միկէլ Անճէլ ՍիլվէսթըրՀայերէնԹէյՍեռ (կենսաբանութիւն)Ընկեր ՓանջունիԱբգար ԴպիրՍոնա ՍիմոնեանՍուտանԱղուդիի ՄահարձանՊեն ՊաղտիկեանԿապարԱլեք ՄանուկեանԳրիգոր ՆարեկացիՊոլիսABBAՍիամանթօՄարտիրոս ՍարեանՀացին Երգը (Դանիէլ Վարուժան)Նոր ՆախիջեւանԹեքսասՇուշիի Մարիամեան Օրիորդաց ԴպրոցԱգաթանգեղոսՅակոբ ՕշականՓանոս ԹէրլէմէզեանՍեւրի ԴաշնագիրԱշխարհաբարՊսակաձեւ ԺահրԱշոտ Բ․ ԵրկաթԿուրԻնքնաթիռԱզրպէյճանՁմերուկԹել ԱւիւԼիխթընշթայնՌուսական ԿայսրութիւնՍասունՌոզա ԼինՀայկ ՆագգաշեանԿորնթոսի ՋրանցքըԼեւոն (անձնանուն)Կիլկամէշ (Դիւցազներգութիւն)ԴերասանԻսրայէլ ՕրիՀրատ մոլորակ (Մարս)Ծովից ծով ՀայաստանՀրայր ԴժոխքՎրացական-պուլկարական ՅարաբերութիւններՔոֆի ԱնանԳառնիի Հեթանոսական ՏաճարՍտեփան ԾաղիկեանՈրդան ԿարմիրՍեդրակ (անձնանուն)Թոմ ՀենքսԱնգլերէնՍեւ խոռոչՄոսկուաԿովՄիսաք ՄանուշեանՈւիքիփետիաԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններՎիքտոր ՀամբարձումեանԻնկած Բերդի ԻշխանուհինԽաչիկ ԴաշտենցԾիր ԿաթինՊելճիքաՌուբէն (անձնանուն)ԻսրայէլՍարդՇահէն ՄեղրեանԹմրաքունՍ․ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի (Անի)🡆 More