Լոնտոն (անգլերէն՝ London) Միացեալ Թագաւորութեան եւ Անգլիոյ մայրաքաղաքն է: Միացեալ թագաւորութեան եւ Եւրոպական Միութեան մեծագոյն քաղաքն է՝ 1,706 քառ.
քմ.: Կը գտնուի Թեմզ գետի ափերուն եւ բնակեցուած է գրեթէ երկու հազար տարի առաջ: Լոնտոնի պատմութիւնը սկսած է Հռոմէական կայսրութեան շրջանէն: Հռոմէացիները քաղաքին տուած էին Լոնտինիում անունը․ Լոնտոնի հնագոյն կորիզ հանդիսացող «Լոնտոնեան Սիթի»ն մինչեւ օրս կը պահպանէ իր միջնադարեան սահմանները: Ժթ. դարէն սկսեալ` Լոնտոն անունը, կը վերաբերի նաեւ այս կորիզը շրջապատող բնակավայրերուն: Ըստ Մեծն Բրիտանիոյ վարչական բաժանման, քաղաքը կը բաժնուի երկու շրջաններու՝ Լոնտոնի շրջան եւ Մեծ Լոնտոն վարչական շրջան, զորս կը կառավարեն, ընտրուած, Լոնտոնի քաղաքապետն ու Լոնտոնի ժողովը:
Բնակավայր | |
---|---|
Լոնտոն | |
պրիթ. անգլ.՝ London | |
Երկիր | Միացեալ Թագաւորութիւն[1][2] |
Լոնտոնի քաղաքապետ | Սատեք Խան[3] |
Հիմնադրուած է՝ | 47[4] |
Տարածութիւն | 1572±1 քմ² |
ԲԾՄ | 15 մեթր, 11 մեթր, 36 ֆուտ |
Պաշտօնական լեզու | անգլերէն |
Բնակչութիւն | 8 799 728 մարդ (2021)[5] |
Կը գտնուի ափին | Թեմզ եւ Grand Union Canal |
Ժամային գօտի | UTC+0, Կրինուիչ միջին ժամ, UTC+1 եւ Եւրոպա / Լոնտոն |
Հեռախօսային ցուցանիշ | 20, 1322, 1689, 1708, 1737, 1895, 1923, 1959 եւ 1992 |
Փոստային ցուցանիշ | E, EC, N, NW, SE, SW, W, WC, BR, CM, CR, DA, EN, HA, IG, KT, RM, SM, TN, TW, UB եւ WD |
Պարգեւներ | Պատուոյ Լեգէոն Շքանշան |
Պաշտօնական կայքէջ | london.gov.uk(անգլերէն) |
Լոնտոնը յառաջատար քաղաք է իր արուեստով, առեւտուրով, կրթութեամբ, ժամանցային վայրերով, նորաձեւութեամբ, տնտեսութեամբ, առողջապահութեամբ, զանգուածային լրատուական միջոցներներով, մասնագիտական ծառայութիւններով, գիտութեամբ, որոնք քաղաքը կը դարձնեն առաւել յայտնի: Ան կը համարուի աշխարհի տնտեսական կեդրոնը՝ Նիւ Եորքի հետ միասին եւ անոր ՀՆԱ-ն (համախառն ներքին արդիւնք) ամէնէն մեծն է Եւրոպական քաղաքներուն մէջ: Լոնտոնը նաեւ կը համարուի աշխարհի մշակութային մայրաքաղաքը: Ան աշխարհի ամէնէն շատ այցելու ունեցող քաղաքներէն մէկն է եւ ունի աշխարհի շատ զբաղած օդակայաններէն մէկը: Լոնտոնի 43 բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւնները ունին բարձրագոյն կրթութեան ամէնէն մեծ կեդրոնները՝ Եւրոպայի մէջ: 2012-ին, Լոնտոն երրորդ անգամ ըլլալով կ'ընդունի Ամառնային Ողիմպիական խաղերը:
Լոնտոն ունի բազմազան ժողովրդագրութիւն եւ մշակոյթ, Լոնտոնի մէջ կը խօսին աւելի քան 300 լեզուներով: 2011-ի Մարտին, Լոնտոնի մէջ պաշտօնապէս կը հաշուէր 8.174.100 բնակիչ, դարձնելով զայն Եւրոպական Միութեան ամէնէն շատ բնակչութիւն ունեցող քաղաքը եւ կը կազմէ Միացեալ թագաւորութեան բնակչութեան 12, 5%-ը: Մեծ Լոնտոնը ամէնէն խիտ բնակչութիւն ունեցող քաղաքն է Եւրոպական Միութեան մէջ, որու թիւը կը հասնի 8, 278, 251, իսկ Լոնտոնի մետրոպոլիտի տարածքը ամէնէն մեծն է Եւրոպական Միութեան մէջ՝ ընդհանուր 12 միլիոն բնակչութեամբ:: 1831-էն մինչեւ 1925 թուականները Լոնտոն ունեցած է աշխարհի ամէնէն շատ բնակչութիւնը::
Լոնտոնի մէջ կան չորս Համաշխարհային ժառանգութեան վայրեր՝ Լոնտոնի աշտարակը, Քիու-ի թագաւորական բուսաբանական այգիները, Ուէսթմինսթըրի պալատի մէջ գտնուող Ուեսթմինսթըրի աբբայութիւնը եւ Սուրբ Մարգարիտ եկեղեցին ու պատմական յուշարձան Կրինիչը (ուր կը գտնուի Կրինիչի աստղադիտարանը): Միւս տեսարժան վայրերն են Պաքինկհամ փալասը (պալատ), Լոնտոնի աչքը, Փիքատելլի հրապարակը, Սենթ Փոլ Քաթետրալը, Թաուըր Պրիճը (կամուրջ), Թրաֆալքար հրապարակը եւ Ուեմպլի մարզադաշտը: Լոնտոնի մէջ կան նաեւ մեծ թիւով թանգարաններ, պատկերասրահներ, գրադարաններ, մարզային միջոցառումներու վայրեր եւ մշակութային կեդրոններ, ներառեալ Բրիտանական թանգարանը, Լոնտոնի ազգային պատկերասրահը, Թէյթ Մոտերնը, Բրիտանական գրադարանը, Ուիմպըլտընը եւ 40 Ուէսթէնտ թատրոնները: Լոնտոնի մետրոպոլիտը ամէնէն հին մետրոպոլիտն է աշխարհի:
Լոնտոն անուանման ծագումնաբանութիւնը բազմակարծիք է: Ան հին անուանում է եւ առաջին յիշատակումները կու գան 2-րդ դարէն: 121 թուականին ան անուանուած է Լոնտինիում (անգլերէն՝ Londinium), որ ունի ռոմանա-բրիտանական ծագում: Ամէնէն առաջին բացատրութիւնը, որ ներկայ ժամանակին կը ժխտուի, տուած է Գելֆրիդ Մանմուտսկին իր Historia Regum Britanniae աշխատութեան մէջ: Ըստ այս վարկածին, երբ քաղաքին կը տիրանայ Լուտ թագաւորը, ան կ'անուանէ Kaerlud:
1898 թուականէն սկսեալ որոշ գիտնականներու կողմէն կ'ընդունուէր, որ Լոնտոն բառը եկած է կելտերէնէն եւ կը նշանակէ վայր, որ կը պատկանի մարդու Լոնտինիոս անուամբ. այս վարկածը յետագային նոյնպէս ժխտուեցաւ: 1998-ին անգլիացի Լինկուիսթ Ռիչըրտ Քոթէսը բերաւ վարկած մը, ըստ որուն անուանումը կու գայ նախակելտական *(p)lowonida բառէն, որ կը նշանակէ՝ գետը չափազանց լայն է եւ ծանծաղուտ, եւ կը բացատրէ, որ այս անուանումը տրուած է Թեմզայի այն մասին, որ կ'անցնի Լոնտոնով, այնուհետեւ այստեղ հիմնուած է կելտական բնակավայր *Lowonidonjon անուամբ․ այս վարկածը բաւական աղմուկ բարձրացուց:
Նախքան 1889 թուական Լոնտոն անուանումը պաշտօնապէս օգտագործուած է միայն Լոնտոն սիթիիի մէջ, բայց ետքը նաեւ օգտագործուած է Լոնտոն (երկիր) եւ այժմեան Մեծ Լոնտոն անուանումներով:
Չնայած կան ապացոյցներ, որ Լոնտոնի տարածքին մէջ եղած են քելտական բնակավայրեր, հիմնական բնակավայրը կառուցուած է hռոմէացիներու կողմէն 43 թուականին: Գրեթէ 17 տարի անց՝ մօտ 61 թուականին, Իցենի ցեղը Բոդիկա թագուհիին գլխաւորութեամբ գրաւեցին բնակավայրը՝ հողին հաւասարեցնելով ան: Քաղաքը դժուարութեամբ ազատագրեց եւ վերականգնեց Կոլչեստերը եւ 100 թուականին ան հռչակեց Հռոմէական Բրիտանիոյ մայրաքաղաք: Ան բարգաւաճեց 2-րդ դարու եւ ունէր մօտ 60.000 բնակիչ: 7-րդ դարին Անգլո-Սաքսոնները կառուցեցին նոր բնակավայր, որ անուանեցին Լիւնտենուիք: Նոր բնակավայրը կը գտնուէր Հռոմէական Լոնտոնին մէջ երկու կմ հեռաւորութեան վրայ:
Նոր բնակավայրին մէջ կը բարգաւաճէր ձկնորսութիւնը, առեւտուրը, մինչ քաղաքը գրաւեցին Վիքինկները, բնակավայրին բնակչութիւնը տեղափոխուեցաւ հռոմէական Լոնտոն, ուր մեծ պարիսպները պէտք է պաշտպանէին անոնց: Վիքինկներու յարձակումները շարունակուեցան ուժեղանալ մինչեւ 886 թուական, երբ Ալֆրետ Մեծը ազատագրեց Լոնտոնը եւ խաղաղութիւն հաստատեց տանիական առաջնորդ Գուտրումի հետ: Սաքսոնական Լիւնտենուիք քաղաքը վերանուանուեցաւ Ealdwic ("հին քաղաք"), ներկայիս Օլտուիչ, որ ներկայիս կը գտնուի Ուեսթմինսթերի մէջ:
Վերջին երկու բացայայտումները կը վկայեն, որ Լոնտոնը աւելի հին է, քան ինչ որ համարուէր: 1999-ին Վոկսհոլեան կամուրջի մօտ յայտնաբերուած են Պրոնզէ դարի մէջ կառուցուած կամրջի մնացորդներ:
2010-ին Վոկսհոլեան կամրջի հարաւին՝ Թեմզայի ափին, յայտնաբերուած է ք.ա. 4500 թուականի բնակավայրի մնացորդներ:
5-րդ դարուն հռոմէական կայսրութեան փլուզումէն ետք Լոնտոնը մասամբ լքուեցաւ: Սակայն սկսած 6-րդ դարուն Անգլոսաքսեան բնակավայր մը յայտնի Լիւնտենուիք անուանմամբ հիմնուեցաւ ռոմանական Լոնտոնի արեւմուտքին մէջ, ներկայիս Կոուենթ Գարդենի եւ Սթրանդի վայրին մէջ, ունենալով ընդամենը 10-12.000 բնակչութիւն: 9-րդ դարին Լոնտոնը բազմակի անգամ յարձակման ենթարկուեցաւ Վիքինկներու կողմէն, ստիպելով բնակչութեան բնակութիւն հաստատել հին ռոմանական Լոնտոնի տարածքին մէջ, որտեղ կրնային պատսպարուիլ պարիսպներուն տակ: Երբ Անգլիոյ թագաւորութիւնը միաւորուեցաւ 10-րդ դարուն, Լոնտոնը արդէն երկրի ամենամեծ քաղաքն էր իր հարուստ առեւտրական կապերով եւ կը հանդիսանար քաղաքական կեդրոն:
11-րդ թագաւոր Էտուարտ խոստովանողը վերագտաւ եւ վերակառուցեց Ուեսթմինսթըրեան աբբայութիւնը եւ Ուեսթմինսթըրը, որ կը գտնուի Լոնտոնէն քիչ մը հեռու, եւ ան դարձուց թագաւորի նստավայր: Այս իրադարձութիւնէն յետոյ Ուեսթմինսթըրը կը համարուի կառավարութեան առեւտուրի կեդրոն:
Հաստնիգսի ճակատամարտին իր հաղթանակէն ետք Ուիլիամ Նուաճող թագադրուեցաւ Ուեսթմինսթըրեան աբբայութեան մէջ 1066-ի սուրբ ծննդեան օրը: Ուիլիըմը կառուցեց Թաուեր, շատ Նորմանտական ամրոցներ վերակառուցեց քարէն, որպէսզի ահազդէ հարաւ արեւելեան մասին մէջ ապրող բնակչութեան: 1097-ին, Ուիլեամ II-ը սկսաւ Ուեսթմինսթըրեան դահլիճի կառուցումը աբբայութեան մօտ, որ յետագային հիմք հանդիսացաւ նոր Ուեսթմինսթըրեան պալատի համար:
12-րդ դարի ընթացքին կեդրոնական կառավարութեան կազմը, որ մեծապէս կեդրոնացուած էր թագաւորին շուրջը սկսաւ կեդրոնանալ մէկ վայրի մէջ։ Այս վայրը Ուեսթմինսթըրն էր, սակայն երբ գանձարանը տեղափոխուեցաւ Ուինչեսթըր, մէկ մասը տեղափոխուեցաւ Տաուեր: Մինչդեռ Ուեսթմինսթըր Սիթիին վերածուեցաւ կառավարութեան մայրաքաղաքի, անոր հարեւան Լոնտոնը դարձաւ Անգլիոյ ամենամեծ քաղաքը եւ առեւտրական կեդրոնը իր սեփական կառավարման մարմիններով: 1100-ին Լոնտոնի բնակչութիւնը 18.000 էր, իսկ 1300 թուականին ան դարձաւ 100.000:
Ժանտախտի տարիներուն 14-րդ դարու կէսերուն Լոնտոնի բնակչութեան երրորդ մասը մահացաւ: Լոնտոնը 1381-ին կը գտնուէր Ուտ Թեյլըրի ապստամբութեան կեդրոնին մէջ:
Թիւդորներու ժամանակաշրջանի ընթացքին բարեփոխումները կը վերափոխէին կրօնը դէպի բողոքականութեան, Լոնտոնի մէջ եկեղեցիին սեփականութիւնը աստիճանաբար սկսաւ պատկանիլ մասնաւորին: Բուրդեայ հագուստներու նիւթերը կը ներմուծուէին Լոնտոն պատմական Նիտերլանտներու տարածքին մէջ, որոնք քաղաքին մէջ կը վերամշակուէին եւ կ'ուղարկուէին երկրի միւս հատուածները:
16-րդ դարին Ուիլիամ Շաքսպիրը եւ անոր ժամանակակիցները ապրեցան եւ ստեղծագործեցին Լոնտոնի մէջ, այս ժամանակ մեծ վերելք ապրեցաւ թատրոնը: Լիւտորներու ժամանակաշրջանի վերջին՝ 1603-ին, Լոնտոնի տարածքը թերեւս փոքր էր։ 5 Նոյեմբեր 1605-ին Վառոդներու սադրանքէն ետք Ճէյմզ I-ի վրայ կատարուեցաւ մահափորձ Ուեսթմինսթըրի մէջ: 17-րդ դարուն Լոնտոնի բնակչութեան մեծ մասը վարակուեցաւ ժանտախտով, արդիւնքը՝ մահացաւ 100.000 մարդ, կամ քաղաքի բնակչութեան հինգերորդ մասը:
Լոնտոնի մեծ հրդեհը բռնկուեցաւ 1666-ին եւ արագ տարածուեցաւ քաղաքի փայտէ տուներով: Վերակառուցումը տեւեց աւելի քան տասը տարի, ղեակավարեց Ռոպըրթ Հուքը, որ քաղաքի գլխաւոր տեսուչն էր: 1708-ին աւարտեցաւ Քրիստոֆիր Ռենին գլուխ գործոցը համարուող Սուրբ Պողոսի տաճարի շինարարութիւնը: Գերորգեան ժամանակաշրջանի ընթացքին արեւմուտքին մէջ կառուցուեցան նոր թաղամասեր ինչպէս՝ Մայֆայրը, կառուցուեցան նոր կամուրջներ Թեմզային երկայնքով:
1762-ին Գէորգ III-ը սկսաւ Պուքինգեմեան պալատի շինարարութեան, որ ընդարձակուեցաւ յաջորդ 75 տարիներու ընթացքին: 18-րդ դարու ընթացքին աճեցան յանցագործութիւնները եւ 1750-ին ստեղծուեցաւ առաջին արհեստավարժ ոստիկանութիւնը: Աւելի քան 200 յանցագործ մահապատիժի ենթարկուեցան: Երեխաներու 74 տոկոսը կը մահանային մինչեւ 5 տարեկան լրանալը: Սրճարանները դարձան քննարկումներու ամենայայտնի վայրերը, մամուլի աճի հետ աճեցաւ թերթերուն քանակը, Ֆլիտ Սթրիթը դարձաւ Բրիտանական մամուլի կեդրոն:
Լոնտոնը ամենամեծ քաղաքն էր 1831-էն 1925 թուականներուն: Լոնտոնի գերբնակեցուած վիճակը բերաւ քոլերա համաճարակը, խլելով 14.000 մարդու կեանք 1848-ին եւ 6000 կեանք՝ 1866-ին: Բնակչութեան աճը ստիպեց կառուցել աշխարհին մէջ առաջին քաղաքային փոխադրամիջոցը: Լոնտոնը ռմբակոծուեցաւ առաջին համաշխարհային պատերազմին ժամանակ, քաղաքը մեծ աւերածութիւններու ենթարկուեցաւ նաեւ երկրորդ համաշխարհային պատերզամի ժամանակ, այդ ժամանակ Լիւֆտվաֆէի ռմբակոծութիւններէն մահացան մօտ 30.000 Լոնտոնցի: Անմիջապէս պատերազմէն ետք 1948-ին Լոնտոնի մէջ կազմակերպուեցաւ Ամառնային ողիմպիական խաղեր, որուն բացումը տեղի ունեցաւ Ուեմպլի մարզադաշտին մէջ:
1951-ին Սաութպանքի մէջ տեղի ունեցաւ Բրիտանական փառատոնը: 1952-ի Մեծ սմոգ ստիպեց 1956-ին ընդունիլ օրէնք մաքուր օդի մասին, արդիւնքը՝ զգալիօրէն վերացաւ քաղաքի ծուխը, որ վատ համբաւ կը բերէր քաղաքին: 1940-ականներուն Լոնտոնը դարձաւ բազմաթիւ ներգաղթեալներու տուն, մասնաւորապէս՝ թագաւորութեան տարածքներէն Ճամայքան, Հնդկաստանը, Պանկլատեշը եւ Բաքիստանը, դարձնելով Լոնտոնը ամենախառն քաղաքը Եւրոպայի մէջ:
1690-ականներու կէսերուն Լոնտոնը դարձաւ երիտասարդական մշակույթի կեդրոն: Նորաձեւութեան դերը վերականգնուեցաւ Ֆանկ ժամանակաշրջանին: 1965-ին Լոնտոնի քաղական դաշտը ընդարձակեց իր սահմանները եւ ստեղծուեցաւ Մեծ Լոնտոնի խորհուրդը: Հիւսիսային Իռլանտայի խռովութիւններու ժամանակ Լոնտոնը ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ: Ռասիստական անհաւասարութիւնը 1981-ին չեղեալ յայտարարուեցաւ Պրիքսթոնի ապստամբութիւնէն հետոյ: Մեծ Լոնտոնի բնակչութիւնը Երկրորդ համաշխարհայինէն ետք սկսաւ նուազիլ, 1939-ին քաղաքի բնակչութիւնը 8, 6 միլիոն էր, իսկ 1980-ականներուն ան նուազեցաւ մինչեւ 6, 8 միլիոնի: Լոնտոնի հիմնական նաւահանգիստները դարձան Ֆելիքստոուն եւ Տիպուրին: Ան մեծ դեր խաղցաւ Լոնտոնի ֆինանսական կեդրոն դառնալուն 1980-ականներուն:
Թեմզայի պատնեշի շինարարութիւնները աւարտեցաւ 1980-ականներուն, ան կոչուած էր պաշտպանելու քաղաքը ջրհեղեղներէն: Մեծ Լոնտոնի խորհորդը լուծարուեցաւ 1986-ին, մինչեւ 2000 թուական Լոնտոնը միակ մեծ քաղաքն էր առանց կառավարութեան, բայց անոնցմէ ետք կազմաւորուեցաւ նոր կառավարութեան աւելի լայն լիազօրութիւններով: 21-րդ դարու սկիզբը տօնելու համար կառուցուեցաւ Միլենիում Տոմը, Լոնտոնի աչքը եւ Միլենիում կամուրջը: 2012-ին Լոնտոնը ընդունեց ամառնյին Ողիմբիական խաղերը դարձնելով միակ քաղաքը, որ ընդունած է օլիմբիական խաղերը 3 անգամ:
Լոնտոնի կառավարութիւնը բաժնուած է երկու ճիւղերու, ռազմավարական ճիւղ եւ տեղական ճիւղ: Ռազմավարական կառավարութիւնը կը հսկէ Մեծ Լոնտոնի կառավարումը, իսկ տեղական կառավարութիւնը կը հսկէ 33 վարչական համայնքներու կառավարումը: Ռազմավարական կառավարութիւնը կը բաժնուէր երկու մասի, Լոնտոնի քաղապետը եւ Լոնտոնի ժողովը, որ կը հաստատէ քաղաքի պիւտժէն ամէն տարի:. Ռազմավարական կառավարութեան կեդրոնը Սիթի Հոլն է, որ կը գտնուի Սաութուորքի մէջ, քաղաքապետն է Բորիս Ճոնսոնը: Քաղաքապետը կը հաստատէ քաղաքի ռազմավարական ծրագիրը, որ վերջին անգամ վերանայուած է 2011-ին: Ժողովը կազմուած է 32 տեղական համայնքներու անդամներէն եւ Լոնտոն Սիթի ընկերութեան անդամներէն: Անոնք պատասխանատու են տեղական ծառայութիւններու համար, ինչպէս՝ աղբահանութիւնը, դպրոցները, ընկերային ծառայութիւնները, Ճանապարհաշինութիւնը եւ այլն: Այնպիսի գործառնութիւններուն, ինչպէս թափոններու կառավարումը, ժողովը կը վերահսկէ համատեղ տեղական կառավարման մարմիններուն հետ: 2009-2010-ին Լոնտոնի կառավարութեան ընդհանուր ծախսերը կը կազմեն 22 միլիոն ֆունտ:
Հսկողութիւնը Մեծ Լոնտոնի մէջ բացի Լոնտոն քաղաքէն կ'իրականացնեն Մեդրոբոլի ոստիկանական ուժերը, որոնց կը ղեկավարէ քաղաքապետի ենթակայութեան տակ գտնուող (MOPAC) մարմինը: Լոնտոն Սիթին ունի իր սեփական ոստիկանութիւնը, որ կը կոչուի Լոնտոնի ոստիկանութիւն: Բրիտանական փոխադրութեան ոստիկանութիւնը կը հսկէ քաղաքի երկաթուղային փոխադրութիւնը եւ մեդրոբոլը:
Լոնտոնի հրշէջ խումբը Մեծ Լոնտոնի հրշէջ ծառայութիւնն է: Ան կը համարուի երրորդ ամենամեծ հրշէջ խումբը աշխարհի մէջ: Շտապօգնութեան ծառայութիւնը կ'իրականացուէր Լոնտոնի շտապօգնութեան բրիգադի կողմէն, որ աշխարհի ամենամեծն է:
Լոնտոնը Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան նստավայրն է, որ կը գտնուի Ուեսթմինսթըրի պալատի մօտ: Շատ կառավարական դեպարտամենտներ կը գտնուին Խորհրդարանի մօտ, Ուայթհոլլի երկայնքով, ներառեալ վարչապետի նստավայրը, որ կը գտնուի Տաունինկ սթրիթ 10 հասցէին:
Լոնտոնի տարածքը կը մտնէ Մեծ Լոնտոն վարչատարածքային միաւորի մէջ։ Հնագոյն Լոնտոն Սիթին ժամանակին կ'ընդգրկէր ամբողջ բնակավայրը, սակայն բնակչութեան աճի հետ միաւորուեցաւ նաեւ մերձքաղաքեայ բնակավայրերը եւ ստեղծուեցաւ ներկայիս Լոնտոնը: Մեծ Լոնտոնի 40 տոկոսը կը ծածկէ Լոնտոնի փոստային տարածքը, սակայն մնացած մասը փոստային հասցէներուն կ'օգտագործուի ԼՈՆՏՈՆ անուանումը:
Լոնտոնի հեռախօսային տարածաշրջանի քոտը (020) կը ծածկէ մեծ տարածք Մեծ Լոնտոնի կազմին մէջ, չնայած որոշ շրջաններ միացուած չեն հեռախօսային քոտին:
Արտաքին հատուածի բնակչութեան աճը այժմ կը կանխուի Մեդրոբոլիբ կանաչ գոտով, սակայն արտաքին հատուածին մէջ բնակելի տարածքի ընդլայնումը կը մօտենայ Մեծ Լոնտոնի սահմաններուն: Մեծ Լոնտոնը կը բաժնուի ներքին Լոնտոնի եւ արտաքին Լոնտոնի: Քաղաքը Թեմզա գետով կը բաժնուի Հիւսիսային եւ Հարաւային մասերու, որուն կեդրոնին մէջ կը գտնուի Կեդրոնական Լոնտոնը:
Լոնտոնի հետ միասին Լոնտոն Սիթին եւ Ուեսթմինսթըր Սիթին ունին քաղաքի կարգավիճակ, ինչպէս նաեւ Լոնտոն Սիթին եւ Մեծ Լոնտոնը ունին աւանդական երկրի կարգավիճակ: Մեծ Լոնտոնի տարածքին նախկին ժամանակին եղած են մի քանի պատմական երկիրներ, ինչպիսի են Միդլսեկսը, Քենթը, Սարեյը եւ Հերթֆորդշայրը: Անգլիոյ մայրաքաղաք, հետագային նաեւ Մեծ Բրիտանիոյ պաշտօնապէս յայտարարման որեւէ փաստաթուղթ չէ ստեղծուած:
Իր կարգավիճակը եղած է տի ֆաքթօ մայրաքաղաք: 12-րդ եւ 13-րդ դարերուն Ուեսթմինսթըրեան պալատի զարգացման հետ, Անգլիոյ մայրաքաղաքը տեղափոխուեցաւ ուինչեսդըր: Շատ յաճախ Մեծ Լոնտոնը կը համարուի Անգլիոյ շրջան:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Լոնտոն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.