Պելճիքա (ֆրանսերէն՝ Le Royaume de Belgique, հոլ.՝ Koninkrijk België, գերմաներէն՝ Das Königreich Belgien), դաշնային թագաւորութիւն եւ միապետութիւն է Եւրոպայի մէջ։ Պելճիքան կը կառավարէ թագաւորը, բայց անոր իշխանութիւնը սահմանափակուած է խորհրդարանով։ Սահմանակից է Հոլանտային, Գերմանիոյ, Լիւքսենպուրկին եւ Ֆրանսային։ Պելճիքան Եւրոպական միութեան հիմնադիր անդամ է։ Հոն նաեւ կը գտնուին Եւրոմիութեան, ՆԱԹՕ-ի եւ այլ միջազգային կառոյցներու նստավայրերը։
Պելճիքա | |||||
---|---|---|---|---|---|
| |||||
Կը ներառնէ | Ֆլանդրիա?, Բրյուսել?, Ֆլամանադախոս համայնք?, Բելգիայի ֆրանսախոս համայնք?, Բելգիայի գերմանախոս համայնք? եւ Վալոնիա? | ||||
Պետական լեզու | հոլանդերեն?[1], Ֆրանսերէն[2] եւ գերմաներէն | ||||
Մայրաքաղաք | Պրիւքսէլ | ||||
Օրէնսդիր մարմին | Բելգիայի դաշնային խորհրդարան? | ||||
Երկրի ղեկավար | Ֆիլիպ? | ||||
Կառավարութեան ղեկավար | Ալեքսանդր Դե Կրո? | ||||
Ազգաբնակչութիւն | 11 584 008 մարդ (1 Յունուար 2022)[3] | ||||
Օրհներգ | Բրաբանսոնա? | ||||
Կարգախօս | Eendracht maakt macht եւ L'union fait la force[4] | ||||
Հիմնադրուած է | 4 Հոկտեմբեր 1830[5] թ. | ||||
Արժոյթ | Եւրօ | ||||
Ազգային տօն | Նոր Տարի[6], Զատիկ[6], Ս. Զատկուան Մեռելոց[6], Համբարձում[6], Հոգեգալուստ[6], Whit Monday?[6], Belgian National Day?[6], Աստուածածնի վերափոխման տօն[6], All Saints' Day?[6], Հաշտության օր?[6] եւ Սուրբ Ծննդի առաջին օր?[6] | ||||
Ժամային համակարգ | UTC+1[7] եւ UTC+2 | ||||
Հեռաձայնային համակարգ | +32 | ||||
Համացանցի յղում | .be? | ||||
Մարդկային ներուժի զարգացման թիւ | 0,937[8] | ||||
belgium.be |
Պելճիքայի տարածքը 30 528 քառակուսի քիլոմեթր է:
Ըլլալով Գերմանական եւ Լատինական Եւրոպայի մշակութային սահմանագիծին, Պելճիքայի մէջ տարածուած է երկու հիմնական լեզու. հոլանտերէն, ուր ֆլամանցիները կը գործածեն, որոնք կը կազմեն բնակչութեան 59%-ը եւ ֆրանսերէնը, որ ուալոնացիները կը գործածեն հիմնականին մէջ եւ կը կազմեն բնակչութեան 41%-ը։ Ատկէ բացի Պելճիքայի մէջ ապրած է փոքրաթիւ գերմանախօս բնակչութիւն։
Պելճիքան սահմանադրական միութիւն է կառավարութեան խորհրդարանական համակարգով: Անիկա բաժնուած է երկու հիմնական տարածաշրջանի. Հիւսիսի մէջ հոլանտախօս ֆլամանցիներն են, իսկ հարաւի մէջ՝ ֆրանսախօս ուալոնիան: Պրիւքսէլը պաշտօնապէս երկլեզու է, այստեղ մեծամասնութիւնը ֆրանսախօսներն են, եւ կը հանդիսանայ միջերկիր ֆլամանտական տարածաշրջանին: Գերմանախօս համայնքները հիմնականին մէջ տեղակայուած են ուալոնիայի արեւելքը: Պելճիքայի պատմութեան մէջ եղած են բազմաթիւ հակամարտութիւններ լեզուային տարբերութիւններու պատճառաւ:
Պատմականօրէն Պելճիքան, Հոլանտան եւ Լիւքսընպուրկը յայտնի եղած են «Ստորին երկիրներ» անունով, անիկա գրաւած է աւելի մեծ տարածք քան ներկայիս Պենելաքսի երկիրները միասին։ Տարածաշրջանը լատիներէնով կոչուած է Պելճիքա, Հռոմէական իշխանութենէն եւ Կալիա Պելճիքայէն ետք, անիկա գրաւած է մօտաւոր ներկայիս Պելճիքայի համահունչ տարածքը։ Միջնադարու վերջաւորութեան մինչեւ 17-րդ դարը Պելճիքայի տարածքը բարգաւաճած է եւ եղած է առեւտուրի եւ մշակոյթի կենդրոն։ 16-րդ դարէն մինչեւ 1830-ին Պելճիքական յեղափոխութիւնը Պելճիքան եղած է Հոլանտայի կազմին մէջ։ Տարածքը եղած է շատ մը եւրոպական տէրութիւններու համար կռուադաշտ, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ Բ. համաշխարհային պատերազմը։
Ք.ա․ մօտ 300-ին Պելճիքայի ներկայի տարածքին մէջ բնակութիւն հաստատած են պէլճիքներու կելտեր ցեղերը (հոսկէ է՝ երկրի անուանումը)։ Ք․ա․ 57-ին Պելճիքան գրաւուեցաւ Ժուլիօ կայսրին կողմէն։ Ք․ա. 3-րդ դարէն 5-րդ դար Պելճիքայի տարածքին մէջ բնակեցան գերմանական ցեղերը (ֆրանկներ, ֆրիզներ, սաքսեր)։ 5-րդ դարէն 9-րդ դար Պելճիքան մտած էր Ֆրանկական պետութեան կազմի մէջ։
12-13-րդ դարերուն Պելճիքական տարածքները, յատկապէս Ֆլանտրիան, վերածուեցան Եւրոպայի «արհեստանոցի» եւ միջազգային առեւտուրի կարեւոր հանգոյցի։ Բարգաւաճեցան քաղաքները, որոնցմէ շատերը ձեռք բերին ինքնավար մարզի իրաւունքը։ Երկար ժամանակ Պելճիքան Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այսպէս կոչուած «Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան» մրցակցութեան թիրախ էր։ 1384-ին Ֆլանտրիան, 1430-ին Պրապանթը մտան Պուրկններու պետութեան կազմի մէջ։ Պրապանթը դարձաւ այդ պետութեան միջուկը, Պրուսըլսը՝ Պուրկոներու դուքսերու նստավայրը։
1477-ին (վերջնականապէս 1482-ին) Պելճիքայի մէջ հաստատուեցաւ Հապսպըրկներու ընտանիքը։ «Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան» բաժանումէն ետք (1555) Պելճիքան անցաւ Սպանիոյ։ Պելճիքայի մէջ դրամատիրական կարգերը ծնունդ առին շատ հին ժամանակներէ։
16-րդ դար Էնթուըրբը դարձաւ համաշխարհային առեւտուրի խոշորագոյն կեդրոն։ Սակայն դրամատիրական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման խոչընդոտը՝ Սպանական բացարձակ միապետութիւնը։ Այդ հակասութիւնները կառավարեցին Հոլանտան, որու բաղկացուցիչ մաս կը կազմէր նաեւ ժամանակին Պելճիքայի տարածքը, անցած պուրժուայական յեղափոխութեան ծաւալմանը, որու շնորհիւ անկախութիւն ստացաւ միայն Հիւսիսային հոլանտան (Հոլանտական Հանրապետութիւն)։
Սկսած 19-րդ դարու 70-ականներուն Պելճիքայի կառավարող շրջանները Լէոփոլ 2-ի (1865—1909) գլխաւորութեամբ մասնակցեցան Ափրիկէի գաղութային բաժանմանը։ 1884—1885-ի Պերլինի Քոնկրեսը ճանչցաւ Պելճիքայի յատուկ շահերը «Քոնկոյի ազատ պետութիւնը» (1908-էն՝ Պելճիքայի գաղութը)։
20-րդ դարու սկիզբներէն Պելճիքան փոքր կայսերական երկիր մըն էր՝ գաղութային ընդարձակ տիրապետութիւններով։ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի սկիզբին Գերմանիան խախտեց Պելճիքայի չեզոքութիւնը եւ գրաւեց երկիրը մինչեւ 1918-ին։ Պելճիքայի կառավարութիւնը փախաւ Հավր (Ֆրանսա)։ Այդ նոյն ժամանակ Պելճիքայի զօրքերը անգլիական եւ ֆրանսական զօրամասերու հետ միասին կը մասնակցէին Գերմանիոյ Ափրիկեան տիրապետութիւններու զաւթմանը։
Պելճիքան ստացաւ նաեւ Ռուանտա-Պուրունտիի մանդատը եւ Գերմանիայէն ռազիկ ստանալու իրաւունք։ 1920-ին Պելճիքան ռազմական դաշինք կնքեց Ֆրանսայի, 1921-ին մաքսային դաշինք՝ Լիւքսընպուրկի հետ։ Պելճիքական մենավաճառները կարեւոր դիրքեր գրաւեցին Լեհաստանի, Ռումանիոյ, Եուկոսլաւիոյ, ինչպէս նաեւ Ափրիկէի ու Ասիոյ շարք մը երկիրներու տնտեսութեան մէջ։
Ափրիկէի ծաւալուող ազգային-ազատագրական պայքարը Պելճիքային ստիպեց անկախութիւն տալ Քոնկոյին (1960) եւ Ռուանտա-Ուրունտիին (1962)։ Սակայն Պելճիքայի գաղութարարները Քոնկոյի Հանրապետութեան մէջ (հռչակուեցաւ 1960-ին) գրգռեց արիւնահեղ ընդհարումներ եւ վարեց երկիրը անդամահատելու քաղաքականութիւն։ Քոնկյի ճգնաժամի հետեւանքով Պելճիքայի մէջ ստեղծուեցաւ ներքաղաքական անկախ դրութիւն։ Միմեանց փոխարինող կառավարութիւններն ընդունած էին համառամկավառական օրէնքներ։
Պելճիքայի մէջ խստացաւ նաեւ ազգային հարցը, որ կառավարական երկարատեւ ճգնաժամի պատճառը դարձաւ։ Յունիս 1968-ին կաթոլիկներէն եւ սոցիալիստներիէն կազմվուեցաւ կառավարութիւն Գ․ Էսկընսի գլխաւորութեամբ։
Պելճիքան ՄԱԿ-ի անդամ է 1945-էն, 1949-ին՝ մաս կազմած է ՆԱՏՕ-ի։ 1950-ին Պելճիքայի եւ ԱՄՆ-ի միջեւ կնքուեցաւ «ռազմական օգնութեան» համաձայնագիր։ 1955-ին Պելճիքա խորհրդարանը հաւանութիւն տուաւ Փարիզի համաձայնագրերուն եւ Պելճիքան միացաւ Արեւմտա-եւրոպական դաշինքին։
Պելճիքան Քարածուխի եւ պողպատի եւրոպական միաւորման (1951-էն), «Ընդհանուր շուկայի» (1957-էն) մասնակից է։ 1964-ին Պելճիքան հրաժարեցաւ ՕԹԱՆ-ի բազմակողմանի միջուկային ուժերու ստեղծման մասնակցելէն, բայց իր տարածքը տրամադրեց Ֆրանսայէն հեռացած ՕԹԱՆ-ի միացեալ զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատարութեան կեդրոնը եւ ՕԹԱՆ-ի խորհուրդը տեղաւորելու համար (1967)։ ԱՄՆ-էն Պելճիքա տեղափոխուեցաւ ՕԹԱՆ-ի ռազմական կոմիտէն (1967)։
1969-1970-ին Պելճիքայի կառավարութիւնը բազմիցս հանդէս եկաւ Եւրոպայի անվտանգութեան ապահովման հետ կապուած խնդիրներու լուծման, մասնաւորապէս համաեւրոպական խորհրդակցութիւն հրաւիրելու ի նպաստ։
Պելճիքան սահմանադրական միապետութիւն է։ Գործող սահմանադրութիւնը ընդունուած է 1831-ին։ Պետութեան գլուխը՝ թագաւորը, ձեւականօրէն օժտուած է լայն իրաւասութիւններով, որոնք գործնապէս կը կատարէ կառավարութիւնը։ Օրէնսդիր իշխանութիւնը երկպալատ (ներկայացուցիչներու տուն եւ ծերակոյտ) խորհրդարանը կը գործադրէ։
1969-էն ընտրելու իրաւունք ունին 18 տարի լրացուցած բոլոր քաղաքացիները։ Գործադիր իշխանութիւնը կը պատկանի կառավարութեան։ Իւրաքանչիւր նահանգի բնակչութիւնը 4 տարի ժամանակով կ՚ընտրէ նահանգային խորհուրդ, որուն գործադիր մարմինը՝ մշտական պատգամաւորութիւնը, գլխաւորած է նահանգապետը։
Պելճիքայի վարչական բաժանման ստորին միաւորներու՝ համայնքներու մէջ, 6 տարի ժամանակով կ՚ընտրուի համայնքային խորհուրդ, որու գործադիր մարմնին՝ աւագներու պաշտօնակից, Պուրկոմիստրին գլխաւորութեամբ, նշանակած են կեդոնական իշխանութիւնները։
Պելճիքայի դատական բարձրագոյն մարմինը վճռաբեկ դատարանն է։ Ամբողջ երկիրը բաժնուած է 26 դատական շրջաններու, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մէջ կազմուած է առաջին ատեանի դատարան։ Գլխաւոր քաղաքներու մէջ կը գործեն առեւտրական դատարաններ։ Թագաւորը կը նշանակէ բոլոր դատաւորները։
Պելճիքա Եւրոպայի մէջ գտնուող փոքր երկիր է, որ տարածքով գրեթէ հաւասար է Հայաստանին։ Ինքնաշարժով կարելի է չորս-հինգ ժամէն կտրել-անցնիլ անոր մէկ ծայրէն միւսը։
Պելճիքայի տարածքը տարբեր ժամանակներու մէջ պատկանած է Ֆրանսային, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Աւստրիոյ եւ Հոլանտայի։ Պելճիքա անկախ պետութիւն դարձած է 1830-ին միայն։
Պելճիքայի մէջ ապրած են երկու ազգեր՝ Ուալոնները եւ ֆլամանտացիները։
Պելճիքա ինկած է Հիւսիսային ծովի ափին։ Ծովէն փչող խոնաւ քամիները մեղմացուցած են ձմեռային ցուրտն ու ամառային շոգը։ Գետերը չեն սառիր։ Ձմեռը մեծ մասամբ ամպամած է, մշուշոտ, ամառը զով է, յաճախ կը տեղայ յորդ անձրեւներ։ Ծովափէն դէպի երկրի խորքը հարթավայր ձգուած է։ Այն հատած են գետերն ու ջրանցքները, որոնց երկայնքով բարդեր աճած են։ Շուրջը մութ կանաչ մարգագետիններ են։ Այնուհետեւ հարթավայրն սկսած է բարձրանալ եւ վերածուած է բլրաշատ տեղանքի։
Երկրի հարաւը, սահմանի մօտ, հարթավայրը փոխակերպուած է անտառապատ լեռներու։ Կեդրոնական Պելճիքան ծածկուած է երկաթուղային եւ ինքնաշարժի ճամբաներու, գետերու եւ ջրանցքներու խիտ ցանցով, որոնց շուրջը կեանքը կ՚եռայ։ Այստեղ կ՚արտադրուի քարածուխը, խոշոր գործարաններ կը բանին եւ երկինքը պայծառ օրերուն անգամ յաճախ մշուշապատ է։ Գետահովիտներու երկայնքով գրեթէ անընդմէջ ձգուած են քաղաքներն ու աւանները։
Պելճիքա առաջին տեղերէն մէկը կը գրաւէ բնակչութեան խտութեամբ (1 քմ² վրայ՝ 550 մարդ)։ Ըստ ազգային կազմի` բաժանուած է ֆլամանտացիներու (մոտ 5, 5 մլն) եւ Ուալոններու (մօտ 4 մլն, 1970)։ Հոն նաեւ կ՚ապրին գերմանացիներ, հրեաներ եւ այլն։
Պետական լեզուներն են հոլանտերէնը, ֆրանսերէնը եւ գերմաներէնը։ Բնակչութեան մեծ մասը կաթոլիկ է, պաշտօնական տոմարը՝ Գրիգորեան։ Բնորոշ է բնակչութեան դանդաղ աճը (1968-ին 1000 բնակչին՝ 2 մարդ)։ Տնտեսապէս գործօն բնակչութիւնը 3,8 միլիոն է (1968), քաղաքային բնակչութիւնը՝ 2/3-էն աւելին։
Պելճիքան կ'արտադրէ երկաթ, պողպատ, պղինձ, ինքնաշարժներ, մեքենայի գործիքներ, ապակի, գործուածքներ, գորգեր։ Այդ ապրանքներով Պելճիքան առեւտուր կ'ընէ բազմաթիւ երկրներու հետ։ Պելճիքացիները շատ աշխատանք կատարած են նաեւ գիւղատնտեսութեան մէջ։ Անոնք մշակած են ցորեն, գետնախնձոր, բանջարեղէն։
Երկրին մէջ արածող կովերու ցեղերը առատ կաթ կու տան։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Պելճիքայի Թագաւորութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատուած են 10 մարտ 1992-ին:
26 Մայիս 2009-ին Պելճիքայի Թագաւորութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած է։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Պելճիքա, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.