Այծքաղ

Այծքաղ, եղջերաւորներու ընտանիքին պատկանող, որոճացող եւ երկկճղակաւոր կաթնասուն անասուն:

Այծքաղ
Այծքաղներ

Փոքր Այծքաղները

Փոքր այծքաղները, որոնք վիթեր կ'անուանուին, շատ բարեկազմ են, ունին բարակ ոտքեր, նրբագեղ վիզ եւ շատ թեթեւաքայլ են։ Գլխաւորաբար տարածուած են Ափրիկէի, աւելի քիչ՝ Հարաւային եւ Կեդրոնական Ասիոյ, Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։ Կ'ապրին անապատներուն, անտառային եւ ալպեան գօտիներուն ու տափաստաններուն մէջ։

Այծքաղ 
Սաւանայի սեւ այծքաղ

Արտաքին նկարագիր

Անդրկովկասի վիթերէն նշանաւոր է Ճէյրանը։ Անոր մարմինին երկայնքը 95-115 սմ. է, կշիռքը կը հասնի մինչեւ 33 քկ.։ Արուները ունին սեւ, քնարաձեւ, մինչեւ 40 սմ. երկարութեամբ օղակաձեւ հաստ եղջիւրներ (էգերը չունին)։ Կրնան վազել մինչեւ 60 քմ/ժ արագութեամբ։ Կ'ապրին խումբերով (ամրան՝ 3-5, ձմրան՝ 10-20 անասուն)։ Ապրիլ-Մայիսին էգը կ'ունենայ 1-2 ձագ։ Կեանքին տեւողութիւնը 6-7 տարի է։

Այծքաղ 
Հնդկական այծքաղներ

Սայկա այծքաղը վիթէն շատ տարբեր է. ունի մեծ գլուխ՝ փքած եւ փափուկ քիթով, սուր հոտառութիւն, ուժեղ եւ մկանոտ կարճ ոտքեր։ Սակայն Սայկան կրնայ 1 ժամուան ընթացքին աւելի քան 70 քմ տարածութիւն ունեցող տափաստաններ կտրել-անցնիլ։ Կ'ապրի Մոնկոլիոյ, Արեւմտեան Չինաստանի, Ղազախստանի եւ ստորին Վոլկայի տափաստաններուն ու կիսանապատներուն մէջ։

Այծքաղներուն միսը, մորթն ու եղջիւրները կ'օգտագործուին, ուստի այծքաղներու բազմաթիւ տեսակներ որսի առարկայ կը դառնան, որուն պատճառով անոնց թիւը հետզհետէ կը նուազի։ Ներկայիս այդ անասունները հսկողութեան տակ կը գտնուին։ Այծքաղներու շարք մը տեսակներ կը պահպանուին գլխաւորաբար արգելոցներու մէջ։ Հայաստանի հանրապետութեան մէջ գտնուող ճէյրանները եւս կը պահուին արգելոցներու մէջ։

Այծքաղներու տարբեր տեսակներ կան. ամէնէն մեծերը կովու մեծութեամբ ափրիկեան եզնայծերն են, իսկ ամէնէն փոքրերը, որոնք նոյնպէս ափրիկեան են, նապաստակի մեծութիւն ունին։

Արտաքին յղումներ

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։  Այծքաղ 

Tags:

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԱզրպէյճանՅակոբ ՕշականՖրանսերէնՄերձաւոր ԱրեւելքՎիքթոր ՀիւկօԱմօթալի Արարք Մը (գիրք)89 (թիւ)ՉինաստանՍ. Սոֆիա տաճար (Կ. Պոլիս)ՆիճերիաԺիրայր ԱլթունեանՓարիզի Շարլ տը Կոլ Օդակայան2019Յունաստանի ազգային օփերաԱւետիս ԱհարոնեանՈւտիք15 ՄարտՊելճիքաՔլէոփաթրաԱլոնիսոսKrispՄիհրան (անձնանուն)Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկԱլեքսանդր ԽատիսեանՎիգէն (երգիչ)Սարի ԱղջիկԻտալերէն18 ՅուլիսԱրա ՍայեղՄեծ ՀայքՊաշտպանական ՄեքենականութիւններԱպրիլԽոդեդանՍմբատ Ա․ ՆահատակՊետրոս ԴուրեանԽորէն ՍինանեանԱրշակ ԱլթունեանՈսկորԵրեքշաբթիՄեծ Պահքի ԿիրակիներՄիջնադարԹաթա ՍիմոնեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Լառնաքա)Ուիլիըմ ՍարոյեանԳիւղԺայռապատկերՖինլանտաԲագրատունեանց Հայաստանի ՎերելքըԻնչու է Աղմկում ԳետըՏարօն-Տուրուբերանի Հայրենակցական ՄիութիւնԲենջամն ՖրանկլինՀայկական ԵրաժշտութիւնՇերՂեւոնդ ԱլիշանԼատինական կայսրութիւնՄիհրան ԵազըճեանՌիչըրտ ՅովհաննէսեանՄխիթար ՍեբաստացիՄարք ԳրիգորեանԲաբելոնի ԱշտարակԵրուանդ Քհնյ. ԵրէցեանՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Նիկոսիա)Խանասորի ԱրշաւանքՀունգարերէնԱրուսեակ (մոլորակ)Մոզիլլա ՖայրֆոքսԹուրքիաՀայերէնՔրիստիան ԲատիկեանՎախթանգ ԱնանեանՄուրատ-Ռափայէլեան ՎարժարանԱլեքսանտր ԹամանեանԹանապուրԱրաբական թերակղզի🡆 More