Կեդրոնական Ասիա

Կեդրոնական Ասիա, Միջին Ասիա (ղազախերէն՝ Орта Азия, թուրքմեներէն՝ Merkezi Aziýa, իւզպեքերէն՝ Oʻrta Osiyo, ղրղզերէն՝ Орто Азия, տաճիկերէն՝ Осиёи Марказӣ, պարսկերէն՝ آسیای مرکزی, Ուրտու՝ وسط ایشیا, Չինարէն՝ 中亚), ասիական տարածաշրջան։

Կեդրոնական Ասիա
Կեդրոնական Ասիան՝ աշխարհի քարտէսին վրայ

Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի այս տարածաշրջանին մէջ կը մտնեն հետեւեալ տարածքները՝ Մոնկոլիան, Արեւմտեան Չինաստանը, Հիւսիսային Հնդկաստանը եւ Հիւսիսային Փաքիստանը, Հիւսիս-Արեւելեան Իրանը, Աֆղանիստանը, Միջին Ասիոյի 4 հանրապետութիւնները, Ղազախիստանը եւ Ռուսաստանի ասիական մասին տայգայի գօտիէն դէպի հարաւ գտնուող տարածքները։ Առաջին քարտէսին մէջ ներկայացուած է տարածաշրջանը՝ ըստ ՄԱԿ-ի։ Կեդրոնական Ասիան, տարածաշրջանին նոր անուանումն է։ 1924 -էն շրջանառութեան դրուած է Ղազախիստան եւ Միջին Ասիա անուանումը։ Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներն են՝

  • Թիւրքմենիստան
  • Ղազախիստան
  • Ղրղզիստան
  • Տաճիկիստան
  • Իւզպեքիստան

Բնական պայմաններ

Կեդրոնական Ասիոյ մակերեւոյթը բազմազան է, իսկ ընդերքը հարուստ է օգտակար հանածոներով եւ թանկարժեք քարերով։ Արեւմտեան եւ հիւսիսային մասերը հարթավայրերն են, իսկ հարաւային մասը կ'երկարին բարձր լեռներ։ Հարաւային մասին մէջ կը գտնուի նաեւ տարածաշրջանին ամէնէն բարձր գագաթը՝ Ղազախիստանի տարածքին մէջ։ Կեդրոնական Ասիա հարուստ է նաեւ հանքային պաշարներով։ Ղազախիստանի եւ Թիւրքմենիստանի տարածքներուն մէջ կան բնական կազի եւ նաւթի հարուստ պաշարներ։ Իւզպեքիստանի մէջ կը գտնուի աշխարհի ոսկիի եւ արծաթի պաշարներուն 1/10 մասը։ Ոսկիի պաշարներով Իւզպեքիստան կը գտնուի 3-րդ տեղը։ Ղազախիստանի տարածքը հարուստ է բազմազան մետաղներով։ Կան նաեւ ֆոսֆորի եւ կապարի պաշարներ։

Կլիմայ

Կեդրոնական Ասիա միաժամանակ կը գտնուի հինգ կլիմայական գօտիներու վրայ։ Հիմնական գօտիները կիսանապատային եւ մերձարեւադարձային կլիմայական գօտիներ են։ Կլիման բազմազան է։ Տեղումները գլխաւորաբար կը գրանցուին երկիրին հարաւային մասերուն՝ լեռնային հատուածներուն մէջ։ Լեռներուն բարձրութեան պատճառով լեռներու լանջերուն եւ ստորոտին յառաջացած են սառցադաշտեր, որոնց հալքինհետեւանքով գոյացած է Սիրտարեան գետը։

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

ՉինարէնՊարսկերէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Գուրգէն ՄահարիՏիգրանակերտ (Մայրաքաղաք)Զարթօնք (օրաթերթ)ՆոյԿիլիկիոյ կաթողիկոսներու ցանկ«Էմոճի»ներՀամՎահէ (անձնանուն)Վաչէ ՏաղլեանՀայ Ժողովուրդի Մայիսեան ՀերոսամարտերՄիքայէլ Լորիս-ՄելիքովԿանաչ ԿիրակիԲնական թիւՄիսաք Մեծարենց1870 թուականԼուսանկարչութիւնԿարինԹոքիօՀրազդան գետԱրարատ (Լեռ)Սմբատ ՇահազիզՊետրոս ԴուրեանԱրաբական Արշաւանքները Դէպի ՊարսկաստանԶահրատՍուրբ ԵրրորդութիւնՄեծն ՊետրոսՀայկական ՏոմարՊարսկերէնՍանահինի ՎանքՏրդատ Գ.1775 թուականԵրաժշտութիւնԲենիամին ԹաշեանՀայկական ՎարդԻմացաբանութիւնԱտրպետ ԱտրպետեանՋղային ԱնախորժակութիւնՀրաչ ՏասնապետեանԹաւրիզՂազարոս ԱղայեանԾծումբՍարի ԱղջիկԷսթոնիաՀՀ պետական խորհրդանիշներԱւարայրի ՃակատամարտՄիջագետքՖրիտիոֆ ՆանսենՀաագաԼէօ ԹոլսթոյՀայ Յեղափոխական ԴաշնակցութիւնՍամսունկՀայոց ՑեղասպանութիւնՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումԽլութիւն (լսողական կորուստ)Սմբատ ՍպարապետԵլակՓիոթր ՏոսթոյեւսքիԳրիգոր ՆարեկացիԷլէն ՍեկարաԱլեքսանտր ԱրզումանեանԱմուսնութիւնԱրտաշէս ՅարութիւնեանԽաչքարՉարլզ ՏիքընզՄարին ԼութերԲագարանԹմրաքունՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Արցախեան-ազրպէյճանական սահմանային պատերազմ (2016)Վահրամ ՊաղտասարեանՆոր ՆախիջեւանՊանք Օթոմանի Գրաւում🡆 More