Տանըլտ Ճոն Թրամփ (անգլ.՝ Donald John Trump, Sr., ծ.՝ Յունիս 14, 1946-ին), ամերիկացի առեւտրական, քաղաքական գործիչ եւ ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ:
1971-էն ի վեր կը նախագահէ իր շինարարական եւ այլ առեւտրական աշխատանքներու գլխաւոր կազմակերպութիւնը՝ «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»-ը: Առեւտրական ասպարէզով զբաղելու ժամանակ, Թրամփ շինել տուած է գրասենեակներու աշտարակներ, պանդոկներ, բախտախաղի կեդրոններ, կոլֆի մրցադաշտեր եւ համաշխարհային այլ բարձրորակ կառոյցներ: 2016-ի ընտրութիւններուն, ընտրուած է ԱՄՆ-ի 45-րդ նախագահ Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ, գերազանցելով Դեմոկրատ կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը: Ան իր նախագահական պարտականութիւնը ստանձնած է 20 Յունուար 2017-ին:
Թրամփ ծնած ու մեծցած է Նիւ Եորքի մէջ։ 1968-ին, Փենսիլվանիոյ Համալսարանի «Ուարթըն Սքուլէն» վկայուած է քաղաքական տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականով (BS in Economics): 1971-ին, ստանձնած է իր հօր՝ Ֆրէտ Թրամփի շինարարական ընկերութիւնը: Թրամփ երեւցած է «Միսս USA»-ի գեղեցկութեան մրցանակին, որուն սեփականատէրն էր 1996-էն մինչեւ 2015: Ան նաեւ երեւցած է ֆիլմերու եւ պատկերասփիւռի հաղորդումներու մէջ։ 2000-ի նախագահական ընտրութիւններուն, Թրամփ ուզած է «Վերակազմութիւն» կուսակցութեան թեկնածու ըլլալ, բայց հրաժարած է քուէարկութենէն առաջ: 2004-էն 2015, ան վարած եւ արտադրած է «Էն.Պի.Սի» պատկերասփիւռի կայանի «Տը Ափրենթիս» հաղորդաշարը: 2016-ին, Ֆորպս-ի կողմէ արձանագրուած է աշխարհի 324-րդ ամէնէն հարուստ մարդը, 156-րդը՝ ԱՄՆ-ի, 3,7 միլիառ տոլարով, Հոկտեմբեր 2016-ին:
Յունիս 2015-ին, Թրամփ նախագահական իր թեկնածութիւնը յայտնած է Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ եւ շուտով բարձրացած է առաջնակարգ դիրքերու: Մայիս 2016-ին, անոր Հանրապետական մրցակիցները կը դադրեցնեն իրենց ընտրական պայքարը եւ Յուլիսին ան պաշտօնապէս կը նշանակուի նախագահական թեկնածու 2016-ի Հանրապետական Ազգային Համագումարի ժամանակ: Թրամփի ընտրական պայքարը արժանացաւ ընկերային ցանցերու եւ համաշխարհային ուշադրութեան: Թուիթըր ընկերային ցանցի բազմաթիւ հարցազրոյցներու եւ ընտրական պայքարներու ընթացքին կատարած է սխալ յայտարարութիւններ: Ցոյցեր տեղի ունեցած են անոր պայքարի նախնական շրջաններուն: 7 Հոկտեմբերին, յայտնաբերուած է 2005-էն ձայնային արձանագրութիւն մը, ուր Թրամփ խոստովանած է բռնութեամբ համբուրած եւ սիրաբանած ըլլալը կիներու հետ: Ան ներողութիւն խնդրած է եւ հերքած՝ լուրը, զայն նկարագրելով, իբրեւ աւելի լայն ընտրական պայքարի մաս: 70 տարեկանին, Թրամփ դարձած է նախագահական պաշտօն ստանձնող ամէնէն տարեց անձը:
Թրամփի ծրագիրը կ'ընդգրկէ ԱՄՆ-Չինաստան վաճառականական բանակցութիւններ, շարք մը վաճառականական համաձայնութիւններու՝ ինչպէս «ՆԱՖԹԱ»-ի եւ «Թրանս-Փասիֆիք Փարթնըրշիփ»-ի ընդդիմութիւն, գաղթականութեան օրէնքներու զօրացումը՝ պատ մը կառուցելով ամերիկեան եւ մեքսիքական սահմանին վրայ, վեթերաններու հոգատարութեան բարեկարգում, «Ըֆորտըպլ Քէր Աքթ»ի վերահաստատում եւ տուգանքներու ջնջում: Նոյեմբեր 2015-ի Փարիզի յարձակումէն աւելի քան տարի մը ետք, Թրամփ ժամանակաւորապէս արգիլած է իսլամներու գաղթը դէպի ԱՄՆ, այնուհետեւ նշելով, թէ արգելք պէտք է հանդիսանալ այն երկիրներուն, որոնք զինեալ խմբաւորումներու պատմութիւն ունին:
Թրամփ ծնած է 14 Յունիս 1946-ին, Ճամայքա, Քուինզ, Նիւ Եորք: Ան ընտանիքի հինգ երեխաներէն երկրորդ ամէնէն փոքրն է: Իր 4 քոյր-եղբայրներէն, երեքը՝ Մարիանը, Էլիզապէթը եւ Ռոպերթը ողջ են, իսկ մէկ եղբայրը՝ կրտսեր Ֆրէտը մահացած է 1981-ին, ալքոհոլամոլութենէ: Եղբօրը մահը պատճառ դարձած է, որ ան երբեք ալքոհոլ եւ ծխախոտ չգործածէ:
Թրամփ իր հօրմէն ունի գերմանական արմատներ, իսկ իր մօրմէն՝ սկովտիական: Իր 2 մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը ծնած են Եւրոպայի մէջ։ Իր հայրը՝ Ֆրէտ Թրամփը (1905-1999) ծնած է Գերմանիոյ Քալլսթատ քաղաքէն եկած ծնողներէ Քուինզի մէջ եւ դարձած է Նիւ Եորքի մեծագոյն շինարարներէն մէկը: Մայրը՝ Մէրի Թրամփ (ծնեալ՝ ՄաքԼէօտ, 1912-2000) ծնած է Թոնկի մէջ, Լէուիս, Սկովտիա: Ֆրէտ եւ Մէրի զիրար ծանօթացած են Նիւ Եորքի մէջ եւ ամուսնացած 1936-ին ու հաստատուած են Քուինզի մէջ: Հօրեղբայրը՝ Ճօն Թրամփ, որ Մասսաչուսէցի Արուեստից Հիմնարկի դասախօս էր 1936-1973, եւ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին մաս կազմած է դաշնակիցներու ռատիոտեղեկայանի բաժինին մէջ, շինած է «Էքս-Րէյ»-ի a3nbidi մեքենաներ, որոնք քաղցկեղէ տառապողներուն կեանքը երկարած են: 1943-ին, Հետազօտութեան Դաշնակցային Բիւրօն Ճ. Թրամփի առաջարկած է, որ վերատեսութեան ենթարկէ Նիքոլա Թէսլայի թուղթերն ու առարկաները, երբ Նիքոլա Թէսլա Նիւ Եորքըր պանդոկի իր սենեակին մէջ մահացաւ: Թրամփներուն մեծ հայրն էր Ֆրետերիք Թրամփ, որ շատ մեծ հարստութիւն մը շինած է Սիթըլի եւ Քանատայի Քոլնտայք քաղաքին մէջ իր ունեցած ճաշարաններէն եւ տուներէն:
Թրամփ ընտանիքը լիւթերաններ եղած են, բայց Թրամփի ընտանիքը պատկանած է Ամերիկայի Վերակազմուած եկեղեցւոյ: Ընտանիքի անունը նախապէս կոչուած է Տրամփֆ կամ Տրամֆթ եւ յետագային՝ 17-րդ դարու Երեսուն Տարիներու պատերազմին դարձած է Թրամփ: Թրամփ ըսած է, թէ հպարտ է իր գերմանացի արմատներով: Ան, իբրեւ բարձր դատաւոր ոստիկան ծառայած է 1999-ի գերմանական եւ ամերիկեան Սթէուպէն փառատօնին, որ տեղի ունեցած է Նիւ Եորքի մէջ:
Ընտանիքը երկու յարկանի տուն մը ունէր Ճամայքայի Միտլանտ Փարքուէյի մէջ, ուր Թրամփ ապրած էր «Տը Քիու-Ֆորեսթ Սքուլ» յաճախած ժամանակ: Թրամփ դպրոցը ձգած է 13 տարեկանին եւ մտած է Նիւ Եորքի Քորնուոլ քաղաքին մէջ գտնուող Նիւ Եորքի Զինուորական Ակադեմիա, ուր աւարտած է 8-րդ դասարանն ու երկրորդական վարժարանը: 1983-ին, Ֆրէտ Թրամփ հարցազրոյց վարողի մը ըսած է, թէ մանկութեան Թրամփ բաւական ծոյլ աշակերտ եղած է: Թրամփ մասնակցած է տողանցքներուն, հագած է տարազ եւ աւարտական տարին ստացած է հրամանատարի աստիճան: Ան փոխանցուած է հրամատարութեան աշակերտի կարգէն, հաստատուած՝ իրմէ ստորադասի մը կողմէ, կորսուած կրտսերի մը փաստէն ետք: Թրամփ այս փոխանցումը կ'եզրակացնէ իբրեւ «բարձրացում»: 2015-ին, ան կենսագրական գրողի մը ըսած է, թէ զինուորական ակադեմիան «զայն զինուորութեան գացողէ մը աւելի լաւ մարզած է»:
Թրամփ 2 տարի ուսանած է «տը Պրոնքս»-ի Ֆորտհամ Համալսարանին մէջ, Օգոստոս 1964-էն սկսեալ: Ապա, փոխանցուած է Փենսիլխանիոյ Համալսարանի «Ուորթըն Սքուլ», ուր կը դասաւանդուէր շինարարական ընկերութիւններու գիտութիւններ, որ այդ օրերուն ԱՄՆ-ի մէջ ամէն տեղ գտնելը կարելի չէր: Ուսանած ժամանակ, ան կ'աշխատէր իր ընտանիքի հիմնած ընկերութեան՝ «Էլիզապէթ Թրամփ եւ որդիք» հաստատութեան մէջ, որ կոչուած է իր հօրենական մեծ մօր անունով: Մայիս 1968-ին, Թրամփ կը վկայուի Քաղաքական Տնտեսագիտութեան պսակաւոր գիտութեանց վկայականով:
Թրամփ չէ մասնակցած Վիեթնամի պատերազմին: Ուսանած տարիներուն՝ 1964-էն 1968, ան 4 անգամ յետաձգած է զինուորութիւնը, իբրեւ աշակերտ: 1966-ին, ան յարմար նկատուած է ծառայութեան, զինուորական բժշկական քննութիւններէ ուղղուած եւ 1968-ին, ան նաեւ յարմար նկատուած է տեղական ծրագիրի յանձնախումբին կողմէ, բայց Հոկտեմբեր 1968-ին ստացած է բժշկական յետաձգում: Դեկտեմբեր 1969-ին, Թրամփ խումբի վիճակահանութեան բարձր թիւ մը ստացած է, որ զայն ազատած է ծառայութենէն:
«Տը Էքոնոմիսթ» 2016-ին Թրամփի առեւտրական ասպարէզին վրայ կայացած քննութիւն մը կատարած է եւ եզրակացուցած՝ թէ «իր աշխատանքը (1985-էն 2016) եղած է միջին, բաղդատած՝ Նիւ Եորքի շուկային եւ ստացուածքներուն», նկատի ունենալով իր յաջողութիւններն ու ձախողութիւնները: Քննութիւն մը կատարած է նաեւ «Տը Ուաշինկթըն Փոսթ», որուն լրագրողը Թրամփի ընտրական պայքարին կողմէ մերժուած մամլոյ յանձնարարականներ էին: Անոնք եզրակացուցած են, թէ «Թրամփ խառնուրդ մըն է սնապարծութեան, առեւտրական անկումներու եւ շինարարական յաջողութիւններու»:
Նախքան համալսարանը աւարտելը, Թրամփ իր շինարարական աշխատանքի ասպարէզը սկսած է իր հօր՝ Ֆրէտ Թրամփի «Էլիզապէթ Թրամփ եւ որդիք» հաստատութեան մէջ, որ կեդրոնացած էր միջին դասակարգի վարձու տուներու շինարարութեամբ, Նիւ Եորք Սիթիի աւաններէն՝ Պրուքլինի, Քուինզի եւ Սթէյթըն Այլընտի մէջ։ Իր նախավկայեալ ուսման ժամանակ, Ֆրէտ եւ Տանըլտ Թրամփ գործածած են $500.000-ի ներդրում, որպէսզի յաջողութեամբ բանան նախապէս փակուած «Սուիֆթըն Վիլէճ» յարկաբաժիններու աւանը, Սինսինաթիի մէջ, Օհայօ:
1971-ին, ան կը սկսի հաստատութիւնը վարել եւ առաջին գործերէն կ'ըլլայ զայն վերանուանել «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»: Ան կը նշանակուի կազմակերպութեան նախագահը, 1973-ին: Այդ տարին, ինք եւ իր հայրը աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձուցին, երբ Արդարութեան Բաժանմունքը հաստատեց, թէ անոնք աւելի խտարականութիւն կը դնեն սեւերու միջեւ, որոնք կ'ուզեն իրենց յարկաբաժիններէն վարձել, քան ցած ամսականներ ունեցողներ, որոնց նշած է Թրամփ: Ապա, ստորագրուած է պայմանագրութիւն մը, որուն մէջ Թրամփները չեն ուզեր որեւէ սխալ գործ ընել եւ որակեալ փոքրամասնութիւններէ դիմողները պիտի ներկայացուին Քաղաքային Լիկայի կողմէ:
Թրամփի առաջին մեծ գործը կ'ըլլայ Մանհաթընի մէջ, 1978-ին: Հոն, ան կը վերաձեւաւորէ Քոմոտոր պանդոկի Կեդրոնական Մեծ Վերջակայանին մօտ գտնուող Կրանտ Հիաթ պանդոկը: Այս գործը հովանաւորուած է 70 միլիոն ամերիկեան տոլարի կառուցման մուրհակով, որ միասնաբար երաշխաւորուած էր Ֆրէտ Թրամփի եւ Հիաթ պանդոկին կողմէ:
1978-ին, Թրամփ համաձայնութիւններ կը գոյացնէ 58 յարկանի, 202 մեթրնոց (663 ոտք) աշտարակ մը կառուցելու Միտթաուն Մանհաթընի մէջ։ Այս աշտարակը կոչուեցաւ Թրամփի Աշտարակ: Այս աշխատանքը «Տը Նիու Եորք Թայմզ»-ը վերագրած է իր «յարատեւութեան» եւ «բանակցութեան ձիրքերուն»: Շինարարական աշխատանքները աւարտած են 1983-ին, ինչպէս նաեւ Տանըլտ Թրամփի բուն բնակարանը եւ «Տը Թրամփ» կազմակերպութեան կեդրոնը: Թրամփի Աշտարակէն կը սփռուի «Էն.Պի.Սի»-ի «Տը Ափրենթիս» յայտագիրը: Հոն նաեւ կը գտնուի պատկերասփիւռի արուեստանոց մը:
Շինութիւնը կը գտնուի նախկին Պոնուիթ Թելլըր վաճառատան տեղը, որ նշանաւոր էր իր ճարտարապետութեամբ: Անոր կործանումը հակամարտ էր, անոր ճակատը գտնուող «Արթ Տեքօ» քանդակներու կործանման պատճառով, ինչպէս նաեւ յանձնառուի 200 անօրէն լեհ գործաւորներ աշխատցնելու պատճառով, որոնք ժամական 4-5 տոլար կը գանձէին, 12 ժամ աշխատանքով: 1990-ին, Թրամփ վկայած է, թէ ինք շատ հազուադէպ այցելած է վայրը եւ անտեղեակ էր անօրէն աշխատողներէն:
1980-ին, Սենթրըլ Փարքի մէջ գտնուող Ուլման Չմշկելու Կեդրոնի նորոգութեան աշխատանքները սկսան ընդհանուր շինարարի մը կողմէ, որ որեւէ մէկ կապ չունէր Թրամփի հետ: Այս նորոգութեան համար նախատեսուած էր երկուքուկէս տարի, բայց 1986-ին տակաւին իր աւարտին չէր հասած: Ապա, Թրամփ ստանձնեց այս գործը եւ զայն ամբողջացուց 3 ամիսէն, 1,95 միլիոն ամերիկեան տոլարով, որ 750.000 ամերիկեան տոլարով պակաս էր սկիզբի պիւտճէէն, ապա այս չմշկարանի մէկ տարուան հասոյթը նուիրեց բարեսիրական միութեան, փոխարէնը ստանալով անոր արտօնութեան իրաւունքը:
1984-ին, տեղի ունեցած է «Հարրազ աթ Թրամփ Փլազա»յի բացումը, Աթլանթիք Սիթի, Նիւ Ճըրսիի մէջ։ Այս պանդոկը եւ բախտախաղի կեդրոնը կառուցուած է Թրամփի կողմէ, Հոլիտէյ Քորփի ֆինանսաւորումով ու գործարկուած Հոլիտէյ Քորփի բախտախաղի բաժանմունքին կողմէ: Բախտախաղի կեդրոնի անյաջողութիւնը խնդիրներ յառաջացուցին Թրամփի եւ Հոլիտէյ Քորփի միջեւ: Ինչպէս նաեւ, Թրամփ Հիլթըն Առեւտրական Ընկերութեան կողմէ Աթլանթիք Սիթիէն գնեց մասամբ շինուած շէնք մը, 320 միլիոն ամերիկեան տոլար արժողութեամբ: 1985-ին, երբ ամբողջացաւ շինութիւնը, կոչուեցաւ Թրամփի Պալատ, որ կառավարուեցաւ Թրամփի առաջին կնոջ՝ Իւանայի կողմէ:
1985-ին, Փալմ Պիչ, Ֆլորիտայի մէջ, Թրամփ գնեց Մար-ա-Լակօ կալուածը, որ կ'արժէր 5 միլիոն ամերիկեան տոլար, ինչպէս նաեւ 3 միլիոն տոլար ծախսուեցաւ կահաւորումին համար: Որպէս ձմեռնային հանգստեան տուն ծառայելէ անկախ, Թրամփ այդ կալուածը վերածած է անձնական ակումբի, որուն անդամակցութիւնը կ'արժէր 150.000 ամերիկեան տոլար: Մօտաւորապէս նոյն ժամանակին, ան Լի Այոքայի հետ Փալմ Պիչի մէջ գնեց տիրակցութեան աւան մը, որ դարձաւ Փալմ Պիչի Թրամփ Փլազան:
1988-ին, Թրամփ Մանհաթթանի Փլազա պանդոկը գնեց 400 միլիոն ամերիկեան տոլարի: Գործը եւ նորոգութեան աշխատանքները դարձեալ կառավարուեցան Իւանայի կողմէ:
Նոյն տարին, Թրամփ Թաժ Մահալի Բախտախաղի կեդրոնը գնեց Մըրվ Կրիֆինի եւ «Րիզօրց Ինթըրնաշընըլ»ի գործառնութեամբ: Ապրիլ 1990-ին կատարուած է բացումը կեդրոնին, որուն շինարարութեան ծախսերը արժած են 1,1 միլիառ ամերիկեան տոլար, որ այդ ժամանակուան ամէնասուղ բախտախաղի կեդրոնի շինութեան ծախսերը եղած են: Այս շինութեան կառուցման համար, 675 միլիոն ամերիկեան տոլար պարտքի դրամ առնուած է 14 առ հարիւր տոկոսով, ինչ որ պատճառ դարձած է այս ծրագրի սնանկութեան: Դրամատուներն ու արժէտէրերը, որոնք հարիւրաւոր միլիոն տոլարներու վնասներ կրեցին, ուզեցին վերատեսութեան ենթարկել այս մուրհակները:
Թաժ Մահալը սնանկանալու սկսաւ 5 Հոկտեմբեր 1991-ին, երբ Թրամփ կորսնցուց անոր սեփականութեան իրաւունքին 50 առ հարիւրը, մուրհակներու տոկոսը նուազելու եւ ժամանակի երկարաձգումի պատճառներով: Ան նաեւ ծախեց իր Թրամփ Շաթըլ օդանաւային ընկերութիւնը եւ 86 մեթրանոց Մեկայախթը՝ տը Թրամփ Փրինսէսը: Ան այս կալուածը դարձեալ գնեց 1996-ին եւ անիկա կոչուեցաւ Թրամփ Հոթըլզ էնտ Րիզօրց: Ասիկա դարձեալ սնանկութիւն ապրեցաւ1,8 միլիառ ամերիկեան տոլար պարտքով, 2004-ին: Այս մէկը պատճառ դարձաւ Թրամփի հինգ տարուան սնանկութեան 50 միլիոն ամերիկեան տոլար իր հարստութեամբ եւ 500 միլիոն ամերիկեան տոլար պարտքով: Վերատեսութեան ենթարկուելէ ետք, Թրամփի բաժին մնաց Թաժ Մահալի սեփականութեան միայն 10 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ ուրիշ այլ բախտախաղի կեդրոններ: 1995-ի կէսերէն մինչեւ 2009-ի սկիզբը, Թրամփ ատենապետն էր կազմակերպութեան, որուն անունը փոխուեցաւ «Թրամփ Ինթըրթէյնմընթ Րիզօրց»-ի, իսկ 2000-ի կէսէն մինչեւ 2005-ի կէսը՝ անոր տնօրէնը:
Թրամփ երբեք անձնական սնանկութիւն չէ ունեցած, բայց բախտախաղի կեդրոններու եւ պանդոկներու գործերը ունեցած են 6 անգամ 1991-էն 2009 թուականներուն, դրամատուներու եւ արժետէրերու հետ մուրհակներ կարգադրելու համար: Այս գործերը կ'ապրէին 11 գլուխի սնանկութիւն, այսինքն անոնք պարտքերու կարգադրութեան ժամանակ տակաւին կրնային գործել: 2011-ին, այս մասին «Նիուզուիք» հարցուցած է Թրամփի, որ ըսած է.- «Սնանկութեան օրէնքներուն հետ կը խաղամ. Այս մէկը շատ լաւ է ինծի» պարտքերս զեղչելու համար»:
Վեց սնանկութիւններուն պատճառներն ալ Աթլանթիք Սիթիի եւ Նիւ Եորքի մէջ իր կարողութենէն աւելի բարձր գործերու ձեռնարկումներն էին, որոնք են Թրամփի Թաժ Մահալը (1991), Թրամփ Փլազա Պանդոկն ու Բախտախաղի Կեդրոնը (1992), Փլազա Պանդոկը (1992), Փլազա Քասըլ Պանդոկն ու Բախտախաղի Կեդրոնը (1992),«Թրամփ Հոթըլզ էնտ Րիզօրց»-ը (2004), եւ «Թրամփ Ինթըրթէյնմընթ Րիզօրց»-ը (2009): Թրամփ ըսած է.- «Պարտքերէն զեղչելու համար, օգտագործած եմ այս երկրին օրէնքները... Պիտի ունենանք միութիւնը: Պիտի ձեռնարկենք նորերու: Դրամատուներու հետ բանակցութիւններ պիտի վառենք: Լաւ սակարկութիւն մը պիտի ընենք: «Աշկերտի» պէս է այս մէկը: Անձնական բան մը չէ: Պարզապէս գործ է»:
Երբ Թրամփ ստանձնեց իր ընտանիքին շինարարական ընկերութիւնը, զայն վերանուանեց «Տը Թրամփ Կազմակերպութիւն»: Ան շինարարական աշխատանքները ընդարձակելու կողքին, յանձն առաւ շարք մը այլ առեւտրական աշխատանքներ եւ հետզհետէ ընկերութիւնը հարիւրաւոր առանձին առեւտրական ընկերութիւններու եւ գործակիցներու մայր կազմակերպութիւնը դարձաւ։
Սեպտեմբեր 1983-ին, Թրամփ գնած է Նիւ Ճըրսի Ճեներալզ ամերիկեան ֆութպոլի խումբը, որ խաղացած է ԱՄՆ-ի ֆութպոլի լիկային մէջ։ Այս լիկան գարնան եւ ամրան խաղացած է երեք շրջան: 1985-ի շրջանէն ետք, կազմակերպութիւնը նիւթական դժուարութիւններու պատճառով անկում ապրած է, հակառակ «Էն.Էֆ.Էլ»-ի դէմ դատը շահելուն:
Ան նաեւ եղած է Մայք Թայսընի նիւթական խորհրդատուն: 1989-ին եւ 1990-ին, Թրամփ հեծելարշաւի մրցաշարքի մը տուած է Թուր տը Թրամփ անունով, որուն նպատակն էր ստեղծել Թուր տը Ֆրանսի կամ Ճիրօ տ՚Իթալիայի մակարդակով մրցաշարք մը:
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Տանըլտ Թրամփ, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.