Կաղապար:Ամիսներու Գլխագիր
Յունուար, տարուան առաջին ամիսը, ըստ Գրիգորեան օրացոյցի, ունի 31 օր։ Առաջին օրը կը նշուի, որպէս՝ Նոր Տարուան օր։
Երբ 16-րդ դարուն ընդունուեցաւ համաշխարհային օրացոյցը, ըստ այդ տոմարի տարուան առաջին ամիսը հանդիսացաւ՝ Յունուարը, իսկ ամիսները կոչուեցան՝ հռոմէական անուններով։ Այդ մէկը հայերը նոյնպէս ընդունեցին եւ Նաւասարդ անունը փոխարինուեցաւ՝ Օգոստոս անունով ու դարձաւ տարուան ո՛չ թէ առաջին, այլ՝ ութներորդ ամիսը։
Տարուան ամիսներու բաժանման՝ այժմեան պատկերը, գոյութիւն ունի աւելի քան երկու հազար տարի։ Այն մեզ հասած է Յուլեան օրացոյցի յառաջացման հետ (Հին Հռոմէն), ուրկէ նաեւ յառաջացած են ամիսներուն անունները։
Ինչպես յայտնի է, հռոմէացիներուն Նոր տարին կը սկսէր գարնան։ Ամիսները սկզբնական շրջանին միայն կը թուագրուէին, առաջինը այն ամիսն էր, որ հիմա կը կոչուի «Մարտ»։ Բայց ժամանակի ընթացքին միայն չորս ամիս մնացին թուական անուններով։ Այսինքն՝ եօթներորդէն մինչեւ տասներորդը ներառեալ՝ Սեպտեմբեր, Հոկտեմբեր, Նոյեմբեր եւ Դեկտեմբեր, անշուշտ նկատի առած՝ Մարտը, որպէս առաջին ամիս։ Մնացեալ ամիսները վերանուանուած են։
Յունուարը տարեմուտի ամիսն է։ Տարուան սկիզբը, սակայն ձմրան՝ կէսը։
Ուիքիպահեստ նախագիծի Յունուար ստորոգութեան մէջ կրնաք գտնել յաւելեալ պատկերազարդում այս նիւթի վերաբերեալ։ |
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Յունուար, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.