Քրիստոնէութիւն

Քրիստոնէութիւն (յունարէնէն՝ Χριστός - «օծեալ»), Երկիր մոլորակին հիմնական կրօնը կը կը համարուի: Իսլամութեան եւ Պուտտայականութեան հետ՝ համաշխարհային երեք գլխաւոր կրօններէն մէկը։

Քրիստոնէութիւն

Երկրագունդի բնակչութեան 33 առ հարիւրը, կամ 2.1 միլիառ հոգի կը դաւանի Քրիստոնէութիւնը:

Քրիստոնէութիւն եզրը առաջին անգամ օգտագործուած է Իգնատիոս Անտիոքացիին կողմէ (մահացած՝ 113/117) Մակնեզիոյ, Հռոմի եւ Ֆիլատելֆիոյ եկեղեցիներուն յղած իր նամակներուն մէջ։

Քրիստոնէութիւն
Քրիստոնէութեան տարածումը

Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն հրամանակարգն է՝ մեղքէն, մահէն եւ անէծքէն մարդը ազատելու նպատակով իրապէս մարմնացած եւ մարդացած Աստուածամարդու, Նախայաւիտենական Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին մասին վարդապետութիւնը։

Ժամանակի ընթացքին, պատմական հանգամանքներու եւ աստուածաբանական մուտքի զարգացման թելադրանքով, քրիստոնէական եկեղեցին ճիւղաւորուելով, երկփեղկուած է արեւելաքրիստոնէական եւ արեւմտաքրիստոնէական ուղղութիւններու, որոնցմէ են՝ Ուղղափառութիւնը եւ Կաթոլիկութիւնը, իսկ ԺԶ. Դարուն, Վերականգման (լատ.՝ reformatio) իբրեւ արդիւնք, ձեւաւորուած է քրիստոնէութեան երրորդ մեծ ուղղութիւնը՝ Բողոքականութիւնը։

Քրիստոնէութեան սրբազան գիրքը Աստուածաշունչն է (իր երկու անխախտելի մասերով՝ Հին կտակարան եւ Նոր կտակարան), քրիստոնեաներու պատկերացումով՝ Աստուծոյ խօսքն է, ուղղուած Իր իսկ արարած աշխարհին։ Յայտնութեամբ տրուած քրիստոնէական դաւանանքի հիմնական դրոյթները համառօտ եւ ամփոփ բանաձեւուած են Հաւատոյ Հանգանակին մէջ։

Քրիստոնէութեան ծագումը

Քրիստոնէութիւնը ծագած է Ա. դարուն, Պաղեստինի հրէական միջավայրին մէջ։ Արդէն Ներոն կայսեր օրերուն, Հռոմէական կայսրութեան մէջ կային քրիստոնէական համայնքներ։

Քրիստոնէական հաւատքի աղբիւրները կապուած են յուդայական Հին կտակարանին հետ։ Ըստ Աստուածաշունչին, Յիսուս Քրիստոս թլփատուած է, դաստիարակուած իբրեւ հրեայ, հետեւած է Հին կտակարանի պատուիրաններուն, Շաբաթ օրերուն այցելած է սինակոկա։ Քրիստոսի աշակերտները եւ առաջին հետեւորդները հրեաներ էին։

Քրիստոսի խաչելութենէն երեք ու կէս տարի անց, քրիստոնէութիւնը կը սկսի տարածուիլ նաեւ այլ ժողովուրդներու եւ ցեղերու մէջ։

Ըստ Նոր կտակարանի Գործք Առաքելոց գիրքին, «Χριστιανοί» գոյականը (քրիստոնեաներ, Քրիստոսի հետեւորդներ) առաջին անգամ օգտագործուած է Անտիոք քաղաքին մէջ, Ա. դարուն (Գործք 12։1)։

Սկիզբը, քրիստոնէութիւնը կը տարածուէր բացառապէս միջերկրածովեան հրեական սփիւռքին մէջ, սակայն Պօղոս առաքեալին քարոզներու շնորհիւ, ան հետեւորդներ ձեռք բերած է նաեւ այլ «հեթանոս» ազգերու շրջանին մէջ։ Մինչեւ Ե. դար, քրիստոնէութեան տարածումը կ'ընթանար Հռոմէական կայսրութեան տարածքին եւ անոր ազդեցութեան տակ գտնուող շրջաններուն մէջ (Մեծ Հայք, Սուրիա, Եթովպիա), ապա (գլխաւորաբար Ա. հազարամեակի Բ. կիսուն) անիկա տարածուած է գերմանական եւ սլաւոնական ցեղերու մէջ, աւելի ուշ (ԺԳ.-ԺԴ.)՝ նաեւ մերձպալթեան եւ սքանտինաւեան շրջաններուն մէջ։

Առաջին դարերու դժուարութիւններ

Քրիստոնեայ կրօնին գերազանցութիւնը եւ իր բարոյական վսեմութիւնը, բաղդատած միւս կրօններու, մեծ դժուարութիւն կը պատճառէ եւ դժուար ընդունելի կրօն մը կը նկատուի իր ժամանակակից ժողովուրդներուն կողմէ:

Կրօնին դժուար ըմբռնման վրայ կ'աւելնար զայն քարոզողներուն հանգամանքը: Արդարեւ, անոր առաջին քարոզիչ առաքեալները հասարակ ձկնորսներ էին, որոնք Քրիստոսը քարոզել կը սկսին ո՛չ թէ Ափրիկէի ցեղախումբերուն, այլ իրենց շրջանի ու ժամանակի ամէնէն զարգացած եւ ամէնէն քաղաքակիրթ ժողովուրդներուն՝ յոյներուն եւ հռոմէացիներուն: Մէկ խօսքով`քրիստոնէութիւնը դէմ յանդիման կը գտնուէր իր ժամանակի աշխարհի հզօրագոյն պետութիւնը` իր մշակոյթով եւ հզօր բանակով Հռոմէական կայսրութիւնը: Սակայն իր անմատչելի Խորհուրդներով այս խիստ կրօնը կը նուաճէ հռոմէական հզօր աշխարհը: Քրիստոնէութիւնը իր առաջին երեք դարերուն ընթացքին` անհաւասար գօտեմարտ մը մղելէ ետք, ընդէմ հեթանոս աստուածներուն եւ այլասերած բարքերուն, որոնք այդ ժողովուրդներուն մէջ դարերէ ի վեր արմատացած էին, ի վերջոյ բոլորին կը յաղթէ ու կը դառնայ կայսերական կրօն:

Հետեւորդներուն թիւը

Քրիստոնէութիւն 
Քրիստոնեաներու տոկոսային յարաբերութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ

Քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով աշխարհի մէջ քրիստոնեայ երկիրներու աղիւսակի առաջին տասնեակին մէջ են`

Քրիստոնէական 120 երկիրներու աղիւսակը կ'եզրափակէ Էսթոնիան իր 27.8 տոկոս քրիստոնեայ բնակչութեան քանակով:

Տարբեր քրիստոնէական ուղղութիւններու հետեւորդներու մօտաւոր թիւը՝

  • 1.2 միլիառ քրիստոնեայ կը դաւանի Կաթոլիկութիւնը:
  • Ըստ Պրիթանիքա հանրագիտարանին, աշխարհի մէջ կ'ապրի շուրջ 420 միլիոն բողոքական, բայց անոր մասնագէտները այս թիւին մէջ չեն ներառեր Անկլիգան եկեղեցին (86 մլն․) եւ այլ անկախ եկեղեցիներ (371 մլն․):
  • Արեւելեան հնագոյն եկեղեցիներու հետեւորդ կը հանդիսանան աշխարհի 70-80 միլիոն քրիստոնեաներ, որոնցմէ 9 միլիոնը Հայ առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հետեւորդ է:
  • Աշխարհի մէջ, կ'ապրի 225-300 միլիոն ուղղափառ քրիստոնեայ:

Քրիստոնէութեան հիմնական դաւանանքները

  • Կաթոլիկութիւն,
  • Ուղղափառութիւն,
  • Արեւելեան հնագոյն եկեղեցիներ, որոնց մաս կը կազմէ Հայ առաքելական եկեղեցին,
  • Բողոքականութիւն:

Քրիստոնէական հաւատքը

Քրիստոնէութիւն 
Սուրբ Երրորդութիւն

Հաւատքի հիմնական թէզերը

  1. Մոնոթեիստական միաստուածութիւն, աւելի խորացուած Երրորդութեան մասին ուսմունքով։ Ըստ քրիստոնէական հաւատքին՝ աշխարհը արարուած է Միակ Աստուծոյ կողմէ, որ ունի երեք բնութիւն՝ Հայր Աստուած, Որդի Աստուած եւ Սուրբ Հոգի։
  2. Աստուած կը դիտարկուի իբրեւ կատարեալ Ոգի, Ան ոչ միայն ամենակարող եւ ամենագէտ է, այլեւ ունի անսահման բարութիւն եւ սէր (Աստուած սէր է):
  3. Ըստ քրիստոնէութեան՝ մարդկային կեանքը ամէնէն մեծ արժէքն է։ Մարդը կը դիտարկուի հոգիով անմահ, ստեղծուած Աստուծոյ կողմէ՝ Իր իսկ նմանութեամբ։
  4. Ըստ քրիստոնէական կրօնին, բոլոր մարդիկ հաւասար են Աստուծոյ առջեւ, եւ Ան բոլորը կը սիրէ։
  5. Աստուած մարդուն տուած է ազատ կամքի իրաւունք։
  6. Մարդիկ կատարեալ են եւ ստեղծուած՝ որ Սուրբ ըլլան («․․․ Սուրբ եղէ՛ք, ինչպէս Սուրբ է Երկնային Հայրը․․․»):
  7. Աստուած ֆիզիքական աշխարհի ղեկավարն է: Ան այս Երկիրը տուած է մարդուն, որպէսզի վերջինս հոն իշխէ եւ հոն կատարէ ֆիզիքական իր պարտականութիւնը։
  8. Չարին սկիզբը կը համարուի ոչ թէ ֆիզիքական աշխարհը, այլ՝ հոգեւորը։
  9. Արդարներու յարութեան մասին ուսուցում, ըստ որուն արդարները յարութիւն պիտի առնեն եւ ժառանգեն ֆիզիքական աշխարհը։
  10. Աստուծոյ մարդկային կերպարանք ստանալու մասին ուսուցում՝ մարդիկը մեղքերէ փրկելու եւ զանոնք ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդելու համար։ Ըստ քրիստոնէութեան՝ Յիսուս Քրիստոս կը համարուի Որդի Աստուած, որ մարդկային կերպարանք ստացած է եւ Որուն խաչելութեամբ՝ մարդիկ փրկուած։

Վերոնշեալ կէտերէն կարելի է ենթադրել, որ քրիստոնէութիւնը, կարեւորելով հոգեւորը, կը կարեւորէ նաեւ ֆիզիքական աշխարհը՝ հոգեւորի եւ ֆիզիքականի միջեւ կապ մը հաստատելով։ Կրօնը չի մերժեր անոնցմէ մէկը, բայց նաեւ կը նշէ հոգեւորի առաջնահերթութիւնը եւ մնացածը կը համարէ հոգեւոր կատարելութեան հասնելու միջոց։

Քրիստոսաբանութիւն

Քրիստոսաբանութիւնը կ'ուսուցանէ Յիսուս Քրիստոսի մասին։ Կրօնի մէջ Ան կը նկատուի Հին կտակարանի Մարգարէներու կողմէ սպասուած Մեսիան։ Առաքելական քրիստոնեաները (ուղղափառներ, կաթոլիկներ եւ աւետարականներ) կը հաւատան, որ Յիսուս Քրիստոսը Աստուածամարդ է (կամ Մարդ-Աստուած), ոչ թէ կիսաստուած կամ կիսամարդ։ Ան կը համարուի Աստուծոյ Որդին, որ մշտապէս գոյութիւն ունեցած է Երկինքին մէջ, մինչեւ մարդկային կերպարանք ստանալը եւ Հայր Աստուծոյ հետ կը կազմէ մէկ բնութիւն։ Քրիստոս Աստուծոյ էջքն է մարդուն եւ մարդուն բարձրացումը առ Աստուած: Քրիստոսի մէջ Աստուած եւ մարդ միացած են անքակտելի, անշփոթ ու անխառն միութեամբ` Աստուծոյ Որդւոյն կողմէ մարդկային բնութեան իւրացումով:

Արիոսականութիւնը կ'ենթադրէ, որ Յիսուս Քրիստոս Հայր Աստուծոյ ստեղծագործածն է, որ ստեղծուած է Երկիրին ստեղծումէն առաջ։

Նեստորականութիւնը կը բաժնէ Լոկոսի աստուածային բնութիւնը եւ Քրիստոսի մարդկային բնութիւնը։

Մոնոֆիզիտութիւնը կը պնդէ, որ Լոկոսի աստուածային էութիւնը գերադաս է Քրիստոսի մարդկային էութեան։

Այս բոլորէն բացի, քրիստոնէութիւնը մարդու յետմահու գոյութեան մասին կ'ընդունի նաեւ այլ ձեւեր՝ Դրախտի, Դժոխքի եւ Քաւարանի մէջ (վերջինը միայն կաթոլիկներու պարագային)։

Քրիստոսաբանական վէճերը մեծ թափ կ'առնեն Ե. դարուն, որուն անմասն չի մնար Հայ Եկեղեցին։

Քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնը

Քրիստոնէութեան`երկիր մուտք գործելուն զուգահեռ սուր պայքար մղուած է հեթանոսական եւ քրիստոնէական գաղափարախօսութիւններու միջեւ։ Այնուհանդերձ, Հելլենական գիտութեան եւ դաստիարակութեան համակարգի աւանդոյթները գոյատեւած են, բազմաթիւ եկեղեցական գործիչներ Յունական կրթութիւն ստացած են Անտիոքի, Կեսարիոյ, Եդեսիոյ, Աթէնքի հռետորական եւ քերականական դպրոցներուն մէջ։

Հայ քրիստոնէական ջատագովական միտքի ձեւաւորման վրայ ուժեղ ազդեցութիւն ունեցած են յունալեզու ջատագովութիւնը եւ հայրաբանութիւնը, յատկապէս «Կապադովկեան Հայրերու» կրօնափիլիսոփայական ժառանգութիւնը: Գաղափարական միտումով եւ հարցադրումներով հայ քրիստոնէական ջատագովական փիլիսփայութիւնը շատ ընդհանրութիւններ ունէր թէ՛ յունալեզու եւ թէ լատինալեզու ջատագովական միտքին հետ, բայց եղած են նաեւ որոշ առանձնայատկութիւններ (հայրենասիրութիւն, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնք եւ ազգային-ազատագրական շարժումներու ծաւալում), որոնք ալ պայմանաւորած են Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան հաստատումը:

Հայ ջատագովները մտահոգ էին ոչ միայն քրիստոնէական կրօնի պաշտպանութեամբ, այլեւ այդ վարդապետութեան գաղափարները ազգին, հայրենիքին եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ծառայեցնելու հարցով: Մերժելով հեթանոսական փիլիսոփայութեան ելակէտային սկզբունքները` հայ ջատագովները մշակած են քրիստոնէութեան ոգիին համապատասխանող գոյաբանական, իմացաբանական, բարոյագիտական եւ մարդաբանական սկզբունքներ՝ քննադատելով հին փիլիսոփաներու կրկնապաշտական, նիւթապաշտական եւ արարչագործութիւնը մերժող տեսութիւնները: Անոնք հիմնաւորած են միաստուածութեան գաղափարը:

Հայ ջատագովները ձգտած են հեթանոսական գիտութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը «քրիստոնէացնել», յարմարեցնել քրիստոնէական վարդապետութեան ոգիին: Այս իմաստով անոնք չեն հակադրած հաւատքը եւ բանականութիւնը, աստուածաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը:

Ե. դարու երկրորդ կիսուն, Հայաստանի մէջ սկսած է փիլիսոփայութեան աշխարհիկ գիտական ուղղութեան ձեւաւորումը, որուն մեծապէս նպաստած է յունական դպրոցը:

Մարդաբանութիւնը

Աստուածաշունչը կը վկայէ, թէ Աստուծոյ Որդին մարդեղացած է, որպէսզի`

  • անառակ որդին վերադարձնէր իր հօր,
  • մեղքի տիղմին մէջ խրած մարդը վերականգնէ,
  • խաւարին մէջ կորսուած մարդը Աստուծոյ լոյսին առաջնորդէ,
  • երկրի ապականութեամբ տիրապետուած մարդուն առջեւ բանայ երկինքի բարիքները,
  • իր կոչումին դաւաճանած մարդը հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ,
  • մահուան դատապարտուած մարդուն պարգեւէ յաւիտենական կեանք:

Քրիստոնէական հաւատալիքներուն համաձայն՝ մարդը ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով։ Ան սկիզբէն կատարեալ էր, սակայն երբ մեղանչեց՝ անկատար դարձաւ։ Անկատար մարդը ունի կոշտ, տեսանելի մարմին, գայթակող հոգի, որուն հայեացքն ուղղուած է դէպի Աստուած։

Քրիստոնէութիւնը չ'առանձնացներ մարդու մարմինն ու հոգին եւ կը նշէ, որ փրկութեան ենթակայ են ոչ միայն մարմինը, այլեւ հոգին։

Խորհուրդներ

Ի տարբերութիւն այլ կրօններու, քրիստոնէութեան մէջ կան խորհուրդներ, որոնք կը տարբերին այլ կրօններու ծէսերէն եւ արարողակարգերէն։ Եթէ ծէսերը կը խորհրդանշեն Աստուծոյ եւ մարդու միջեւ կապ հաստատելու միջոց, որ կ'երաշխաւորէ աշխարհի եւ մարդու՝ ինչպէս արտաքին, այնպէս ալ ներդաշնակութիւնը, ապա խորհուրդները կը բերեն մարդկային կեանքին մէջ Աստուծոյ ներկայութիւնը։

Խորհուրդներէն ամէնէն կարեւորները կը հանդիսանան՝

  • Մկրտութիւնը (կը խորհրդանշէ մարդու քրիստոնէական կեանքի մուտքը եւ Աստուծոյ հետ միաձուլումը),
  • Ս. Հաղորդութիւնը (Ս. Պատարագի ընթացքին, օրհնուած հացն ու գինիին կը խորհրդանշեն, որ մարդը կը հաւատայ Քրիստոսին, կը ճաշէ անոր «մարմինն ու արիւնը», որպէսզի Քրիստոսը «ապրի անոր մէջ»)։

Ուղղափառութիւնը եւ Կաթոլիկութիւնը ունին հինգ Խորհուրդ եւս, զորս բողոքականութիւնը չ'ընդունիր։

Քրիստոնէական եկեղեցիներու պատմութիւնը

Մինչնիկեական ժամանակաշրջան

Քրիստոնէական եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին մասը կը ներառէ երեք դար՝ հասնելով մինչեւ Նիկիոյ տիեզերական Ա. ժողովը։ Այս ժամանակաշրջանի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը քրիստոնեաներու նկատմամբ իրականցուող հալածանքներն էին, որոնք չեն շրջանցեր նաեւ՝ Հայաստանի քրիստոնեաները։

Առաքեալներու դարը

Ա. Դարը կը կոչուի առաքելական։ Ըստ աւանդութեան՝ առաքեալներու վրայ Սուրբ Հոգիին իջնելէն ետք, անոնք Երուսաղէմի մէջ կը մնան 12 տարի, որմէ ետք կը ցրուին աշխարհով մէկ՝ քարոզելու քրիստոնէութիւնը։ Երուսաղէմի կործանումէն ետք, եկեղեցական կեդրոնի դերը կ'անցնի կայսրութեան մայրաքաղաք Հռոմին, ուր կտտանքներու կ'ենթարկուին Պօղոս եւ Պետրոս առաքեալները։

Ներոն կայսրէն սկսած է հետապնդումներու ժամանակաշրջանը։ Վերջին առաքեալը՝ Յովհաննէս Աստուածաբանը, կը մահանայ շուրջ 100 թուականին, աքսորավայրին մէջ։ Այդպիսով կ'աւարտի առաքեալներու դարաշրջանը։

«Առաքելական հայրերը»

Վաղ քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ, առաջին երկու դարերը յատկանշուած են Առաքելական հայրերու գործունէութեամբ։ Անոնք առաջին քրիստոնեայ գրողներն էին, որոնք աշակերտած էին առաքեալներուն։

Կարելի է նշել Իգնատիոս Անտիոքացին՝ իբրեւ տուեալ ժամանակաշրջանի նշանաւոր գործիչ։ Ան մահուան դատապարտուած է Տրայանոսի կողմէ հրամայուած քրիոստոնէական հետապնդումներու ատեն։

Առաքելական հայրերէն է նաեւ Պողիկարպոս Զմիւռնիացին, զոր կենդանի այրած են կայսր Մարկոս Աւրելիոսի կողմէ սկսած քրիստոնէական հետապնդումներու ատեն (167)։

Ափոլօգէտներ

Առաքելական հայրերէն ետք, կը սկսի ափոլօգէտներու ժամանակաշրջանը։

Ափոլօկիան (հին յուն․՝ ἀπολογία) արդարացման նամակներ էին հակաքրիստոնեայ կայսրերուն, ուր քրիստոնեայ նշանաւոր գրողները կը ներկայացնէին իրենց կրօնը՝ իբրեւ բարութեան եւ արդարութեան ջատագով, ինչպէս նաեւ ողջամիտ ու խելամիտ կրօն։

Անով իսկ անոնք, կամայ թէ ակամայ, ներկայացուցած են քրիստոնէութեան հաւատալիքները իրաւացի եւ շատ պարզ ու հասկնալի կերպով։ Անով ծնած է քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը։

Քրիոստոնէական աստուածաբանութեան առաջին փիլիսոփաներէն էր Հուստինոսը Սամարայէն, որ շուրջ 133-ին քրիստոնէութիւն ընդունելէն ետք, տեղափոխուած է Հռոմ, ուր հիմնած է հերետիկոսներու դէմ պայքարի առաջին աստուածաբանական դպրոցը։ Ան զոհուած է Մարկոս Աւրելիոսի քրիստոնէական հետապնդումներու ատեն՝ 166-ին։

Մինչնիկեական ժամանակաշրջանը կ'աւարտի «Դիոկղետիանոսեան հալածանքներով» (302-311), որուն հիմնական նպատակը քրիստոնէական եկեղեցին ամբողջութեամբ կործանելն էր, սակայն ան ոչ միայն իր նպատակին չի հասնիր, այլեւ կ'ունենայ իր հակազդեցութիւնը՝ քրիստոնէութիւնը աւելի կը տարածուի եւ կ'ամրապնդէ իր դիրքերը։ Այս հետապնդումներու ժամանակաշրջանին տեղի կ'ունենայ դարու ամէնէն մեծ իրադարձութիւնը, որ կ'ամրապնդէ քրիստոնէութեան դիրքերը՝ Մեծ Հայքը 301-ին, պաշտօնապէս կը հռչակուի քրիստոնեայ պետութիւն մը՝ դառնալով առաջին երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը կ'ընդունի իբրեւ պետական կրօն։

Քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ

Քրիստոնէութիւնը Հայաստան մուտք գործած է Ա. դարուն՝ Յիսուս Քրիստոսի առաքեալներ Ս. Թադէոսի եւ Ս. Բարդուղիմէոսի քարոզչութեամբ, որոնք Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կողմէ հետագային, կը հռչակուին Հայոց առաջին լուսաւորիչները։

Միջնադարուն, Թադէոս առաքեալին անունով, Մեծ Հայքը յաճախ կ'անուանուէր «Թադէի վիճակ» կամ «Թադէի աթոռ»։ Հայաստանի մէջ կը կազմաւորուին քրիստոնէական համայնքներ (եկեղեցիներ), կը կարգուին նոր հաւատքի սպասաւորներ, եպիսկոպոսներ, որոնք կապեր կը հաստատեն հարեւան երկիրներու, յատկապէս Միջագետքի, Ասորիքի, Կապադովկիոյ հաւատակիցներու, Ալեքսանդրիոյ, Սամոսատի, Եդեսիոյ, Անտիոքի, Կեսարիոյ աթոռներու եւ համայնքներու հետ։ Պատմական աղբիւրները կը յիշատակեն Ծոփքի Մեհրուժան եպիսկոպոսի անունը, որ Գ. դարու կիսուն նամակագրական կապ ունեցած է Ալեքսանդրիոյ Տիոնիսիոս պատրիարքին հետ։

Բ.- Գ. դարերուն, Հայաստանի մէջ նոր հաւատքի բազմաթիւ հետեւորդներ՝ Ոսկեանք, Սուքիասեանք, Սանդուխտ արքայադուստր, Ոգուհի, Գայանեանց կոյսեր, Հռիփսիմեանց կոյսեր եւ այլն, հալածանքի զոհ դարձած են՝ հռչակուելով Հայ եկեղեցւոյ առաջին սուրբերն ու նահատակները։

Փոքր Հայքի մէջ, կը կատարուին քրիստոնեաներու ձերբակալութիւններ։

301-ին՝ Հայոց Տրդատ Գ. թագաւորին օրով, քրիստոնէութիւնը պաշտօնապէս կը հռչակուի Մեծ Հայքի թագաւորութեան պետական կրօնը եւ կը սկսի բռնի կերպով տարածուիլ երկիրին մէջ։

Քրիստոնէութեան քարոզչութիւնը կ'ընթանայ դաժան բռնութիւններով, նախկին հաւատքի հետեւորդներու դաժան սպանութիւններով ու մշակութային արժէքներու կործանմամբ։ Գրիգոր Լուսաւորիչ, դառնալով առաջին քահանայապետը, կը շարունակէ Թադէոս եւ Բարդողիմէոս առաքեալներու գործը եւ կ'ապահովէ՝ Հայոց առաքելահաստատ Աթոռին ժառանգականութիւնն ու յարատեւութիւնը։

Հայաստան կը դառնայ կեդրոնատեղի, խթանելով քրիստոնէութեան տարածումը՝ Վրաստանի, Աղուանքի եւ Հիւսիսային Կովկասի մէջ։ Քրիստոնէութիւնը, նախկին մշակութային արժէքներու հիման վրայ, կը նպաստէ հայ հոգեւոր մշակոյթի վերելքին ու հետագայ զարգացման, մայրենի լեզուի եւ գրականութեան պահպանման ու ծաղկման, ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքին, համամարդկային մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան հայ ժողովուրդի բերած աւանդին, ինչպէս նաեւ երկար դարեր կը համախմէ ժողովուրդը եւ կը կապէ՝ ազգին պառակտուած հատուածները։

Վրաստանի քրիստոնէացումը

Վիրքի քրիստոնէական եկեցեղին կը հիմնադրուի Ա. Դարուն Անդրէաս առաքեալին կողմէ։ 324-ին Սուրբ Նունէի ջանքերով քրիստոնէութիւնը կը դառնայ Վրաստանի պետական կրօնը։

Վրաց եկեղեցին 605-606 կը գտնուի Անտիոքի եկեղեցւոյ ենթակայութեան ներքոյ։ Մինչ այդ անիկա ենթակայ էր Հայ առաքելական եկեղեցւոյ։

Վրաց եկեղեցին կը համարուի աշխարհի ամէնէն հին եկեղեցիներէն մէկը։

Դ.-Ը. դարեր

Կոստանդիանոս Մեծին եւ անոր յաջորդներուն օրերուն, քրիստոնէութիւնը կը դառնայ կայսրութեան տիրապետող կրօնը։ Մեծ թիւով հեթանոսներու՝ Քրիստոնէութիւնը ընդունիլը պատճառ կը դառնայ աղանդաւորական շարժումներու յառաջացման։

Եկեղեցւոյ ներքին գործերուն մերթ ընդ մերթ կը սկսին խառնուիլ կայսրերը, որոնց առընթեր կը ստեղծուին նոր աղանդներ։ Քրիստոնեաները կը սկսին պահուըտիլ անապատներու մէջ։

Դ. դարուն, կը սկսի ծաղկիլ հոգեւոր դասը եւ կը ստեղծուին միաբանութիւններ։ Նոր աղանդներու ստեղծման միտումը այդ ատեն տեղի կ'ունենար Տիեզերական ժողովներուն կանոններու հետ համաձայնութեան կամ անհամաձայնութեան հիման վրայ։

Հոգեւորականութեան զարգացումը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ

Հոգեւորականութիւնը Եգիպտոս, Սուրիա եւ Պաղեստին զարգացած են իրարմէ անջատ։

  • Ամէնէն հինը կը համարուի Եգիպտոսի հոգեւորականութիւնը, որուն հիմնադիրն է Անտոն Մեծը, որ 285-էն սկսեալ, կը հեռանայ անապատ։ Անոր աշակերտը եղած է Մակար Մեծը, որ ճգնաւորի կեանքով ապրած է Ուատի Էլ Նատրուն անապատին մէջ։ Շուրջ 330-ին, Պաքոմիուս Մեծը Եգիպտոսի մէջ, կը հիմնէ առաջին միաբանութիւնը։
  • Պաղեստինի մէջ, առաջին միաբանութիւնը հիմնած են Քարիտոն Խոստովանահայրը՝ Ֆարակեան միաբանութեան հիմնադիրը (330-ական թուականներուն), եւ Հիլարիոնը։
  • Սուրիոյ մէջ, միաբանութիւն հիմնած են Յակոբ Մծբնացին եւ անոր աշակերտ Եփրեմ Ասորին, որոնք կը համարուին նաեւ Արեւելաասորական աստուածաբանական դպրոցին հիմնադիրները։

Թ. - ԺԱ. դարեր

Քրիստոնէական աշխարհին մէջ, Է. Դարու սկիզբին կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, որոնք առաջին հերթին, կապուած են իսլամութեան եւ արաբական արշաւանքներուն հետ։ 771-ին, արաբները կ'անցնին Ճիպրալթարի նեղուցը, կը գրաւեն Սպանիան եւ կը ներխուժեն ներկայի Ֆրանսայի խորքերը։

Եկեղեցիներու բաժանումը

1054-ին, քրիստոնեայ եկեղեցիներու բաժանման գլխաւոր պատճառը Հարաւային Իտալիոյ տարածքներուն համար վէճն էր, որ այդ օրերուն կը պատկանէր Բիւզանդիոնի։ Իմանալով, որ յունական ծէսերը հոն կը մոռցուին, Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Միքայէլ Կերուլարիուսը կը փակէ Կոստանդնուպոլսոյ լատինական ծէսերով եկեղեցիները։ Միաժամանակ ան Հռոմէն հաւասարութիւն կը պահանջէ՝ քրիստոնէական այլ առանջնորդներու նկատմամբ։ Լեւոն Թ. պապը կը մերժէ անոր առաջարկը, որմէ ետք կը մահանայ։ Ընթացքին, Կոստանդնուպոլիս կը ժամանեն պապին ներկայացուցիչները՝ Կումպերթ քարտինալին գլխաւորութեամբ։ Պատրիարքը կը մերժէ ընդունիլ անոնց առաջարկը եւ միայն նամակով մը կը քննադատէ կարգ մը լատինական ծէսեր։ Կումպերթն ալ իր հերթին պատրիարքը կը մեղադրէ կարգ մը հերետիկոսութիւններու մէջ, իսկ 16 Յուլիս 1054-ին, ան ինքնակամ կը նզովէի զինք եւ իր հետեւորդները։ Միքայէլ Կերուլարիուս եւս կը նզովէ ամբողջ պատուիրակութիւնը։ Այսպիսով, Արեւմուտքի եւ Արեւելքի կրօնական ընդհանրութեան կապը վերջնականապէս կը խզուի։

Իրականութեան մէջ, եկեղեցիներու բաժանումը շատ երկարատեւ գործընթաց էր, որ տեւած էր քանի մը հարիւրամեակ (Թ.-ԺԲ. դարեր), իսկ անոր աղբիւրը եկեղեցիներու ծիսակատարութեան լուրջ տարբերութիւններու առկայութիւնն էր։

Արտաքին Յղումներ

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Քրիստոնէութիւն Քրիստոնէութեան ծագումըՔրիստոնէութիւն Հետեւորդներուն թիւըՔրիստոնէութիւն Քրիստոնէութեան հիմնական դաւանանքներըՔրիստոնէութիւն Քրիստոնէական հաւատքըՔրիստոնէութիւն Քրիստոնէական փիլիսոփայութիւնըՔրիստոնէութիւն Քրիստոնէական եկեղեցիներու պատմութիւնըՔրիստոնէութիւն Արտաքին ՅղումներՔրիստոնէութիւն ԾանօթագրութիւններՔրիստոնէութիւնԵրկիրԻսլամութիւնՊուտտայականութիւն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ՄիկինեսՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան (Միջերկրական ծով)Արա ՇիրազԻտալերէն15 ՄարտՈւիքիփետիաMarvel ComicsԱնիՖրանսերէնԱրեգակնային ԴրութիւնՆիքոլա Թեսլա2015Յակոբ ՕշականԱլճերիաՖրանսաԹուրկութ ՈւյարԼիոնՌուսաստանի ներխուժում Ուքրանիա (2022)Հրաչ ՓափազեանԻտալական խոհանոցԱնտառՀալէպի Արձանագրութիւնները (գիրք)ԱլաուիներԱզգային ՍահմանադրութիւնՏայանա ԻշխանուհինԱրցախեան ԱզատամարտՀամաստեղՎանԼայզա ՄինելլիՆիտըրլենտՍտեփանակերտՓաւստոս ԲիւզանդՆուպար ԹէրզեանԼիբանանի ԴրօշակըԱթէնքՓելէԶարեհ ԽրախունիԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԿրիաներՃատրակ1953 թուականՓոլոնիաԸնկեր ՓանջունիՄեծ Պահքի ԿիրակիներՄոնթենեկրօ9 ՅունուարԱյասԹաժ Մահալ. հայուհին` Հնդկաստանի խորհրդանիշ հոգի (ժապաւէն)Փինար ՍելեքԳրիգորիեան ՕրացոյցՏարօրինակ Դէպքեր13 ՓետրուարՔանատաՈւղեղԱրքայազն ՉարլզԻրաքԹորոս (անձնանուն)ՔրուասանՆարինէ ԳրիգորեանԻտալիաՄոտեռնիզմԹիմենաՕրհուսՀայկ Նահապետ13 ՀոկտեմբերԳիշիԱպրիլՍերժ ԹովմասեանՈւկանտաՖելիքս ՎալոթոնՓայծաղԲաբելոնՊենֆիքա (Ֆութպոլային Ակումբ)ՄահԿիրառական Արուեստի Թանգարան (Վիեննա)🡆 More