Ջուր

Ջուրը աշխարհի վրայ ամէնէն տարածուած բաղադրութիւնն է։ Երկրագունդին մակերեսին 70 տոկոսը ծածկուած է ջուրով։ Զուտ ջուրը անգոյն, անհոտ եւ անհամ հեղուկ մըն է։ Մեր խմածը յաճախ թեթեւ համ մը ունի, որովհետեւ կը պարունակէ կարգ մը հանքային աղեր եւ լուծուած կազեր։ Ջուրը սքանչելի լուծիչ մըն է։

Ջուր
Ջուր

Ջուրին շրջանառութիւնը

Անձրեւին ջուրը կը թափանցէ հողին մէջ՝ սնուցանելով բոյսերը կամ հոսելով կը թափի առուակի կամ գետի մը մէջ։ Արեւուն ճառագայթներու ազդեցութեան տակ ջուրը կը շոգիանայ, մթնոլորտին մէջ կը խտանայ եւ կը կազմէ ամպերը, որոնցմէ կը ստացուի վերստին անձրեւ։ Ամպերու մէջ խտացած ջուրը կու գայ գետակներէն, լիճերէն, գետերէն, ծովերէն, ինչպէս նաեւ բոյսերէն եւ անասուններէն։

Ջուրը բնութեան մէջ

Կեանք գոյութիւն ունի միայն այնտեղ, ուր ջուր կայ։ Բոյսերը հողէն կ'իւրացնեն ջուրը եւ անոր մէջ լուծուած նիւթերը։ Ջուրի միջոցով կենդանի կազմուած մարմիններէն կը հեռանան ոչ պիտանի նիւթերը։ Ջրային կենդանիները ջուրի միջոցով կը ստանան նաեւ ցամաքը գտնուող իրենց անհրաժեշտ նիւթերը։

Աղբիւրներու, գետերու եւ լիճերու քաղցրահամ ջուրերու պաշարը կը կազմէ ջրոլորտի սոսկ 1/10000 մասը։

Ջուր 

Աղբիւրներ

  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ ԼեւոնԹորոսեան, 2001-2002, էջ 10-11

Արտաքին յղումներ

Tags:

Ջուր ին շրջանառութիւնըՋուր ը բնութեան մէջՋուր ԱղբիւրներՋուր Արտաքին յղումներՋուրԵրկրագունտ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Սուէզի ՋրանցքըԿոզոՀայկական ԼեռնաշխարհՕձունի ԵկեղեցինԺորժ ԿառվարենցՄոզիլլա ՖայրֆոքսԲաշ Ապարանի ՃակատամարտԱլպերթ ԽաչատուրովԼուովԵրգիծանքԿարօ Մեհեան1602 թուականՍողոմոն Թեհլիրեան1963 թուականՀըզպալլաՎազգէն Ա.4 ՕգոստոսԱստուածածնայ Վերափոխման ՏօնՅովհան ԿիւթենպերկԻրաքԼեւոն Բ.Ռուբէն ՈրբերեանԱտրուշան (հանդէս)Գեղարդի վանքԵւրոպաՌուսիաՀայկական տպագրութիւնԱմպՀամաշխարհային Մաքրութեան ՕրՆերսէս Շնորհալի (Ներսէս Դ․ Կլայեցի)Էրեբունի-Երեւան (օրհներգ)ՊարԱբիսողոմ աղաԱմազոնի անտառներ1852 թուականԼոռի (մարզ)Գուրգէն ՄահարիՎիքթոր ՕրպանՃէք ՖալահիՍամսունկԻսրայէլ ՕրիՎիեննաՌուսերէնԷտիթ ՓիաֆԵբրայերէնԳարեգին ՆժդեհՊոլիսԱնժելա ՍարաֆեանՊասուց ՏոլմաՍանահինի Վանք7 ՅունիսԱլպեան լեռներԷլէն ՍեկարաՄեծն ՏիգրանԿարագԱշոտ Ա. ԲագրատունիՌաւեննաԳիսաւորներԼա ՍքալաԵրեքշաբթիԱլեքսանտր ՍարուխանՍալվատոր ՏալիԱբգար ԴպիրԱսիաՎլատիմիր ԼենինԱկսել ԲակունցԳրիգոր (անձնանուն)Գիրքի Եւ Հեղինակային Իրաւունքի Միջազգային ՕրԱնանիա ՇիրակացիՁայնարկութիւն (խօսքի մաս)Կոմիտաս Վարդապետ🡆 More