Էլիւմինիըմ Պաղլեղածին: էլիւմինիըմ

Պաղլեղածին (լատ.՝ Aluminium), քիմիական նշանը՝ Al, կարգահամարը՝ 13, հիւլէական զանգուածը՝ 26.98154։ պաղլեղածինը p–տարր է։

Բնական պաղլեղածինը բաղկացած է 27Al մէկ նուքլիտէն։ Ուժային ելեկտրոնները երեքն են։ Արտաքին ելեկտրական շերտի դասաւորուածութիւնն է 3s2p1։ Գործնականին բոլոր միացութիւններին մէջ օքսիտացման աստիճանը +3 է։ պաղլեղածինի չեզոք հիւլէի շառաւիղը 0.143 նմ է, իսկ Al3+ իոնինը՝ 0.057 նմ։

պաղլեղածին պարզ նիւթը փափուկ, թեթեւ արծաթասպիտակաւուն երանգով մետաղ մըն է, օժտուած է մեծ ելեկտրա– եւ ջերմահաղորդականութեամբ։ պաղլեղածինի խտութիւնը 2.7 կ/սմ3 է։ Մոտ 3 անգամ թեթեւ է երկաթէն եւ պղինձէն, սակայն բաւական ամուր է։ պաղլեղածինը կը հալուէ 600 °C ջերմաստիճանին։

Տարածուածութեամբ պաղլեղածինը մետաղներուն մէջ կը գրաւէէ առաջին տեղը եւ կը կազմէ երկրակեղեւի զանգուածի 7 %–ը։

Պատմութիւն

Առաջին անգամ պաղլեղածինը ստացած է դանիացի բնագէտ Հանս Քրիսթիան Էրսթետը կողմից 1825 թուականին։

լատ.՝ aluminium-ը կուգայ նոյն լատիներեն լատ.՝ alumen բառէն, որ կը նշանակէ պաղլեղ (պաղլեղածինի եւ քաղիոնի սուլփաթ՝ KAl(SO4)2.12H2O), որը շատոնց օգտագործուած է եղած կաշուի մշակման ժամանակ եւ ինչպէս կպչուն միջոց։

Քիմիական բարձր աքթիւության պատճառաւ մաքուր պաղլեղածինի յայտնագործումն ու ստացումը ձգուած է համարեա 100 տարի։ Եզրակացութիւնն այն մասին, որ պաղլեղէն կարելի է ստանալ «հող» (դժուարահալ նիւթ, ժամանակակից՝ պաղլեղածինի օքսիտ) եկած է տակաւին 1754 թուականէն՝ գերմանացի քիմիագէտ Ա. Մարկկրաֆէն։ Աւելի ուշ պարզուեցաւ, որ հենց ատանկ «հող» կարելի է ստանալ կաւէն, եւ այն սկսեցին անուանել կաւահող։

Պաղլեղածինի արտադրութիւնը կապուած էր եղած ելեկտրաեռադի մեծ ծախսերու հետ, այդ պատճառաւ մեծ ծաւալներով ան սկսան ստանալ միայն 20րդ դարուն։

Ստացում

Պաղլեղածինը կը ստանան Al2O3 օքսիտի հալոյթի ելեկտրոլիզով, իսկ օքսիը կ'առանձնացնեն պոքսիթ հանքաքարէն՝

      Էլիւմինիըմ Պաղլեղածին: Պատմութիւն, Ստացում, Բնագիտական Յատկութիւններ 

Օքսիտի հալման ջերմաստիճանը 2000-էն բարձր է, եւ հնարաւոր չէ ունենալ ելեկտրոլիզի սարքեր, որոնք դիմանան ատանկ բարձր ջերմաստիճաններու։ Այդ պատճառաւ օքսիտին կը խառնեն կրիոլիտ՝ Al3[AlF6], եւ ատոր առկայութեամբ կ'իրականացնեն հալոյթի ելեկտրոլիզը բաւականին ցածր՝ մօտ 900 °C ջերմաստիճանին։

Որպէս քաթոտ կը ծառայեն ելեկտրոլիզային գուռի հատակին տեղադրուած կրաֆիթեայ սալիկները, իսկ որպէս անոտ՝ կրաֆիթե ձողերու շարանը։ Գոյացող պաղլեղածինը հալուած վիճակին կը հաւաքուէ գուռի հատակին եւ կը շարունակէ կատարել քաթոտի դերը։ Անոտին վրայ թթուածինը կը յառաջանայ հիւլէներու ձեւով, որոնք անմիջապէս կը միանան ածուխի հետ՝ վերջինս այրելով մինչեւ CO եւ CO2։ Ելեկտրոլիզի ամբողջ ընթացքին անոտի կրաֆիթե զանգուածն անընդհատ կ'ավելցնեն։

Բնագիտական Յատկութիւններ

  • Պաղլեղածինը արծաթափայլ ճերմակ մետաղ է
  • Խտութւնը՝ 2,7 կ/սմ3
  • Հալման ջերմաստիճանը՝ 658 °C
  • Եռման ջերմաստիճանը՝ 2500 °C
  • Կարծրութիւնը ըստ Պրինելլի՝ 24…32 քկ սմ/մմ²
  • Բարձր ճկունակութիւնն՝ 50 %
  • Իւնկի մոտուլը՝ 70 գՊա
  • Ելեկտրահաղորդականութիւնը (37·106 սմ/մ), ջերմահաղորդականութիւնը (203,5 Վտ/(մ·Կ)
  • Ջերմաստիճանի գործակիցը՝ 24,58·10−6 К−1 (20…200 °C)
  • Տեսակարար դիմադրութիւնը՝ 0,0262..0,0295 օհմ·մմ²/մ
  • Ելեկտրական դիմադրութեան ջերմաստիճանը գործակիցը՝ 4,3·10−3K−1։

Պաղլեղածինը գրեթէ բոլոր մետաղներու հետ կ'առաջացնէ համաձուլուածքներ։ Առաւել յայտնի համաձուլուածքներն են պղինձի (տիւրաղոմին) եւ սիղիկիոնի համաձուլուածքները։

Կիրառութիւն

պաղլեղածինի կիրառութիւնը

Պաղլեղածինը դիւրութեամբ կ'ենթարկուէ մեքենայական մշակման, քանի որ ունի մեծ կռելիութիւն եւ ձգուողականութիւն։ Կարելի է գլանել, լար ձգել, ինչպես նաեւ մամլել ու դրոշմել՝ իրին տալով ցանկացած ձեւ։

Թունաւոր յատկութեան բացակայութիւնը թոյլ կուտայ պաղլեղածինը լայնօրէն օգտագործելու խոհանոցային սպասքի, սնունդի եւ գարեջուրի արտադրական սարքաւորումների պատրաստման, ինչպէս նաեւ՝ սննդանիւթերու եւ դեղանիւթերու փաթեթաւորման համար։ Առանց աղոնինիոնի դժուար պիտի ըլլար պատկերացնել օդանաւաշինութիւնը։ Աղումինիոնի աղերէն մեծ կիրառութիւն ունի աղոմինական շիբը՝ KAl(SO4)2•12H2O, որը կրկնակի աղ է (նաեւ բիւրեղահիտրիթ է) եւ կ'օգտագործուէ արեան մակարդման համար, ինչպէս նաեւ անոյշներու պատրաստման եւ մանրաթելերու ներկման ժամանակ (կը մեծցնէ ներկանիւթի կապը մանրաթելի հետ)։ Պաղլեղածինը ամենալայն կիրառութեան ոչ երկաթային մետաղն է 2005-ին պաղլեղածինի աշխարհային արտադրութիւնը կազմած է 31.9 միլիոն թօն. Անոր պահանջարկը աւելին եղած էր քան որեւէ այլ մետաղինը, բացառութեամբ երկաթը (837.5 միլիոն թօն).

Էլիւմինիըմ Պաղլեղածին: Պատմութիւն, Ստացում, Բնագիտական Յատկութիւններ 
պաղլեղածինի ձուլակտորի փոխադրումը

Պաղլեղածինը առաւելապէս կը կիրառուէ՝

  • Փոխադրամիջոցներ (ինքնաշարժներ, օդանաւեր, բեռնատարներ, երկաթուղիի մեքենաներ, հեծանիւներ, ծովային փոխադրամիջոցներ եւ այլն) որպես թերթեր, խողովակներ եւ կաղապարներ:
  • Փաթեթաւորում (պահածոյատուփեր, թիթեղ, շրջանակ եւ այլն):
  • Կառուցուածքներ (պատուհաններ, դռներ, երեսապատում, հաղորդալարեր, տանիքածածկ եւ այլն):
  • Տնտեսական անհրաժեշտութեան լայն կիրառութիւն, խոհանոցային պարագաներեն մինչեւ պէյսպոլի թակեր եւ ժամացոյցներ:
  • Փողոցային լուսաւորութեան հենասիւներ, կայմեր:
  • Ելեկտրականութեան փոխադրութեան գծեր:
  • Գերմաքուր պաղլեղածինը (99.980%-էն մինչեւ 99.999% Al), կ'oգտագործուէ ելեկտրոնիկայի մէջ եւ խտասկաւառակներու (CD-եր) արտադրութեան մէջ
  • Ջրածնի կազի արտադրութեան համար որպէս ջուրի կամ բորակածինի հիտրօքսիտի հետ փոխազդելու միջոց:
  • Մակնեզիւմին հետ համաձուլուածքէն կը պատրաստեն օդանաւերու մասեր:
  • Չժանգոտելու յատկութեան եւ թեթեւութեան շնորհիւ մեծ կիրառութիւն ունի սպասքեղենի արտադրութեան մէջ
  • Մետաղադրամներ անանկ երկիրներուն մէջ, ինչպէս են Ֆրանսան, Իտալիան, Լեհաստանը, Իսրայէլը, Ֆինլանտան եւ այլն, աղոմինեայ կամ պաղլեղածին-պղինձ համաձուլուածքէն:
  • Նուագարաններ, հիմնականին կը կիրառուէ կիթառներուն արտադրութեան մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Էլիւմինիըմ Պաղլեղածին ՊատմութիւնԷլիւմինիըմ Պաղլեղածին ՍտացումԷլիւմինիըմ Պաղլեղածին Բնագիտական ՅատկութիւններԷլիւմինիըմ Պաղլեղածին ԿիրառութիւնԷլիւմինիըմ Պաղլեղածին ԾանօթագրութիւններԷլիւմինիըմ ՊաղլեղածինԼատիներէն

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԳալկարիՌուբէն (անձնանուն)ՄԱԿՈտնագնդակ (Ֆութպոլ)Ղազար ՓարպեցիԹաումաթաուաքաթանկիհանկաքոաուաուոթամաթէաթուրիբուքաքաբիքիմաունկահորոնուքուբքքայիֆենուաքիթանաթահուՄեծի Տանն Կիլիկիոյ ԿաթողիկոսութիւնԱմերիկաՍալվատոր Տա ՊահիաՀայկական ՏաւրոսԱրտաշէս ԳէորգեանՀրատ մոլորակ (Մարս)Մեռեալ ԾովՏարածութիւնՄկրտիչ ԽրիմեանՍերիոժա Սուքիաս Յարութիւնեան1937 թուական1950 թուականՓոքրիկ իշխանըԳարունԱրամ ՀայկազՏիրան Ա.Շարլ ԱզնաւուրՔրիստոսի տասներկու առաքեալներըՀայկական ՄուֆլոնՇիրակ ԵրգարանՄիաւորներու Միջազգային ՀամակարգԶիմպապուէԿիլկամէշ (Դիւցազներգութիւն)ԵրգիծանքԳերմանիաՏիգրան ԿամսարականԱլեք ՄանուկեանԵրիկամՍասունԱրեւմտահայերէնՅակոբ ՊարոնեանԱծուխ1956 թուականՔենիաՇուշիի Մարիամեան Օրիորդաց ԴպրոցԾիր ԿաթինՊաղեստինՂեւոնդ ԱլիշանՎրացական-պուլկարական Յարաբերութիւններ1831 թուականՍերոբ (անձնանուն)Մեծ Հայքի Վարչական ԲաժանումըՀայերը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջՓաֆոսՍալմա ՀայէքԹորոս ՌոսլինԱշոտ Գ. ՈղորմածՅակոբ Բագրատունի (զօրավար)Պիշոն ՖրիզէԵոհան Ուոլֆկանկ Վոն ԿէօթէՊասուց ՏոլմաՄելգոնեան Կրթական ՀաստատութիւնԽոսրովի ԱնտառԱւստրալիաԹիֆլիսԳանձասարի վանքՀայեր«Էմոճի»ներՍպայԼողալըՄիսաք ՄեծարենցԼիթուանիաՅովհաննէս Տէրոյենց17 ԱպրիլՍեռ (կենսաբանութիւն)Գիրերու ԾնունդըԺան Ժաք ՌուսօՍմբատ (անձնանուն)🡆 More