Չեխիա

Չեխիա (չեխերէն՝ Česko), պաշտօնական անուանումը Չեխական Հանրապետութիւն (չեխերէն՝ Česká republika), համառօտ՝ ՉՀ (չեխերէն՝ ČR), պետութիւն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ։ Հիւսիսէն՝ սահմանակէն է Լեհաստանի, հարաւէն՝ Աւստրիոյ, արեւելքէն՝ Սլովաքիոյ, իսկ արեւմուտքէն եւ հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Գերմանիոյ։ Պրահան՝ Չեխիոյ Հանրապետութեան մայրաքաղաքը, կը հանդիսանայ երկիրին ամէնէն մեծ քաղաքը եւ Եւրոպայի գլխաւոր զբօսաշրջային տեսարժան վայրերէն մէկը։ Անիկա կառուցուած է Վլտավա գետին վրայ։ Պրահայի բնակչութիւնը 1 մլն-էն աւելի է։

Բնակավայր
Չեխիա
չեխ․՝ Česká republika
Դրօշակ Զինանշան
Չեխիա Չեխիա


Pravda vítězí.
Չեխիա
Երկիր Չեխիա Չեխիա
Ներքին բաժանում Փրակա, Կենտրոնաչեխական շրջան?, Հարավչեխական երկրամաս?, Պլզենի երկրամաս?, Կառլովի Վարիի երկրամաս?, Ուստեցկի տարածաշրջան?, Լիբերեցի երկրամաս?, Կրալովեգրադեցկի երկրամաս?, Պարդուբիցեի երկրամաս?, Վիսոչինի ծայրամաս?, Հարավային Մորավիայի շրջան?, Olomouc Region?, Moravian-Silesian Region? եւ Զլինի երկրամաս?
Prime Minister of the Czech Republic? Petr Fiala?
Օրէնսդրական մարմին Parliament of the Czech Republic?
Հիմնադրուած է՝ 1 Յունուար 1993
Առաջին յիշատակում 9 դար
Տարածութիւն 78 866 քմ²
ջրայինը 2 տոկոս
Պաշտօնական լեզու Չեխերէն
Բնակչութիւն 10 827 529 մարդ (1 Յունուար 2023)[1]
Կը գտնուի ափին Մորավա?, Thaya?, Olza?, Օդրա?, Opava? եւ Jizera?
Ժամային գօտի UTC+1
Շրջագայութեան պետ-համարագիր CZ
Անուանուած է Չեխ
Պաշտօնական կայքէջ czechia.eu(անգլերէն)

Պատմութիւն

Պետութիւնը յառաջացած է երկու պատմական շրջաններու՝ Մոռավիոյ եւ Պոհեմիոյ, ինչպէս նաեւ Սիլեզիոյ մէկ մասին միաւորման իբրեւ արդիւնք։ Չեխական հողերուն մասին առաջին յիշատակումները կը վերաբերին Ք.Ե. Թ. դարուն։ Այդ օրերուն, այդ հողերուն վրայ յառաջացած է առաջին միաւորուած պետութիւնը՝ Պրժեմիսլովիչներու թագաւորութեամբ։ Այդ պետութիւնը կը կոչուէր Պոհեմիական Թագաւորութիւն։ Անիկա բաւական հարուստ եւ հզօր էր, սակայն ԺԵ. եւ ԺԷ. դարերուն ծագած կրօնական հակամարտութիւններու հետեւանքով, անիկա անկում կ'ապրի։ Որոշ ժամանակ մը ետք բոլոր հողերը կ'անցնին Հապսպուրկներու ազդեցութեան տակ եւ կը մտնեն Աւստրօ-հունգարական կայսրութեան կազմին մէջ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմէն ետք՝ 1918-ին, Չեխիա, միաւորուելով Սլովաքիոյ եւ Անդրկարպատեան Ռուսիոյ հետ, կը հիմնէ նորանկախ Չեքոսլովաքիոյ հանրապետութիւն։ 1938-ին Միւնհենեան պայմանագիրով Սլովաքիա դուրս կու գայ Հանրապետութենէն, իսկ 1939-ին Գերմանիա կը գրաւէ ողջ Չեքոսլովաքիան, դարձնելով զայն Մոռավիոյ եւ Պոհեմիոյ ենթակայ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին Գերմանիոյ պարտութենէն ետք, Չեքոսլովաքիա կ'անցնի Խորհրդային Միութեան ազդեցութեան տակ եւ մուտք կը գործէ ընկերային ճամբար։ 1968-էն շրջանառութեան մէջ կը մտնէ Պրահեան գարուն արտայայտութիւնը, երբ 21 Օգոստոսի գիշերը Վարշավեան պայմանագիրի անդամ խորհրդային հինգ հանրապետութիւններու զօրքերը կը հատեն Չեքոսլովաքիոյ սահմանը՝ ազատական տրամադրուած բնակչութիւնը ճնշելու նպատակով։ Փողոց կ'ելլեն շարքային քաղաքացիները։ Դիմադրութիւնը կը տեւէ ընդամէնը երկու օր, ապստամբութիւնը կը ճնշուի։ 1989 -ին Չեքոսլովաքիա Թաւշեայ յեղափոխութեան հետեւանքով կը շեղի զարգացման ընկերվարական ուղիէն։ 1 Յունուար 1993-ին երկիրը խաղաղ ձեւով կը բաժանուի երկու մասի՝ յառաջացնելով անկախ Չեխոյի եւ Սլովաքիոյ պետութիւններ։

Ծանօթագրութիւններ

-1'> Český statistický úřad Počet obyvatel v obcích – k 1. 1. 2023Praha: ČSÚ, 2023.
  • Šitler Jiří (12 July 2016)։ «From Bohemia to Czechia»։ Czech Radio (Անգլերէն)։ արտագրուած է՝ 1 June 2021 
  • Tags:

    ԱւստրիաՍլովաքիաՓոլոնիա

    🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

    Մայքըլ ՇումախըրԼուվր Ապու ՏապիԱրաքս (գետ)ՈւիքիփետիաԹոշիպաՍուազիլանտՂլարոս, ԱղաթոնիսիԼայզա ՄինելլիԿարին15 ՕգոստոսՕրորա (մրցանակ)Սկովտիական ՈւիսքիՌանչպարների ԿանչըՇինզոյ ԱպէՍեւրի ԴաշնագիրԽաղողՄիացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն1766 թուականՖերենց ՔեմենիՅակոբ ՕշականՀրայր ԴժոխքՀոգեկան առողջութիւն19 ԱպրիլԳրիգոր Եաղջեան300 (թիւ)Նոր ՋուղաՃասթըն ԹրուտօՀանրի ՎերնէօյՎրացերէնՍահակ Արք․ ԱյվազեանՍպիտակ ԱրջԱրմէն ՄազմանեանՄարիա ՃէյքըպսընԳիրերու ԾնունդըՀառիճի վանքՆերսէս ՎիրապեանՊարսից ԾոցՄեսրոպ ՆուպարեանԱհաբեկչութեան Դէմ ՊատերազմԵրկրորդ Համաշխարհային ՊատերազմԼոռի (մարզ)ԿարսԱրշակ ՖեթվաճեանԹիթիքաքաՀիւլէՀայկական ՏոմարԱվափթիսթօ, ԱրքիԱնգլիոյ Հեռացումը Եւրոպական ՄիութենէնՔոլիսէոմԼիմաՄեռեալ ԾովԱրտաշէս Աբեղեան25 ՅուլիսԱլմոնասթըր Լա ՌիալԱրտեմ ՓաթափութեանԿարմրախտ-Շառագոյն ՏենդԿիրակոս ԳանձակեցիՀայաստանի Ազգային Անվտանգութեան ԾառայութիւնԻջեւանՍիրուն Երէցեան9 ԱպրիլԱրա ՅարութիւնեանՎլատիմիր ՓութինԼեւոն ՂալումեանՆեղոս գետ🡆 More