Օգոստոս

Օգոստոս նաեւ՝ Աւգոստոս, տարուան ութերորդ ամիսը՝ ըստ Գրիգորեան օրացոյցին, ունի 31 օր։ Օգոստոս բառը կը ծագի Օգոստոս կայսեր անունէն։

Օգոստոս


Այս ամիսը նախապէս լատիներէն Sextilis կոչուած էր, քանի որ ան Ք.ա. 753-ին ստեղծուած հռոմէական տասնամսեայ օրացոյցին վեցերորդ ամիսը եղած էր, երբ Մարտը կը համարուէր առաջինը: Ք.ա. շուրջ 700-ին անիկա կը դառնայ ութերորդը, երբ Նումա Պոմպիլիուսին կողմէ Մարտէն առաջ Յունուարն ու Փետրուարը կ'աւելացուին: Ք.ա. 45-ին Յուլիոս Կեսար Յուլեան օրացոյցը ստեղծելու ատեն կ'աւելցնէ երկու օր, անոր տալով ներկայի 31 օր երկարութիւնը: Ք.ա. 8-ին անոր կը տրուի Աւգոստոս կայսեր անունը (հակառակ տարածուած կարծիքին, Փետրուար ամիսէն օր չէ վերցուած): Հռոմի Սենատը այս որոշումը կայացուցած է այն պատճառով, որ այս ամիսը եղած է անոր ամէնէն մեծ յաղթանակներու ամիսը, որոնցմէ ամէնէն կարեւորն է՝ Եգիպտոսի նուաճումը:

Պատմական Հայաստանի մէջ Օգոստոսը եղած է տարուան առաջին ամիսը եւ կոչուած՝ Նաւասարդ։

Անունը այլ լեզուներով

Եւրոպական լեզուներուն մէջ՝ Օգոստոս անունը, հիմնականօրէն, կը համապատասխանէ լատինական աւանդոյթին։ Սակայն կան նաեւ բացառութիւններ. այսպէս՝ ֆիններէն կը կոչուի elokuu՝ «հացի ամիս», արեւելա-սլավոնական լեզուներուն մէջ՝ անունը կապուած է «մանգաղ» նշանակող բառին հետ, Ուքրաներէն՝ серпень, լեհերէն՝ sierpień, չեխերէն՝ srpen։

Oգոստոս Ամսուան կենդանակերպերը

  • Մինչեւ 22-ը՝ Առիւծ
  • 23-էն ետք՝ Կոյս

Օգոստոս Ամսուան Տօները

  • 3 Օգոստոս՝
  • 5 Օգոստոս՝
    • Պուրքինա Ֆասօ՝ Անկախութեան Օր (Ֆրանսայէն, 1960)
  • 6 Օգոստոս՝
    • Ճափոն՝ Հիրոշիմայի Խաղաղութեան Արարողութիւն
    • Անկախութեան Օր՝
      • Օգոստոս  Պոլիվիա (Սպանիայէն 1825)
      • Օգոստոս  Ճամայքա (Միացեալ Թագաւորութենէն 1962)
Օգոստոս 
Հունձք
Զինաիտա Սերեպրեաքովա, 1915

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Օգոստոս Անունը այլ լեզուներովՕգոստոս Oգոստոս Ամսուան կենդանակերպերըՕգոստոս Ամսուան ՏօներըՕգոստոս ԾանօթագրութիւններՕգոստոսԲառ

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

ԷսթոնիաԱշխապատԳառզուՌուբէն ՍեւակԱրաբական Միացեալ ԷմիրութիւններՔուալա ԼամփուրՎահրամ ՓափազեանՄիացեալ Ազգերու ԿազմակերպութիւնՍ. Գրիգոր ԼուսաւորիչՄոսկուաԼուսանկարչութիւնԿրեմմի ՄրցանակՆիքիթա ԽրուշչովԱշոտ Ա. ԲագրատունիՔեմպրիճ1626 թուականԿեչառիսի Վանքային ՀամալիրՊոլիսՍեֆեան ՊարսկաստանԼէօ Թոլսթոյ21 ՅունուարԿարսԱկանջաբզզիւնՏիգրան ԿամսարականՎարդավառԳիրքԱրեգակնային Դրութիւն309 (թիւ)Սեդրակ ԱռաքելեանԲաբելոնՀրաբուխՄիւնիխՐաֆֆիՆիսՆիկոսիա20 ՍեպտեմբերԳառնիի Հեթանոսական Տաճար1789 թուականՏալասԵություպՔանատա20 ՅուլիսՄխիթար ՍեբաստացիՄիջագետքԵւրոպական ՄիութիւնԵնովք Եղիսէեան15 ՄարտՄիհրԾխախոտՃոն ՆաշՍուրբ Ամենափրկիչ Վանք (Նոր Ջուղա)ԾաղկաձորՈւիլիըմ ՍարոյեանՆԱՍԱՀրազդան գետՎանաձորԳուրգէն ՄահարիՏնտեսութիւնՇուշիի բերդՄոզիլլա ՖայրֆոքսՄիքայէլ ՎարանդեանՄիսաք ԹորլաքեանՎաղարշապատՖլորիտաՅունաստանԵրուխանԱւստրալիաՕհայoՀայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային Բաժանում127 (թիւ)1908 թուականՖրիտիոֆ Նանսեն🡆 More