Սպիտակ Տուն, ԱՄՆ նախագահի պաշտօնական նստավայրը, բնակավայրը՝ տեղակայուած ԱՄՆ-ի մէջ՝ Փենսիլվէնիա պողոտայ 1600, Ուաշինկթըն նահանգին մէջ։ Այս տան մէջ ապրած են ԱՄՆ-ի նախագահները 1800 թուականէն ի վեր՝ Ճոն Ատամզէն սկսեալ։
Թէև Սպիտակ Տան մէջ բնակած անասուններու պատմականը բծախնդրօրէն չէ արձանագրուած, բայց յստակօրէն այնտեղ ապրած են ագարակի անասուններ, որսորդական շուներ, ազնուատոհմ ձիեր ինչպէս նաև նուէր ստացուած այլ անասուններ:
Ամերիկայի նախագահ Ճէյմզ Պիւքէնըն նուէր ստացած էր փիղեր, իսկ նախագահ Մարթըն Քէն Պիւրըն վագրի զոյգ մը ձագեր։
Կը կարծուի, թէ նախագահ Ճոն Քուինսի Ատամզ նուէր ստացած էր կոկորդիլոս մը, զոր ամիսներով պահած էր Սպիտակ Տան սենեակներէն մէկուն մէջ։
Նախագահ Ուտրոու Ուիլսըն ունէր ոչխարներու հօտ մը, իսկ նախագահ Ուիլիըմ Թաֆթ կով մը։
Ամէնէն առանձնաշնորհեալ անասուններէն մին եղած է Ուորըն Հարտինկին շունը, որ իր անձնական աթոռը ունեցած է «Ռուզվէլթի Սենեակ»-ին մէջ և դարձած` առաջին հռչակաւոր պ:ահուած անասունը
Ամերիկայի նախագահ Քէլվին Քուլինճին կինը ունէր Ռէպէքա անունով անձնական raccoon մը:
Մինչ նախագահ Ռուզվէլթի գայլաշունը իր վրայ հաւաքեց լրատուութեան ուշադրութիւնը և քիչ մնաց երբ այցելութեան մը ընթացքին պատռեց ֆրանսայի դեսպանին տաբատը։ Այդ դէպքէն ետք, շունը հեռացուած է պալատէն։ Նախագահ Ռուզուէլթը պահած է 30 անասուններ, ներառեալ իշուկ մը։ Երբ նախագահը մանչը անհանգստացած է, նախագահը հրահանգած է Սպիտակ Տան վերելակով իշուկը փոխադրել մանչուկին ննջասենեակը։
This article uses material from the Wikipedia Արեւմտահայերէն article Սպիտակ Տուն, which is released under the Creative Commons Attribution-ShareAlike 3.0 license ("CC BY-SA 3.0"); additional terms may apply (view authors). Բովանդակությունը թողարկված է CC BY-SA 4.0 թույլատրագրով, եթե այլ բան նշված չէ։ Images, videos and audio are available under their respective licenses.
®Wikipedia is a registered trademark of the Wiki Foundation, Inc. Wiki Արեւմտահայերէն (DUHOCTRUNGQUOC.VN) is an independent company and has no affiliation with Wiki Foundation.