Արաբերէն

Արաբերէն (արաբերէն՝ العَرَبِيَّة‎, ʻարապիյեահ կամ արաբերէն՝ عَرَبِيّ‎ ʻարապի) սեմական լեզու մըն է, որ հնագոյն ժամանակներէն տարածուած էր Արաբական թերակղզիի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ, իսկ ներկայիս «լեզուական կամուրջ» (լատ.՝ lingua franca) մը կը հանդիսանայ Արաբական աշխարհին համար: Անիկա իր անունն ստացած է արաբներ անունով ժողովուրդէն, որ կ'ապրէր Միջագետքէն մինչեւ լիբանանեան լեռները եւ Սինայի թերակղզին:

Արաբերէնը Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան վեց պաշտօնական լեզուներէն մեկն է, եւ Արաբական Երկիրներուն Լիկայի լեզուն:

Նշանակութիւնը

Ներկայիս գրական լեզուն կ'ուսուցանուէ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս եւ տարբեր աստիճաններով կը գործածուէ աշխատավայրերուն, կառավարութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն մէջ: Անիկա պաշտօնական լեզու կը հանդիսանայ 26 երկիրներուն համար եւ իսլամի արարողական լեզուն է:

Միջին դարուն գրական արաբերէնը մշակութային լեզու մըն եղած է Եւրոպային մէջ, յատկապէս գիտութեան, թուաբանագիտութեան եւ իմաստասիրութեան մէջ: Որպէս հետեւանք, շատ եւրոպական լեզուներ նաեւ անկէ շատ բառեր փոխառած են: Արաբական ազդեցութիւնը, նամանաւանդ, բառապաշարին մէջ, կ'երեւի եւրոպական լեզուներուն, առաւելապէս, սպաներէնին վրայ, պակաս չափով՝ փորթուկալերէնին, վալենսերէնին եւ քաթալաներէնին վրայ: Սիկիլիաներէնը կը պարունակէ շուրջ 500 արաբերէն բառեր: Պալքանեան լեզուները, ներառեալ յունարէնը, պուլկարերէնը նմանապէս փոխառած ունեն բազմաթիւ արաբերէն բառեր, որոնք այդ լեզուներուն օսմանեան թրքերէնի միջոցաւ անցած են:

Խօսողներուն Թիւը

Խոշորագոյն արաբախօս երկիրները, անոնց բնակչութիւնը եւ կարդալ-գրել իմացողներու տոկոսային մասը՝

Գիրերը

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Արաբերէնին մէջ կը կիրառուեն արաբական գիրերը:

Բառակազմութիւն

Արաբերէնին մէջ սովորական է բառերուն կազմաւորումը հիմնական արմատներէն: Բառամատները սովորաբար, կ'ունենան երեք բաղաձայններ, որոնցով կը ձեւաւորուեն զանազան բառերը: Զորօրինակ, «Ես գրած եմ» բառը կը կազմուէ համատեղելով ք-թ-պ բաղաձայններէն կազմուած «գրել» բառը ա-ա-թու կաղապարով՝

  • քաթապթու՝ Ես գրած եմ
  • քաաթապթու՝ Ես գրագրութիւն կ'ընեմ (մեկին հետ)
  • աքթապթու՝ Ես թելադրած եմ
  • իքթաթապթու՝ Ես ստորագրած եմ
  • թաքաաթապնաա՝ Մենք կը գրագրուենք միմեանց հետ
  • աքթուպու՝ Ես կը գրեմ
  • ուքաթթիպու՝ Բան մը գրած եմ
  • ուքթիպու՝ Կը թելադրեմ
  • աքթաթիպու՝ Կը ստորագրեմ
  • քոթիպա՝ Անիկա գրուած է
  • ուքթիպա՝ Անիկա թելադրուած է
  • մաքթուպ՝ Գրուած
  • մուքթապ՝ Թելադրուած
  • քիթաապ՝ գիրք
  • քոթուպ՝ գրքեր
  • քաաթիպ՝ գրագէտ
  • քութթաապ՝ գրագէտներ
  • մաքթապ՝ գրասենեակ
  • մաքթապահ՝ գրադարան
  • եւ այլն

Սովորական Արտայայտութիւններ

Արտայայտութիւն Հայագիր ձեւը Թարգմանութիւն
العربية ալ-արապիյեահ արաբերէն
مرحباً մարհապա: բարեւ
أهلاً وسهلاً ահլան-ուասահլան բարի եկաք
السلام عليكم աս-սալաամու 'ալայքում խաղաղութիւնը (ըլլայ) ձեր հետ
كيف حالك؟ քայֆա հալուքա/հալուքի ինչպէ՞ս էք
مع السلامة մա'ա աս-սալաամահ ցտեսութիւն
من فضلك մին ֆատլաք/ֆատլիք խնդրեմ
شكراً շուքրան շնորհակալ եմ
لا أعرف լաա աʻրիֆու չեմ գիտեր

Ծանօթագրութիւններ

Tags:

Արաբերէն ՆշանակութիւնըԱրաբերէն Խօսողներուն ԹիւըԱրաբերէն ԳիրերըԱրաբերէն ԲառակազմութիւնԱրաբերէն Սովորական ԱրտայայտութիւններԱրաբերէն ԾանօթագրութիւններԱրաբերէնԼատիներէնԼսելԿաղապար:Տեղեկաքարտ ԼեզուՊատկեր:Al arabic.oggՊատկեր:Arabi.ogg

🔥 Trending searches on Wiki Արեւմտահայերէն:

Մարսէյլ1850 թուականՄիսաք ՄեծարենցԵրուխանԼեւոն ՇանթՏաթեւի ՎանքԱշոտ Բ․ ԵրկաթԳերմաներէնԲարդ բառերԿրեմմի Մրցանակ1997 թուականԿովՁմերուկԱնգլերէնԻրանՄեռեալ ԾովAirbus A380ԱռիւծՑուլ (կենդանակերպ)7 ԱպրիլԱնանիա ՇիրակացիՃորճ ՊայրընԵրկուշաբթիՈղիմպիական ԽաղերՀամշէնցիներ5 ՅունիսՀայկական ՏոմարՍ. Ղազար կղզիՆիւ ԵորքՄիհրԱրաբական Աշխարհ17 ՄարտԱշխապատՑեղասպանութիւն9 ՅուլիսԵբրայերէն16 ՅունուարՇուշիի Ազատագրումը (1992)ՆիսԻսրայէլ ՕրիԱտոլֆ Հիթլեր1 ՄայիսՊենֆիքա (Ֆութպոլային Ակումբ)Արաբական Թիւեր1932 թուական12 ՄարտԲժշկութիւնԱսիաՎատիկանԳագիկ Ա.15 ԱպրիլՈւզպեքիստանԺայռապատկերՓորթուկալՀայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձաններու ՑանկՍրբոց Նահատակաց Եկեղեցի (Դաւթաշէն)Գարեգին ՆժդեհԺորժ ԿառվարենցԱնգլիաՖինլանտաՀայկ (անձնանուն)Ծաղիկ (թերթ)Խորէն Ա.Հայաստանի Հանրապետութեան Վարչատարածքային ԲաժանումՇուշիի բերդԶարթօնք (վէպ)Սիւնիքի մարզՎլատիմիր Լենին1992 թուականՆիկոսիաՀայ Աւետարանական Եկեղեցի7 ՆոյեմբերԿանանց Միջազգային Օր1792 թուականՊիթքոյնՍողոմոն Թեհլիրեան1949🡆 More